Լուսին Ժամկոչեան

Լուսին Ժամկոչեան
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն Մոնրէալ, Քանատա
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական եկեղեցի
Մասնագիտութիւն Երգեցողութիւն եւ դաշնամուր (Bally Conservatoire)
Աշխատավայր Ձայնամարզութիւն, խմբավար, ուսուցչուհի, Թէքէեան Մշակ. Միութեան Կոմիտաս Երաժշտանոցի տնօրէնութիւն (Մոնրէալ)
Ծնողներ Տիգրան Ժամկոչեան

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լուսին Ժամկոչեան դուստրն է Հալէպի մէջ շեփորախումբերու հիմնադիր՝ եղբ. Տիգրան Ժամկոչեանի։ Երաժշտական մարզին մէջ իր ներդրումը ունեցած է իբր երգող, դաշնակահար, ուսուցիչ եւ ղեկավար։

Լուսին Ժամկոչեան 3 տարեկանէն սկսած է երաժշտութեան հետեւելու ընտանիքին մէջ ունենալով երաժիշտ խմբավար հայրը: Լուսին Ժամկոչեան երաժշտական ուսում ստացած է Հալէպի Պալի երաժշտանոցէն (Bally Conservatoire) (1995-2003) աւարտելով երգեցողութեան, դաշնամուրի եւ այլ գործիքներու դասընթացքները, նաեւ ձայնամարզութեան արժանանալով բարձր գնահատանքի։ Մաս կազմած է զանազան երգչախումբերու, ինչպէս՝ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին, «Նարեկացի» եւ «Ֆրանսուա Ասիզի» երգչախումբերուն։ Մաս կազմած է նաեւ զանազան եկեղեցիներու դպրաց դասերուն։

Հետեւած է 5 երգչախումբերու Soprano Vocalize ձայնով եւ ելոյթներու մասնակցած է Սուրիական նահանգներու եւ Իտալիոյ տարածքին եօթը քաղաքներու մէջ, երգչախմբային համերգներով եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ։ Հալէպի մէջ խմբավարած է զանազան միութիւններու փողերախումբերը, մասնակցելով ազգային եւ պետական ելոյթներու։ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին մէջ աւանդած է ձայնամարզութեան, «սոլֆէժ»ի, դաշնամուրի, երգեհոնի եւ ձայնափողի («թրօմփէթ»ի) դասեր։

2014-ին նշանակուած է Հալէպի “The Voice”-ի դատական կազմի անդամ։

2016-ին, նախքան Քանատա հաստատուիլը, Լիբանանի մէջ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին, Լուսին պաշտօնավարած է «Էլիաս Րահպանի»ի երաժշտանոցէն ներս, դաշնամուրի եւ սոլֆէժի դասընթացքներ տալով, նաեւ ստանձնած է Սբ. Աստուածածին եւ Սբ. Քառասուն Մանուկ եկեղեցիներու դպրաց դասերուն խմբավարութիւնը։

Մոնթրէալլի մէջ շարունակելով երաժշտական ասպարէզը կը ստանձնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ դպրապետութիւնը: Գանատայի Լաւալ քաղաքին մէջ հայկական մշակութային կեանքը աշխուժացնելու միտումով, եւ մնալով իր առաքելութեան մէջ՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սանահին մասնաճիւղը, համագործակցութեամբ՝ Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Ապրիլ 2016-ին հիմը դրաւ Համազգայինի մանկապատանեկան «Նանոր» երգչախումբին։ Խմբավարութեան պաշտօնը կը ստանձնէ Լուսին Ժամկոչեան։ 2016ին: Կը հիմնադրէ Հ.Մ.Ը.Մ. ի փողերախումբ ֆրանսական ոճով: Կը հետեւի շաբաթօրեայ վարժարանի երաժշտական դասաւանդութեան ուսուցման:

Այժմ կը վարէ Թէքէեան Մշակ. Միութեան Կոմիտաս Երաժշտանոցի տնօրէնութիւնը[1]:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Թէքէեան Մշակ. Միութեան Կոմիտաս Երաժշտանոցի Աշակերտներու Ելոյթը Թէքէեան Կեդրոնին մէջ