Jump to content

Լուսաբեր (թերթ)

«Լուսաբեր», ազգային, քաղաքական եւ գրական երկօրեայ թերթ։ Լոյս տեսած է Գահիրէի մէջ, 1904-1908 թուականներուն։ Խմբագիրներ՝ Աբգար Արփիարեան, ապա՝ Վահան Թէքէեան եւ Երուխան Սրմաքեշխանլեան։

«Լուսաբեր»-ը հիմնական ուշադրութիւնը դարձուցած է Օսմանեան կայսրութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքական կացութեան, Արեւմտեան Հայաստանի կեանքի եւ, մասնաւորապէս, հայկական հարցի լուսաբանման։ Կարեւորութիւն տուած է համաշխարհային առաջաւոր հասարակական կարծիքը հայանպաստ հունով ուղղելու խնդրին, քննադատած յետադիմական ռուսական հայատեաց մամուլը, որ հայերուն կը ներկայացնէր Թուրքիոյ մէջ քրտերուն կեղեքելու, Ռուսաստանի մէջ՝ միւս ժողւուրդներուն շահագործելու սադրիչ մեղադրանքներ։ Միաժամանակ քննադատած է միջազգային դիւանագիտութիւնը եւ մեծ տէրութիւններուն, որոնք յանուն իրենց շահերու հայկական հարցը կը շահարկեն Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու համար։ «Լուսաբեր»-ի կարծիքով, Եւրոպայի օգնութեամբ ազատագրուելու սին յոյսերէն ձերբազատուիլը հայ ժողովուրդին կը մղէր ապաւինելու սեփական ուժերուն։ Բազմաթիւ հրապարակումներում ցոյց տուած է արեւմտեան Հայաստանի հիմնական բնակչութեան՝ հայերու տնտեսական եւ քաղաքական ծանր դրութիւնը, յորդորած հայրենակիցներուն՝ չլքել երկիրը։ Հայկական հարցի համար կործանարար համարած է Արեւելեան Հայաստանի հայութեան մասնակցութիւնը ռուսական յեղափոխական շարժումներուն, որոնք ոչ մէկ կապ չունէին հայերու կենսական խնդիրներու հետ։

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։