Լեւոն Եագուպեան
Եագուպեան Լեւոն, ծնած է 14 Օգոստոս 1900-ին Կեսարիա: Նախակրթութիւնը Կիւմիւշեան եւ միջնակարգ ուսումը՝ Միացեալ ուսումնարանին մէջ ստացած է: Պատերազմի ատեն գաղթած է մօրը եւ պզտիկ եղբօրը հետ, որոնք ինկած են Շէյխ-Միսքին-Հավրան ճամբան: 1918-ին ազատելու համար ինքզինք Էլ Քարի լէէն (Ճէպէլ Տիւրզի) կը սկսի մէկ քանի ընկերներով արաբական ճակատը ճեղքել: 23 օրուան տաժանելի ճամբորդութենէն ետք կը հասնի Կարմիր ծովու եզերքը՝ Ագապա: Անկէ կ'անցնի Բորթ Սայիտ եւ Անգլիական բանակին կը ծառայէ 1 Նոյեմբեր 1918-էն 19 Դեկտեմբեր 1920, որմէ ետք՝ եղբօրը Սարգիսին օգնութեամբ կ'երթայ Ամերիկա եւ հոն Նիւ Եորքի մէջ կը զբաղի դերձակութեամբ: Կեսարիոյ Վեր. Միութեան կ'անդամակցի 1925-ին եւ վարչութեան անդամ կ'ընտրուի 1932-ին:
Քարտուղարն է Կեսարիոյ Վերաշինական Միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին: Իր եռանդուն եւ անխոնջ աշխատութեանց համար պատուուած է 1935-ին «հարուածային» տիտղոսով Կեսարիոյ Վերաշինական Միութեան կողմէ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 641: