Լիմուզին
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |

Mercedes-Benz W220 լիմուզին
Լիմուզին, մարդատար մեքենայի տարատեսակ, որուն ներսը սովորաբար վարորդին նստատեղը միջնապատով առանձնացուած է ուղեւորներու սրահէն։
«Լիմուզին» բառը յառաջացած է Ֆրանսայի պատմական Լիմուզին (limousine) գաւառի անուանումէն։ Սկզբնական շրջանին լիմուզիններ կոչուած են վարորդի եւ ուղեւորի միջնապատով բաժնուած սրահներ ունեցող ինքնաշարժները, սակայն այժմ լիմուզին կրնան համարուիլ նոյնիսկ մոտելներ ինչպէս Hummer-ը, Smart-ը, կամ Mini-ն։
Գերմանիոյ մէջ «լիմուզին» կ՛անուանեն սովորական մարդատար սետանները։