Jump to content

Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն

Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն մը կազմելու գաղափարը ծնունդ առած է այն օրէն, երբ հայութիւնը ոտք դրաւ այս ասպնջական երկիրը: 1924-ին քանի մը հայ բժիշկներու հետ խորհրդակցութիւն մը կատարուեցաւ: Այդ օրերուն կային միայն 10 հայ բժիշկներ որոնք ցրուած էին եւ հետեւաբար, հնարաւոր չեղաւ միութիւն մը հիմնել:

1928-ին հայկական վրանաքաղաքի հրդեհէն վերջ, օրուան առաջնորդ Եղիշէ Եպիսկոպոս Կարոեանի հրաւէրով՝ ազգայիններու ժողով մը տեղի ունեցաւ: Աղէտեալներուն օգնելու համար որոշումներ տրուեցան: Կազմուեցաւ նաեւ բժշկական յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլար դեղ եւ դարման հասցնել հիւանդներուն:

Այս յանձնախումբը ամիսներ շարունակ տքնաջան աշխատանք տարաւ աղէտուած հայրենակիցներուն բժշկական կարիքները գոհացնելու համար: Հաճըն թաղին մէջ վարձուած սենեսակ մը՝ բուժարանի (clinic) մը վերածուած էր. հայ բժիշկները կարգաւ կ'այցելէին այնտեղ եւ իւրաքանչիւրը կը կատարէր իր պարտականութիւնը:

Աղէտին անհետանալէն ետք, վերջ գտաւ նաեւ հայ բժիշկներու հաւաքական աշխատանքը, եւ դարձեալ միութեան գաղափարը մնաց իբրեւ փափաք եւ ծրագիր:

1949-ի վերջերը սքանինաւեան բժշկական առաքելութիւն մը Պէյրութ ժամանելով, դիմում կատարած էր Լիբանանի կառավարութեան, որպէսզի թոյլ տրուի իրենց՝ հակաթոքախտային B.C.G.-ով պատուաստել դպրոցներու աշակերտները: Առաջարկ եղած էր նաեւ պատուաստել հայկական վարժարաններու աշակերտութիւնը: Այս խնդիրը քննելու համար, Հ.Բ.Ը.Միութիւնը քանի մը բժիշկներու հրաւիրած էր խորհրդակցութեան: Այս հանդիպումի ընթացքին, ներկայ բժիշկներուն կողմէ թեր եւ դէմ կարծիքներ յայտնուեցան B.C.G.-ի պատուաստին շուրջ: Որոշուեցաւ երկրորդ հաւաքոյթ մը ունենալ եւ այս անգամ հրաւիրել Պէյրութի բոլոր հայ բժիշկները:

5 Յունուար 1950-ին, ազգային առաջնորդարան հրաւիրուած բժիշկներէն ներկայ էին 25 հոգի: Խադ Արք. Աջապահեանի նախագահութեան տակ գումարուած այս ժողովը կրկին քննութեան առաւ հակաթոքախտային պատուաստի խնդիրը եւ եկաւ այն եզրակացութեան, որ անհրաժեշտ է յանձնախումբ մը կազմել, քննութեան ենթարկելու համար հարցը եւ իր տեղեկագիրը բերելու ժողովին: Այս հաւաքոյթի ընթացքին էր, որ դիտել տրուեցաւ թէ, այլեւս պէտք է կազմել Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն մը, քանի որ հայ բժիշկներուն թիւը տարուէ տարի աւելնալով, հասած է պատկառելի քանակի մը:

Հայ բժիշկներու այս յանձնախումբը կազմուեցաւ հետեւեալներէն.-բժիշկներ՝

  • Վահան Գալպեան (ատենապետ)
  • Տիգրան Վարժապետեան (ատենադպիր)
  • Խ. Գրիգորեան (խորհրդական)
  • Վ. Թօփճեան (խորհրդական)
  • Ս. Սուքիասեան (խորհրդական)

Այս յանձնախումբին պարտականութիւն տրուեցաւ նաեւ կազմել Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն մը եւ առ այդ պատրաստել ծրագիր-կանոնագիր մը:

Հայ բժիշկներու երրորդ հաւաքոյթը, կրկին առաջնորդարանին մէջ, տեղի ունեցաւ առաջինէն տասը օր վերջ: Անլուծելի մնաց B.C.G. պատուաստի հարցը, սակայն բարեբախտ լուծում մը ստացաւ Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն մը կազմելու խնդիրը: Ծրագիր-կանոնագիրը վաւերացուեցաւ. ներկայ բժիշկները անդամագրուեցան եւ թելադրուեցաւ յանձնախումբին շարունակել աշխատանքները՝ մինչեւ յաջորդ ընդհանուր ժողովին գումարումը:

  • «Բժիշկ» բժշկական եւ առողջապահական ամսաթերթ, Ա. տարի, Պէյրութ, 1955-1956, էջ 24: