Jump to content

Խորէն Աւագ Քհնյ. Գուլիկեան

(Վերայղուած է Խորէն Ա. Քհնյ. Գուլիկեան-էն)
Խորէն Աւագ Քհնյ. Գուլիկեան
Ծնած է 1896
Ծննդավայր Զէյթուն, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1972

Խորէն Աւ. Քհնյ. Գուլիկեան (աւազանի անունով՝ Խորէն, որդի Թադէոսի, 1896, Զէյթուն, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1972), Երեք տարեկանին որբացած է հօրմէն ու մեծցած է մեծ հօր խնամատարութեան ներքեւ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է նախ ծննդավայրի թաղային ծաղկոցին եւ ապա Կեդրոնական Բարձրագոյն նախակրթարանին մէջ։ Աւետարանական տարին, շնորհազարդ Սահակ Բ. Կաթողիկոս հովուապետական այցելութիւն կու տայ Զէյթուն եւ այդ առիթով Խորէն կը ներկայանայ Վեհափառին ու կը խնդրէ Դպրեվանք ուսանիլ։ Կաթողիկոսը քննութենէ անցընելէ ետք զինք, կը ղրկէ Սիսի Ժառանգաւորաց վարժարանը՝ կուսակրօն եկեղեցական պատրաստուելու համար։

Ա. Աշխարհամարտին կ’աւարտէ Ժառանգաւորացի քառամեայ շրջանը ու կը մտնէ ընծայարան, ուր երկու տարի յաճախելէ ետք, չի կրնար շարունակել 1915-ի տարագրութեան պատճառով։

Խորէն կարգ մը միարարներու հետ կ’աքսորուի։ ան միաբանութեան ընկերակցութեամբ՝ 23 օր կը ճամբորդէ գոմէշի կառքերով, իր հետ առած Լուսաւորիչի Աջը, Ս. Միւռոնի կաթսան ու այլ սրբազան անօթներ։ Բազում դժուարութիւններէ ետք կը յաջողի զանոնք փոխադրել Հալէպ։ Սակայն ճամբորդութեան պատճառով Խորէն Թայֆոյտէ բռնուելով կը հիւանդանայ ու կը փոխադրուի հիւանդանոց։

Նոյն ժամանակամիջոցին, Վեհափառ Հայրապետն ու Կիլիկեան Աթոռի միաբաններ կ’աքսորուին նախ Իտլիպ եւ ապա Երուսաղէմ։

Խորէն կը մնայ հիւանդ ու անտէր, որովհետեւ ծնողքն ու բոլոր պարագաները արդէն Տէր Զօր աքսորուած ջարդուած էին։

Նման պարագաներու բերումով Խորէնին վանական կեանքը վերջ կը գտնէ։ Հակառակ Գիւտ Եպս. Մխիթարեանի զինք ու Հալէպ գտնուող իր դասընկերները Երուսաղէմ կանչելուն՝ անկարելիո կ’ըլլայ Դպրեվանք երթալ։

Ան աւելի քան մէկ ու կէս տարի շատ խեղճ ու հալածուած կեանք մը ապրել ետք, կը յաջողի մտնել Գերմանացիներուն քով։ Առիթէն օգտուելով կը սորվի գերմաներէն ու կը հետեւի հոգեբանական եւ մանկավարժական դասերու։ Այստեղ կը պաշտօնավարէ մինչեւ անգլիական բանակին մուտքը Հալէպ։

1918-ի զինադադարին, ան կ’անցնի Տէօրթ Եօլ եւ իբրեւ ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ տեղւոյն Ազգ. Վարժարանին մէջ։ Տարիներու իր նիւթական խնայողութեամբ կ’ամուսնանայ ու կ’ունենայ չորս աղջիկներ եւ մէկ որդի։

1920-1921 Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, ան ընտանեօք կը տեղափոխուի Հալէպ, ուր չորս տարիներ յաջորդաբար ուսուցչութեան պաշտօն կը վարէ Կիլիկեան ու Հայկազեան վարժարաններուն մէջ։

1925-ին կը հրաւիրուի Հոմսի Ազգ. Վարժարանին մէջ տնօրէնութեան եւ ուսուցչութեան զոյգ պաշտօններ վարելու։

Երկու տարի ետք, իր փափաքով ու Վեհափառին բարեհաճ հաւանութեամբ կը կոչուի քահանայութեան։

Իր ձեռնադրութիւնը ու օծումը տեղի կ’ունենայ Սահակ Բ. Կաթողիկոսի ձեռամբ, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, 25 Սեբտեմբեր 1927-ին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, կոչուելով աւազանի անունով՝ Տէր Խորէն։

Քառասնօրեայ շրջանը լրանալէն ետք, Վեհափառրին տնօրրինութեամբ, Տէր Խորէն կը նշանակուի հոգեւոր հովիւ հարաւային Լիբանանի Տիւրոսի եւ Սիդոնի հայութեան եւ տնօրէն-ուսուցիչ՝ տեղւոյն Ազգ. Վարժարանին։

Երեք տարիներու ծառայութենէ ետք, 1930-ին, Քըրըխանի ժողովուրդին միահամուռ փափաքին ու պնդումին վրայ, Սահակ Կաթողիկոսի արտօնութեամբ կը տեղափոխուի նոր շրջանը։

Քըրըխանի մէջ կային աւելի քան հազար հայ ընտանիքներ, որոնցմէ երեք հարիւր ընտանիք բողոքական ու կաթողիկէ դարձած էին։

Տէր հօո առաջին գործը կ’ըլլայ լաւապէս ուսումնասիրել գաղութը եւ ապա գործի անցնիլ։ Թաղականութեան ու տեղւոյն ազգայիններու հետ ձեռք ձեռքի տալով, ան կը ձեռնարկէ գաղութը կազմակերպելու, եկեղեցին ու դպրոցը վերաշխուժացնելու առաքելութեան։

Իբրեւ պատրաստուած ու փորձառու կրթական մշակ, ան կը ստանձնէ 550 երկսեռ ուսանողութիւն հաշուող Ազգ. Վարժարանի տեսչութիւնը, զոր ձեռնհասօրէն կը վարէ մօտաւորապէս ինը տարիներ, դպրոցին բերելով կրթական նոր շունչ։

Իր քահանայագործութեան ընթացքին, յարատեւ աշխատանքով, քարոզախօսութեամբ ու ծխական այցելութեամբ կը յաջողի դաւանափոխ մեր զաւակներուն մեծ մասը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի վերադարցնել։

Հովուական, կրթական ու վարչական կեանքի մէջ արձանագրած յաջողութիւնները հեղինակութիւնը կը բարձրացնեն, կը զօրացնեն ու ժողովուրդին վստահութիւնը կը խորացնեն։

Այս գաղութին մէջ իր ծառայութիւնը կը տեւէ ինը տարի։ 1938-ին, կէկ տարի առաջ Սանճագ-Իսկէնտէրունը կը կցուի Թուրքիոյ եւ շրջանը կը պարպուի հայութենէ, Տէր հայրը հարկադրուած կը գաղթէ իր հօտին հետ ու կարճ ժամանակ մը ետք կը փոխադրուի Կիպրոս եւ հոգեւո հովիւ կը նշանակուի Նիկոսիոյ հայ գաղութին։

Ան նոր շունչով ու թափով կը սկսի քահանայագործութեան եւ իր փորձառութիւնը ի սպաս կը դնէ նոր հօտին։ Շուտով լեզու կը գտնէ տեղւոյն պատասխանատուերուն հետ ու իր գործունէութեամբ կը շահի ժողովուրդին համակրանքը։ Իբրեւ վաստակաւոր ուսուցիչ, ան կը դասաւանդէ կրօն ու գրաբար Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն|Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։ Ժամանակ մը ետք, կը վարէ նաեւ Առաջնորդական Փոխանորդի պաշտօնը (1940-էն 1946-ին)։

Առ ի գնահատանք տարիներու բարւոք իր ծառայութեան, 1937-ին, Սահակ Բ. Կաթողիկոսէն կը ստանայ Լանջախաչ կրելու իրաւունք։ 1942-ին կը ստանայ Աւագութեան տիտղոս իւ միաժամանակ կրկին ոսկեզօծ Լանջախաչ կրելու պատիւ, իսկ 1947-ին սեւ ծաղկեայ փիլոն կրելու իրւունք։

1966-ին Անգլիա փոխադրուեցաւ: Ան կը վախճանի 1972-ին եւ մարմինը կ’ամբոբւի տըղւոյն ազգ. գերեզմանատունը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։