Jump to content

Լոլիկ

(Վերայղուած է Լոլիկ (արեւմտահայերէն)-էն)

Լոլիկ (Solanum lycopersicum), մորմազգիներու (Solanaceae) ընտանիքին պատկանող մշակաբոյս է։

Կը համարուի աշխարհի ամենատարածուած եւ արժէքաւոր բանջարեղէններէն մէկը։ Կ'օգտագործուի տարբեր տեսակի կերակուրներու մէջ՝ եփած, խորոված, թարմ, որպէս աղցան, ինչպես նաեւ թթու եւ աղ դրուած ձեւով։

Լոլիկը ընդհանրապէս կ'օգտագործուի պահածոներու արդիւնաբերութեան մէջ։ Լոլիկէն կարելի է պատրաստել լոլիկի մածուկ, Katch up, թացաններ եւ այլն։ Մեծ տարածում ունի նաեւ լոլիկի հիւթը, որ արժէքաւոր եւ կենսանիւթերով հարուստ զովացուցիչ խմիչք է չափահասներու եւ հարուստ սննունդ՝ երեխաներու ու հիւանդներու համար։

Լոլիկը օժտուած է համային բարձր յատկութիւններով, հարուստ է կենսանիւթերով (A, B, C, pp), oրկանական թթուներով (կիտրոնաթթու եւ խնձորաթթու) եւ հանքային աղերով (Ca, Na, Mg, Fe եւ այլն)

Լոլիկի հայրենիքը Հարաւային Ամերիկան է՝ Բերուն,[1][2] Պոլիվիան եւ Էքուատորը, ուր այժմ ալ կարելի է հանդիպիլ լոլիկի վայրի եւ մշակովի բազմաթիւ տեսակներու։ Ազթեքներու լեզուով լոլիկը կոչուած է Zitomate, ուրկէ յառաջացած է եւրոպական շատ մը երկրներու մէջ տարածուած թոմաթ անուանումը։ Լոլիկը Եւրոպա ներածուած է 16-րդ դարու առաջին կէսերուն եւ առաջին հերթին տարածուած է Սպանիոյ, Փորթուգալի եւ Իտալիոյ մէջ։ Եւրոպացիները բոյսը կոչած են pommo d' oro («ոսկեխնձոր»)։ Սկզբնական շրջանին լոլիկը՝ բուսաբանական այգիներուն մէջ մշակուած է որպէս զարդային բոյս։ 18-րդ դարու վերջերուն՝ որպէս բանջարային բոյս, սկսած են մշակել Սպանիոյ, Իտալիոյ, Փորթուգալի, այնուհետեւ՝ Ֆրանսայի, Դանիոյ եւ եւրոպական այլ երկրներու մէջ։

Շուկային մէջ վաճառուող լոլիկ

Լոլիկը Հայաստանի մէջ կը մշակուի կլիմայական բոլոր գօտիներուն մէջ, բայց անոր արդիւնաբերական մշակումը հիմնականին մէջ կեդրոնացած է Արարատեան հարթավայրի շրջաններուն մէջ, ուր կը գտնուին նաեւ պահածոներու գործարանները։

Բուսաբանական նկարագրութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լոլիկը միամեայ բոյս է, պատկանում է մորմազգիներու ընտանիքին (Solanaceae)։ Ծլելէն մինչեւ առաջին պտուղներու հասունացումը կը տեւէ 90-125 օր, նայած տեսակին, կլիմայական պայմաններուն եւ մշակման եղանակին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սեմ Քոքս (դեկտեմբեր, 2000 թ.) I Say Tomayto, You Say Tomahto......
  2. Սմիթ Էնտրու (1994 թ.)։ Լոլիկը Ամերիկայի մէջ՝ առաջին օգտագործողները։ Քոլոմպիա, ԱՄՆ: Հարաւային Գարոլինայի համալսարան։ ISBN 1-5700-3000-6