Jump to content

Լեւոն Մոմճեան

Լեւոն Մոմճեան
Ծնած է 1944
Ծննդավայր Պէյրութ
Քաղաքացիութիւն Լիբանանցի
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն նկարիչ
Աշխատավայր նկարիչութիւն

Լեւոն Մոմճեան(1944), նկարիչ։

Լեւոն Մոմճեան ծնած է Պէյրութ 4 Յուլիս 1944-ին։ Յաճախած է Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը, ապա՝ Մելքոնեան, ուրկէ փոխադրուած է Թեհրան ծնողքին հետ։ Տարի մը մնացած Թեհրան ուր կազմակերպած է երկու ցուցահանդէսներ որոնք առիթ մը կը ստեղծեն մղելու զինք դէպի կատարելագործում։ Գ. Կիւլմէնքեան Հիմնադրութեան օժանդակութեամբ՝ մեկնած է Ֆրանսա ուսանելու Բարիզի Ազգային Գեղարուեստից Բարձրագոյն վարժարնին մէջ, միեւնոյն ատեն հետեւելով տեղւոյն ուրիշ ակադեմեաներու։

Դեկտեմբերի կէսերուն Պէյրութի «Վանտոմ» ցուցահանդէսին մէջ իր ստեղծագործութիւններուն անդրանիկ ցուցահանդէսով մայրաքաղաքիս գեղարուեստասէր հասարակութեան պիտի ներկայանայ լիբանանահայ երիտասարդ նկարիչ՝ Լեւոն Մոմճեանը։

Շնորհալի արուեստագէտն աւարտած է Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութիւնը։ Մանկա-պատանեկան տարիներուն իսկ որոշ հակումեր ցուցաբերած է գեղանկարչութեան նկատմամբ եւ քաջալերուած իր անմիջական շրջանակէն։ Ապա Բարիզ անցնելով հետեւած է նկարչական ակադեմիայի դասընթացքներու, ուր արժանացած է ֆրանսացի արուեստագէտներու խրախուսանքին։

Ուսանողութեան առաջին տարիներուն իսկ խլած է Փարիզի «Աննա Մէր»ի առաջնութեան մրցանակը որ՝ ընդհանրապէս կը տրուի երիտասարդ երաժիշտներու: Ինք այս մրացանակը ստացած է «Գերեզմանատունը» իւղանկարին համար։

Լեւոն Մոմճեան արդէն ուրոյն անհատականութիւն ունեցող նկարիչ մըն է։ Ունի իր սեփական ոճը երանդապնակի պրիոմակէն անցնելով կը պաստառադրուի իւրայատուկ բանաստեղծականութեամբ։ Թէեւ ենթական այլ նկարիչներու նման ուսանողական շրջանին ունեցած է որոշ ազդեցութիւններ եւ տատանումներ, սակայն ի վերջոյ հասած է որոշ կայունութեան մը, արտայայտելով ինքզինք որպէս ուրոյն անհատականութեան տէր արուեստագէտ մը։

Լեւոն Մոմճեանի գեղանկարները համակ արդիականութիւն կը բուրեն։ Առանձին նիւթեր կամ կերպարներ որոնողը մը չէ ան, այլ՝ մտածումով ու խորհրդածութեամբ է որ կը դրսեւորուին իր վրձինի հպումները, որոնք առ հասարակ զերծ են շեշտուած վառ գոյներէն։ Իր գոյներու եւ «ռիթիմ»ներու ցոլքն ունի աստիճանական զարգացում եւ որոնք՝ իրենց ընդհանրութեամբ կը շեշտեն անվիճելի առկայութիւնը գեղարուեստական բարձր ճաշակին[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։