Լիբանան (թերթ)
Արտաքին տեսք
Լիբանան, հասարակական-քաղաքական եւ գրական շաբաթաթերթ, ապա՝ երկօրեայ, եռօրեայ թերթ։ Լոյս տեսած է1924-1935 թուականներուն։ Պատասխանատու տնօրէններ՝ Մանուէլ եւ ժոզէֆ Աճէմեան։ Խմբագիրներ՝ Միհրան Նաճարեան, Միհրան Սեֆէրեան, Յարութիւն Պապեան, Բագրատ Սիւնիք, Սամուէլ Թումաճանեան, Միհրան Աղազարեան։
Սկիզբը՝ հայատառ թրքերէն։ Ունեցած է հնչակեան ուղղութիւն։ Նիւթեր տպագրած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայերու կեանքին, Հայաստանի առօրեային վերաբերեալ անդրադարձած է հայրենադարձութեան։ Լայն տեղ յատկացուցած է պատմութեան ու մանկավարժութեան նուիրուած յօդուածներուն, գրական ստեղծագործութիւններուն։
«Լիբանան»-ի շարունակութիւնը կը համարուի «Հորիզոն» շաբաթաթերթը (1935-1939, խմբագիրներ՝ Վահան Տօնապետեան եւ Միհրան Նաճարեան), որ հրատարակած է նաեւ նիւթեր ֆրանսերէնով։