Jump to content

Խոդեդան

Վէպ՝ ձօնուած սասունցիներուն, Սասնոյ լեռներուն, Տարօնի դաշտերուն, կորսուած հայրենիքին

«Խոդեդան», միահատոր վաւերագրական վէպ․ տպագրուեցաւ Երեւան 1956թ․, հեղինակ՝ Խաչիկ Դաշտենց։ 1950թ․ լոյս տեսաւ հեղինակին համանուն վիպակը։ «Խոդեդան»ը անոր նիւթէն քաղուած, նոր եւ ամբողջական գործ է։ Վերահրատարակուեցաւ Պէյրութ՝ 1958, Գահիրէ՝ 1958 եւ 1959, Երևան՝ 1960 եւ 2000, Թեհրան՝ 1985։ Դաշտենց վէպի առաջին տպագրութեան յառաջաբանին մէջ՝ «խօսք ընթերցողին», գրուած 28 Մայիս, 1956-ին, կը պարզէ հետեւեալները․-

«Խոդեդան»ը վէպ է մի հայ շինականի եւ նրա սերնդի մասին։․․․

Այդ մարդկանց աւագ սերունդը հետզհետէ անհետանում է։ Եթէ որեւէ հետաքրքրուող կամենայ տեսնել մէկն ու մէկին, նա պէտք է գնայ Թալինի եւ Աշտարակի շրջանի լեռնային ամենահեռաւոր գիւղերը։․․․

Թամոյին ես չեմ տեսել։ Իսկ Խոդեդանի (Ասատուրի) հետ ես հաց եմ կերել 1942 թուականի ամրանը իր ընտանեկան յարկին տակ։ Իրենց գիւղում։

Հայ շինական մը, Սասնոյ լեռները, Տարօնի շրջանը, ժողովրդավար կարգերով հայրենիքը․ կայուն առացնքներն են որոնց շուրջ կը դառնայ Խաչիկ Դաշտենցի «Խոդեդան» վէպը։

Մոտկան, Ուջան ամրոց
Սասունցի Դաւիթի արձանը, Երեւան

Պատմութիւնը բաժնուած է երկու մասերու․ ամէն մաս իր ենթաբաժանումներով։ Առաջին մասը ունի յենարան Սասունի շրջանը, իսկ երկրորդը՝ Արագածի։ Վէպը կը սկսի ու կը վերջանայ իրարու հակասող, սակայն ա՛յնքան կապուած մէկը կիւսին լրացուցիչ պատկերներով ու դէպքերով։ Մէկ կողմէն բռանգրաւուած հայրենիքին Սասնոյ շրջանը այրած, քանդուած Զորոյի տունը, հարսանեկան սնտուկէն փրկուած կապոցը եւ կիւս կողմէն՝ փրկուած կապոցի պարունակութիւնը, Զորօ-Դաւիթի տան ծուխը շարունակող ծուռը, վերածնուած ազատ հայրենիքը։

Մարաթուկ լեռ, Սասուն

Խոդեդան կամ Ասատուրը, հալածուած ինչպէս իր հայրը հարիւր քսան տարի առաջ, կը լքէ այրած պապենական տունը եւ Մոտկանէն ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Սասուն։ Անոր ճամբորդութեան ընթացքին, ընթերցողը կը տեղեկանայ պատճառներուն մասին որ զայն կը հեռացնեն հայրենական տունէն։ Նաեւ կը ծանօթանայ կորսուած հայրենիքին՝ Մուշ քաղաքին, Սասնոյ շրջանի հարստութեան․ գիւղերուն, վանքերուն, լեռներուն, բուսականութեան կեանքին, կենդանական աշխարհին, երկաթահանքերուն, պատմութեան եւ Սասունցի Դաւիթի հետ կապուած առասպելներուն, հայ հողագործին, հովիւին, արհեստագործին, ժողովուրդի կենցաղին, ապրելակերպին՝ Խոդեդանի նշանախօսութեան, հարսնախօսութեան եւ հարսանիքի նկարագրումներէն, հայ ազատագրական շարժման՝ շրջանը գործող ֆետայիներու խումբի մը գործունէութենէն եւ սասունցիներու ինքնապաշտպանութեան քաջարի կռիւներուն եւ վերջապէս դէպի արեւելեան Հայաստան գաղթի ճամբուն ընթացքին փրկուած որբերուն կամ հայկական մշակոյթի գանձերուն արկածախնդրութիւններուն։ Աշխարհագրական մանրամասնութիւնները լեցուն են բանաստեղծական նկարագրութիւններով։

Արագած

Երկրորդ մասին մէջ, սասունցիները կ՛որոնեն նոր հայրենիքը։ Կորսուած հայրենիքին կարօտը կը յագեցնէ Արագածը, իսկ պայքարը ազատութեան համար՝ ցնորական պետութիւն մը։

Վէպի կառոյցը շարունակ յետհայեցութիւն մըն է։

Վէպի հերոսը, դէմքերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վէպին հերոսը Խոդեդանն է (Ասատուրը)։ Դէմքերը․ Ջաղացպան Թամօն՝ Սասունցի Դաւիթի ջաղացքին պահապանը եւ Սասնոյ բնակիչներ, իրենց արհեստներուն ընդմէջէն։

«Խոդեդան», Խաչիկ Դաշտենց, Թեհրան՝ 1985

Ռանչպարների Կանչը

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]