Jump to content

Կայծ (ամսագիր)

Կայծ
Տեսակ հանդէս
Լեզու արեւմտահայերէն
Խմբագիր Ե. Ամատունի, Ա. Կիտուր, Հ. Գալճեան
Հիմնադրուած է Ապրիլ 1911
Երկիր  Օսմանեան Կայսրութիւն
Հրատարակման վայր Կոստանդնուպոլիս

Կայծ, հասարակական, գիտական, գրական ամսաթերթ։ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Կոստանդնուպոլսոյ (այժմ՝ Իսթանպուլ) ուսանողական միութեան օրգան։ Լոյս տեսած է 1911-1914 թուականներուն, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ (խմբագիրներ՝ Ե. Ամատունի, Ա. Կիտուր, Հ. Գալճեան)։

Տպագրած է Կարլ Մարքսի եւ Ֆրիդրիխ Էնգելսի երկերէն, Գէորգի Պլեխանովի «Անիշխանական վարդապետութեան պատմական զարգացումը» գործը։ Պատմած է ԷՌՄԳԲԿ 2-րդ համագումարի գործունէութեան, պոլշեւիզմի եւ անոր հակառակորդներու մասին։

1913 թուականին համար նուիրած է Կարլ Մարքսի մահուան 30-ամեակին, տեղեկութիւններ հաղորդած էնգելսի, Լիբկնեխտի, Լաֆարգի, Բեբելի, Ցետկինի, Կաուցկիի, Պլեխանովի մասին։

«Կայծեր»-ին թղթակցած են կին լրագրողներ՝ «հայուհու կեանքի եւ պայքարի, թուրք կնոջ զարթօնքի մասին» նիւթերով։ Թերթը ներկայացուցած է նաեւ հնչակեան ուսանողական միութեան «ծրագիր-կանոնագիրը»՝ յեղափոխական երիտասարդութեան քաղաքական, գաղափարական եւ տնտեսական պայքարի ուղիներու եւ խնդիրներու վերաբերեալ։ Պատմած է Ռուսաստանի հասարակական-քաղաքական կեանքի, յեղափոխական շարժումներու մասին։ Աշխատակցած են դոկտոր Պեննէն, Ա. Կիտուրը, Վ. Զէյթունեանը, Պ. Մանուէլեանը, Ա. Կենճեանը եւ ուրիշներ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։