Լեն Ուիքս

Լեն Ուիքս
Ծնած է 22 Սեպտեմբեր 1959(1959-09-22) (64 տարեկան)
Ծննդավայր Օքլենտ, Նոր Զելանտա
Քաղաքացիութիւն  Աւստրալիա
 Նոր Զելանտա
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Լեն Ուիքս (22 Սեպտեմբեր 1959(1959-09-22), Օքլենտ, Նոր Զելանտա), աւստրալիացի/նորզելանտացի գրող, ունի օդային կառավարման, օդանաւային անվտանգութեան հաշուեքննութեան եւ կառավարման, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու փորձառութիւն` աշխատելով Նոր Զելանտայի, Օմանի (Պարսից Ծոցի առաջին պատերազմի ժամանակ)[1] եւ Թայլենտի մէջ (ՄԱԿ-ի մէջ):

Ամուսնացած է Արմինէ Յակոբեանին հետ։

Ան Հայաստանի տարբեր բնագաւառներու մէջ աշխատանք կը տանի եւ տարբեր նախաձեռնութիւններու հեղինակ է, ունի «Ծագումը: Բացայայտում» խորագրեալ վէպ, որուն ճամբով ան աշխարհը կը ծանօթացնէ հայոց պատմութեան[2]: Լեն ՄԱԿ-էն հրաժարած է, երբ իրեն ըսուած է, որ այլեւս չի կրնար աջակցիլ Հայաստանին` իր գործի ժամերէն դուրս:

Ան նաեւ ունի երկու արտօնագիր եւ մեծ հետաքրքրութիւն վերականգնող ուժանիւթին նկատմամբ` ուղղահայեաց առանցքի հողմային ջրանիւի եւ կանաչ ջրածնային համակարգի նոր նախագիծերով, որոնք նախատեսուած են ծովու ջուրը բնածուխէ զերծ կացուցելու համար:

Ան երկու պետութիւններու օդանաւային եւ յատուկ նախագիծերու յատուկ խորհրդական է:

Իր անձնական կեանքին մէջ ան մարդկային իրաւունքներու պաշտպան գործիչ է, կեդրոնացած է ցեղասպանութեան իրազեկման վրայ: Ան Հայաստանի մէջ կառուցած է շինութիւն մը` իբրեւ իր հիմնադրած բարեսիրական ծրագիրի («Որդեգրիր մի գիւղ») հիմք[3]: Այդ ծրագիրին նպատակն է համակարգուած ձեւով, առանց միջնորդի, սփիւռքը կապել հայկական գիւղերուն` օգնելու գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, կրթութեան, մարմնակրթութեան եւ ծառայութիւններու բնագաւառներուն մէջ:

Լեն Ուիքսի եւ անոր կնոջ` Արմինէ Յակոբեանի վերջին ծրագիրներէն է Արենիի բացօթեայ մշակութային թանգարանի կառուցումը` նպատակ ունենալով հայկական մշակոյթի կարեւորագոյն տուեալները ամփոփել հոն եւ ցոյց տալ զբօսաշրջիկներուն[3]: Թանգարանը կը կառուցուի իբրեւ հին գիւղ, որուն իւրաքանչիւր տան մէջ արհեստ մը պիտի ներկայացուի[4]:

Ծանօթագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «MRO Asia-Pacific 2015: Session Speaker: Len Wicks»։ mroasia.aviationweek.com (անգլերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 31 January 2016-ին։ արտագրուած է՝ 2016-02-04 
  2. Wicks Len։ «Ծագումը» նախագիծը»։ Origins: Discovery։ արտագրուած է՝ 2016-02-15 
  3. 3,0 3,1 «Adopt-a-Village project kicks off»։ Hayern Aysor։ 14 December 2015։ արտագրուած է՝ 24 January 2016  [permanent dead link]
  4. «Լեն Ուիքսի` «Արդեօ՞ք Ազրպէյճանցիներն Են Իրականացրել Աղտամի (Խոջալու) Արիւնահեղութիւնը Սեփական Ժողովուրդի Հանդէպ» Յօդուածի Հեղինակին Մասին»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2021-12-22։ արտագրուած է՝ 2021-12-22