Լեւոն Պարտիզպանեան

Լեւոն Պարտիզպանեան
Ծնած է 1887
Մահացած է 1915
Ազգութիւն Հայ
Կրթութիւն Սուլ­թա­նիէ վար­ժա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ծնողներ Ղուն­կի­ա­նոս Պար­տիզ­պա­նեա­ն

Լեւոն Ղունկիանոսի Պարտիզպանեան (1887 թուական, Խարբերդի նահանգի, Խարբերդի գաւառի՝ Մեզիրէ քաղաքին մէջ), հայ բժիշկ նաեւ հասարակական-քաղաքական գործիչ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1887 թուականին, Խար­բեր­դի նահանգի, Խարբերդի գաւառի՝ Մեզիրէ քաղաքին մէջ։ Հայրը՝ Ղունկիանոս Պարտիզպանեան, երկար տարիներ եղած է Պաքըր-Մատենի քաղաքապետութեան բժիշկը եւ 1907 թուականին մահացած խորհրդաւոր պայմաններու մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Մեզիրէի Կեդրոնական վարժարանէն ներս, այնուհետեւ՝ նոյն քաղաքի Սուլթանի՝ վարժարանէն ներս։ Բնակած է Կոստանդնուպոլսոյ Գատը Գիւղ թաղամասին մէջ։ Եղած է ՀՅԴ Գատը Գիւղի կոմիտէի եռանդուն անդամ։ 1912 թուականին, երբ Արտակարգ դատարանը դադրեցուցած է ՀՅԴ օրկան «Ազա­տա­մար­տ»ի հրատարակութիւնը, ՀՅԴ տպագիր օրկանի դերը կատարած է «Ազ­դա­րա­րը», որուն արտօնատէրն էր Լեւոնը։ 1914 թուականին աւարտած է Կոստանդնուպոլ­ոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը եւ բժիշկի վկայական ստացած։ 1914 թուականին, Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսուելուն պէս, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած` հարիւրապետի աստիճանով։ 1915 թուականի Ապրիլին, զինուորական համազգեստը հագին ձերբակալուած է եւ բանտարկուած Կոստանդնուպոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուած Չանղըրը։ Այնուհետեւ շարք մը դաշնակցական մտաւորականներու հետ աքսորուած է Այաշ եւ պահուած տեղի բանտին մէջ։ Անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաւաքուած համրիչի՝ 99 հատիկներէն մէկուն վրայ։ Թէոդիկի «Յու­շար­ձան…» գիրքին մէջ ըսուած է, թէ՝ սպանուած է 1915 թուականին, Այաշի ճամբուն վրայ, ի թիւս խումբ մը հայ մտաւորականներու՝ 28 տարեկան հասակին։ Այլ աղբիւրու մէջ յիշատակուած է, որ սպանուած է Տէր Զօրի մէջ։ Մինչդեռ, Գրիգորիս ծ. վրդ. Պալաքեան, զինք կը յիշէ Չանղըրըի աքսորէն վերապրողներու շարքին մէջ։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կոստանդնուպո­լիս, 1919։
  • Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Վի­են­նա, 1922։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատ գամները),Պոսթըն, 1957։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Երեւան, 1991։
  • Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ալպոմ-ատլաս, Բ. հատոր, Գոյամարտ, 1914-1925, Լոս Անճելըս, 2001։
  • Աւագեան Կարինէ, Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի, Երեւ­ան, 2002։
  • Խաչատրեան Լուսինէ եւ Բաբլումեան Արփինէ (կազմողներ), Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923 թուականներ), հ. 2, Խարբերդի նահանգ, Երեւան, 2004։
  • Աւագեան Կարինէ, «Չան­ղը­րըի 1915 թուական Ապ­րի­լի 11, Յի­շա­տակ»… Թանգարանային ցուցանմոյշը, «Հան­դէս Ամ­սօ­րե­այ», 2008, հ. 1-1։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]