Jump to content

Կաղապար:Արդեօք Գիտէ՞ք

Սարկասօ ծովը
  • ․․․ որ գիրքեերը միջազգային չափանիշի թիւ ունին, որ թուային հանրային գիրքի ստուգիչ թիւն է ու իւրայատուկ է ամէն մէկ գիրքի համար։
  • ․․․ որ Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատը 115 անգամ ռազմական գործողութիւններու ենթարկուած է եւ 44 անգամ գետնին հաւասարեցուած է։
  • ․․․ որ Իսրայէլը Յորդանան գետի արեւմտեան ափէն բաժանուած է մօտ 700 քմ երկարութեամբ պատով մը։
  • ․․․ որ Սարկասօ ծովը աշխարհի միակ ծովն է, որ ափ չունի: Ան Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ 1000 քմ լայնք եւ 3200 քմ երկայնք ունեցող տարածք մըն է, որ շրջապատուած է ծովային հոսանքներով:
  • ․․․ որ Հին Հռոմի մէջ տարին կը սկսէր Մարտ ամսուն: