Jump to content

Խօսնակ (ամսագիր)

(Վերայղուած է Խօսնակ (Ամսագիր)-էն)
Խօսնակ
Տեսակ գրական, հասարակական եւ տեղեկատու ամսագիր
Հրատարակման վայր Պէյրութ

Խօսնակ, գրական, հասարակական եւ տեղեկատու ամսագիր։ ՀԲԸՄ Լիբանանի շրջանային յանձնաժողովի եւ Հայ երիտասարդաց ընկերութեան (ՀԵԸ) կեդրոնական վարչութեան օրգան։

Լոյս կը տեսնէ 1957-էն, Պէյրութի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ա. Մակարեան, Ս. Մինասեան։

«Խօսնակ (Ամսագիր)» իր պաշտօնաթերթով կը Լուսաբանէ ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի գործունէութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ։ Նիւթեր կը տպագրէ Հայաստանի տնտեսութեան, գիտութեան ու մշակոյթի նուաճումներուն մասին։ Հայաստանը համարելով ազգապահպանման հիմնական կռուան՝ ձգտելով ամրապնդել հայրենիք-սփիւռք կապերը։

«Խօսնակ»ի պաշտօնաթերթով լոյս տեսնող յօդվածներու մեծ մասը նուիրուած են ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Կիպրոսի մէջ իրենց մասնաճիւղերու մարզական, մշակութային եւ կրթական գործունէութեան լուսաբանութեանը։

Նիւթեր կը տպագրուի նաեւ Հայաստանի տնտեսական, գիտական ու մշակութային կեանքի վերաբերյալ։ Պարբերաբար լոյս ընծայելով օտարալեզու (արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն) երիտասարդական յաւելուածներ։

Անցեալին իբրեւ «Խօսնակ»ի յաւելուած լոյս տեսած են նաեւ «Խօսնակ պատանեկան» (1969-1975 եւ 1982-1987, խմբագիրներ՝ Զարեհ Թիւթիւնճեան, Ալպէր Գարամանուկեան) եւ «Երիտասարդ խօսնակ» (1989, խմբագիրներ՝ Ռաֆֆի Ճիկերեան, Զաւէն Նանէճեան) ուսանողական-երիտասարղական պարբերաթերթերը։

2006-էն ի վեր «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիրն է Համբիկ Մարտիրոսեանը:

2017-ին Խօսնակը դարձաւ 60 տարեկան:

Տպաքանակը մօտ 1100 է, որմէ 600-ը կը սփռուի Լիբանանի մէջ, մնացեալ 500-ըՙ ամբողջ աշխարհը