Լացի Պատ

Արեւմտեան Պատի համայնապատկերը Ժայռի Գմբէթով (ձախ կողմը) եւ Ալ-Աքսա մզկիթով (աջ կողմը)

Արեւմտեան պատ, Լացի պատ կամ Ա-Կոթըլ (եբր.՝ ‏הַכֹּתֶל הַמַעֲרָבִי‏‎‎‎, հա-Կոթըլ հա-Մաարաուի, Աշկենազական արտասանութիւնը` Քոսել ‎), Երուսաղէմի հին քաղաքի պատի մաս (485 մ երկարութեամբ), որ պահպանուած է ք.ա. 70 թուականին հռոմէացիներու կողմէ Երկրորդ Տաճարի կործանումէն ետք։ Ան կը համարուի յուդայականութեան խոշորագոյն սրբավայր։ Երկար դարեր շարունակ համարուած է բազմաթիւ հրեաներու յոյսի եւ հաւատքի խորհրդանիշ, անոնց ուխտագնացութիւններու աղօթավայրը։ Ամենավաղ աղբիւրը, որ հրեաներուն կը կապէ Լացի պատի հետ, կը թուագրուի 4-րդ դարուն։ 20-րդ դարին Սիոնիզմի շարժման հետ մէկտեղ պատը դարձաւ հրեական համայնքի եւ մահմետական արաբներու կրոնական առաջնորդներու միջեւ առաջացած վէճերու պատճառներէն մէկը։

Անուան ծագումնաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լացի Պատ

Հրեական հին աղբիւրներուն մէջ կը յիշատակուի «Տաճարի արեւմտեան պատի մասին», սակայն պարզ չէ, այդ գրուածքներուն մէջ կը խօսուի տաճարի բուն պատի, թէ այն շրջապատող պատի հատուածի մասին։ «Արեւմտեան պատ» եզրոյթի մասին վկայող հրեական ամենահին յիշատակումը ակնյայտօրէն կը վերաբերի պատին, որ մենք կը տեսնենք այսօր եւ կը թուագրուի 11-րդ դարին։ «Լացի պատ» անուանումը արաբերէն el-Mabka բառի թարգմանութիւնն է, երբեմն «Յառաչանքի վայր»` պատի արաբական աւանդական անուանումը[1][2]: Այդ սահմանումը կը ծագի հրեաներու այդ վայրը գալու եւ Տաճարի կործանումը սգալու աւանդոյթէն:

Լացի պատը՝ Լեռան պատի միակ հատուածն է, որ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը: Միտրաշի մէջ, որ գրուած է 2000 տարի առաջ կ'ըսուի, որ Արարիչը երդում տուաւ, որ պատի այս մասը պիտի չի կործանուի: Իրականութեան մէջ պատը չի համարուիր յուդայականութեան սրբավայր, որպէս այդպիսին: Հրեաներու սրբավայրը այդ Տաճարն է, որ կառուցուած է Լեռան վրայ: Այն հրեաներու համար, որոնք կ'ապրէին Տաճարի կործանումէն ետք, այդ պատի նշանակութիւնը այդ է, որ ան միակն է, որ մնացած է Տաճարէն: Սակայն Միտրաշի մէջ (Պեմիտպար Ռապպա 11, 2) կ'ըսէ, որ այդ պատէն երբեք չի հեռանար Շխինան (Աստուածային ներկայութիւնը): Եբրայերէնով ան չի անուանուիր «Լացի պատ»: Անոր անուանումը Քոթել Մաարաուի է, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «Արեւմտեան պատ»: Այդպէս նաեւ յաճախ անգլերէնի մէջ կ'անուանեն The Western Wall: Այն այդպէս կ'անուանէն, քանի որ արեւմտեան պատի այդ հատուածը կը շրջապատէ Տաճարի Լեռը: Արաբները տեսնելով, որ հրեաները կու գան պատի մոտ աղօթելու Բարձրեալին եւ սգալու Տաճարի կործանումը, անուանեցին զայն «Լացի պատ»: Այստեղէն սկսաւ անոր անուանումը նաեւ շարք մը այլ լեզուներու մէջ, օրինակ անգլերէն` (The Wailing Wall) եւ ռուսերէն (Стена Плача)[3]:


«Լացի պատ» անուանումը եւ այնպիսի անուանումներ, ինչպէս «լացի տեղը», պարբերաբար կը յայտնուին անգլիական գրականութեան մէջ 19-րդ դարի ընթացքին[4][5][6]: Ֆրանսերէնի մէջ օգտագործուած է Mur des Lamentations անուանումը, գերմաներէնի մէջ` Klagemauer:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կառուցում (ք.ա. 19 թուական)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանախի համաձայն Սողոմոնի Տաճարը կառուցուած է ք.ա. 10-րդ դարուն եւ կործանուած է բաբելոնցիներու կողմէ ք.ա. 586 թուականին, իսկ Երկրորդ Տաճարի շինարարութիւնը աւարտած եւ օծուած է ք.ա. 516 թուականին։ Մոտաւորապէս ք.ա. 19 թուականին Հերովդէս Մեծը (ք.ա. 37-4 թուականներուն) սկսած է Լեռան ընդարձակման լայնամասշտաբ ծրագիրը։ Տաճարի չափերը մեծցնելու համար ան արհեստական ճանապարհով մեծցուց փոքրիկ կեղծ-բնական սարահարթը, որուն վրայ կառուցուած էին Առաջին եւ Երկրորդ Տաճարները, Լեռան չափերը ընդարձակելով եւ տալով ներկայիս տէսքը։ Այդ հասցուց ցանկապատոգւած տարածքի ընդարձակման՝ այդ հարթավայրի երկայնքով կ'անցնէր հիմնական պատը, որ կը պահէր հողաթումբը, ուր լեցուած էր Լեռան մակերեսը ընդարձակելու համար։ Մերօրեայ Արեւմտեան պատը կը համարուի այդ նեցուկ պատի մասը։ 2011 թուականին իսրայելցի հնէաբանները յայտարարեցին հռոմէականները դրամներու յայտնաբերման մասին, որոնք հատած էին Հերովդէսի մահէն շատ աւելի ուշ, պատի հարաւային մասի զանգուածային հիմքի ծիսական աւազանին մէջ, որ յաջորդած է լեռան նորացուած համալիրի կառուցման ժամանակին եւ լրացուած է, որպէսզի ապահովէ նոր պատերու հիմքը[7]: Այդ ցոյց կու տայ, որ Հերովդէսը չէ կառուցած ամբողջ պատը, եւ որ անոր մահուան ժամանակ շինարարութիւնը նոյնիսկ աւարտին չէր հասած։ Այդ գտածոները կը հաստատէն պատմաբան Հովսեփոս Փլավիոսի նկարագրութիւնը, որուն համաձայն շինարարական աշխատանքները աւարտած էին միայն Հերովդէսի ծոռան՝ Ագրիպպա 2-րդ թագավորի կառավարման տարիներին[8]: Համաձայն համընդանուր կարծիքի Հերովդէս Մեծի կողմէ կառուցուած է պատի կէսէն աւելին, որ թուագրուած է Երկրորդ Տաճարի ժամանակաշրջանին, ներառեալ անոր 17 շերտերը, որոնք կը գտնուին ներկայիս մակերեսի ստորին մակարդակին։ Հերովդէսի Տաճարը կործանուած է Հռոմէական կայսրութեան կողմէ Երուսաղէմի հետ միասին ք.ա. 70 թուականին՝ Առաջին հրեական պատերազմի ժամանակ։

Հռոմէական կայսրութիւն եւ քրիստոնէութեան առաջացում (100-500 թուական)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.ե. 1-ին դարերու ընթացքին` հռոմէացիներու կողմէ 135 թուականին Պար-Քոհպայի ապստամբութեան ճնշումէն ետք, կայսերական հրովարտակի համաձայն հրեաներուն արգիլուեցաւ ապրիլ Երուսաղէմի մէջ։ Կան որոշ ապացոյցներ այն մասին, որ 2-րդ եւ 3-րդ դարերուն[9] հռոմէական կայսրերը անոնց կը թոյլատրէին այցելել քաղաքը՝ Ձիթենեաց լեռան վրայ ժամերգութիւն կատարելու համար, իսկ երբեմն նաեւ Տաճարի լեռան վրայ։ Երբ Կոստանդիանոս 1-ի ժամանակ կայսրութիւնը դարձաւ քրիստոնէական, անոնք իրաւունք ստացան մտնել քաղաք միայն տարին մէկ անգամ Տիշա Բ՛ Ավ-ի ժամանակ, որպէսզի պատի մոտ զգան Տաճարին կորուստը եւ դառնօրէն ողբան իրենց ազգի ճակատագիրը[10]: 333 թուականի գրութիւնը թոյլ կու տայ ենթադրել, որ հնարաւոր է այդ տեղի ունեցած է Մորիայի լեռան մոտ «որուն մոտ ամեն տարի կու գան հրեաները անուշահոտ իւղերով կ'օծեն այն, կը զգան, կը պատռտեն իրենց զգեստերը եւ այդպէս կը հեռանան»: Մեզի այն հասած նկարագրութիւններ, ներառեալ այնպիսիններ Եկեղեցիի Հայր Գրիգոր Նազիազանցիի եւ Հիերոնիմոսի անոր մեկնաբանութիւնները Սոֆանիային, գրուած 392 թուականին։ 4-րդ դարու քրիստոնէական աղբիւրները կը նշեն, որ հրեաները կը բախէին մեծ դժուարութիւններու, Արեւմտեան պատի մոտ աղօթելու իրաւունքի գնման ժամանակ, թեկուզ եւ Իններորդ Ավի օրը[9]: Ք.ա. 425 թուականին Գալիլիայի հրեաները նամակ գրեցին կայսրուհի Էլիա Եւդոկիային թոյլտուութիւն խնդրելով աղօթելու Տաճարի մոտ։ Թոյլտուութիւնը տրուեցաւ եւ անոնց պաշտոնապէս թոյլ տրուեցաւ նորէն բնակիլ Երուսաղէմի մէջ[11]:

Միջին դարեր (500-1500 թուականներ)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատը վերաշինուած է, քանի որ Հերովդէս Մեծի ժամանակ կառուցուած վարի շարքի շարուածքը ծածկուած են հողակոյտներով[12]: Յաջորդ չորս շերտերը աւելցուցին Ումայատներու կողմէ 7-րդ դարուն։ Խաչակիրներու արշավանքներու ժամանակաշրջանէն առաջ այդտեղ սինակոկ կանգնած էր[9]: Հրեայ ուխտագնաց Իսահակ Ճելոն (1334) կը գրէ արաբական թագաւորի մասին, որ Պաղեստինը գրաւեց քրիստոնյաներէն։ Թագաւորը երդում տուաւ, որ եթէ անոր յաջողուի գրաւել Երուսաղէմը, ան կը վերականգնէ Տաճարի փլատակները։ Իր յաղթանակէն ետք ան սկսաւ փնտրել փլատակները, բայց անոնք թաքնուած էին աղբի կոյտի տակ։ Թագաւորին մոտեցաւ ծերունի մը եւ ըսաւ. «Ես կ'ըսեմ քեզի, թէ ուր է Տաճարը, բայց ես կ'ուզեմ, որ դուն երդում ընես մեզի տալու Արեւմտեան պատը»: Ատկէ ետք, երբ թագաւորը երդում տուաւ, անոր ցոյց տուին, թէ ուր է հողի տակ թաղուած փլատակները։ Թագաւորը հրամայեց մաքրել այդ տեղը եւ «կառուցեց հսկայական մզկիթ եւ տուաւ Արեւմտեան Պատը հրեաներուն, որոնք խոնարհեցան անոր աղօթելու համար»[9]: Երուսաղէմի պաշարումէն ետք, 1193 թուականին, Սալատին ալ - Աֆտալի որդին եւ հետնորդը պատին հարող տարածքը առանձնացուց բարեգործական ֆոնտի համար։ Ան անուանեց ի պատիվ ականաւոր միսթիք Ապու Մատիան Շուաիպայի եւ նուիրուեցաւ մարոքցի նորաբնակիչներուն, որոնք այնտեղ հաստատուեցան։ Տուները կառուցուած էին պատէն ընդամենը չորս մեթր հեռաւորութեան վրայ[13]: Ռապպի Օպատիան Պերթինորոյէն, 1488 թուականին կը գրէ եւ կը պնդէ, որ «Արեւմտեան պատը, որուն մէկ մասը դեռեւս կանգուն է, կառուցուած է հսկայական, հաստ քարերէն, անոնք աւելի մեծ են, քան ես տեսել եմ Հռոմի եւ այլ երկիրներու հին շինութիւննրո»[14]:

Օսմանեան ժամանակաշրջան (1517-1917 թուականներ)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1517 թուականին Սէլիմ I-ին ժամանակ Օսմանեան կայսրութիւնը գրաւեց Երուսաղէմը Մամլուքներէն, որոնք կը տիրէին այն 1250 թուականէն։ Օսմանեան թուրքերը կը ցուցաբերէին բարեացակամ վերաբերմունք հրեաներու նկատմամբ, սիրալիր ընդունելով հազարաւոր հրեաներու, որոնք արտաքսուած էին Սպանիայէն Ֆերդինանդ 2 Արագոնացու և Իզաբելլա 1-ին Քասթիլացիի կողմէ։ Սուլթան Սուլէյման Փառահեղը հրամայեց ամբողջ քաղաքի շուրջ կառուցել հսկայական բերդապատ` այսօրուայ Հին քաղաքի պատը։ Գոյություն ունեն Սուլեյմանի կողմէ ձեռնարկած ջանքերու տարբեր նկարագրութիւններ, որպէսզի որոշէն Տաճարի փլատակներու գտնուելու վայրը։ Ռապպի Էլիեզեր Նահման Փուախը (մոտաւորապէս 1540 թուական) կը հաղորդէ։

Ինձ ըսած են, որ Սուլթան Սուլէյմանի օրոք Տաճարի գտնուելու վայրը յայտնի էր եւ Սուլթանը կը զննէր Երուսաղէմի իւրաքանչիւր անկիւնը, ձգտելով գտնել այն: Անգամ մը մարդը, որ պատասխանատու էր այդ աշխատանքի համար, յուսահատ երկար, անարդիւնք որոնումներէն եւ հարցուփորձերէն, տեսաւ համապատասխան կին մը, որ իր գլխուն կը տանէր աղբի եւ թափոններու զամբիւղ: Ան հարցուց վերջինիս. «Ի՞նչ կը տանիս գլխիդ: Եւ կինը պատասխանեց. «աղբ»:

-Եւ ու՞ր կը տանիս այն:
-Տեղ մը:
-Որտե՞ղ կ'ապրիս:
-Բեթղեհէմի մէջ:
-Իսկ Բեթղեհէմի եւ այդ տեղի միջեւ աղբակոյտ չկա՞յ
-Մեր աւանդոյթի համաձայն՝ երբ այստեղ փոքր աղբ մը բերի, բարի գործ ըրի:

Պաշտոնեայի հետաքրքրութիւնը գրգռեց, եւ ան հրամայեց բազմաթիւ մարդոց հաւաքել աղբը այդտեղէն...եւ սրբատեղին բացուեցաւ: Երբ Սուլթանը գիտցաւ անոր մասին, ան ուրախացաւ եւ հրամայեց սրբել Սինանը եւ ցողել այդ տեղը, իսկ Արեւմտեան պատը ցողել վարդաջուրով...»[15]:


16-րդ դարու երկրորդ կէսին Սուլէյման Փառահեղը հրեաներուն իրաւունք տուաւ Արեւմտեան պատի մոտ աղօթել եւ հրամայեց իր պալատական ճարտարապետ Միմար Սինանին կառուցել այդտեղ անոնց համար օրաթորիա[9][15]: 1625 թուականին, գիտնական, որուն անունը չէ պահպանուած, առաջին անգամ կը յիշատակէր Պատի մոտ կազմակերպուած աղօթքները։ Կետալիան Ռապպին Սեմիտիզին, որ ուղեւորուեցաւ Երուսաղէմ 1699 թուականին, կը գրէ, որ Օրենքի ձեռագիրերը կը բերուէին Պատի մոտ հասարակական հուզումներու եւ պատուհասներու դէպքին[9]: Հարիւրամեակներու հետ միասին Պատին հարող տարածքը կառուցապատուեցաւ։ 1840 թուականի Մայիսին Իպրահիմ Պածայի կողմէ հրատարակուած հրմանով ան արգիլեց հրեաներուն Պատի առջեւ անցում կառուցել։ Ան նաեւ նախազգուշացուց անոնց «ձայնի բարձրացման եւ իր գիրքերու ցուցադրութեան» համար։ Անոնց սակայն թոյլ տրուեցաւ «այցելութիւններ կատարել այնտեղ, ինչպէս նախկին ժամանակ»:

Ռապպի Հովսէփ Շուարցը, որ կը գրէր 19-րդ դարի կեսերուն, կը նշէ.

Այդ պատին կ'այցելէին մեր բոլոր եղբայրները բոլոր տոնական օրերուն եւ հանդիսութիւններուն, եւ յաճախ անոր ստորոտին մեծ տարածութիւնը այնպէս կը խտանար, որ ոչ բոլորը կը կարողանար միաժամանակ խոնարհուիլ այդտեղ: Մահմետականները ոչ մէկուն չեն խանգարէր այդ այցելութիւններուն, քանի որ մենք ունինք Կոստանդնուպոլսի Սուլթանի հին հրովարտակը այն մասին, որ մեր այցելութեան հնարաւորութիւնը պետք չէ խանգարուի, թէկուզ Բարձր Դուռը այս առաւելութեան համար կը ստանար յատուկ հարկ, որ սակայն կարեւոր չէ[16]:
Փորագրութիւն, 1850

Օսմանեան ժամանակաշրջանին կը վերաբերին հետեւեալ` պատի տասնչորս շերտերու կառուցուածքը (Ումայանտներէն հետո) (19-րդ դարի սկզբներին հողի երեսին մնացել էր միայն հերովդեսյան շերտերի վերին հինգ շարքերը)։ Անոնց աւելցնելը կը վերագրուի (հաւանաբար սխալ է) սըր Մովսէս Մոնթեֆիորիին, որ իբրեւ թէ 1886 թուականին աւելցուց հաւելեալ շերտեր «ստուերի ստեղծման եւ անձրեւէն պաշտպանման համար, բոլոր անոնց համար, որ կու գան մեր Տաճարի մոտ սուրբ մասունքերուն աղօթելու»[17]: Ժամանակի ընթացքին այդտեղ հաւաքուող մարդոց թուաքանակը լարուածութիւն ստեղծեց հրեայ այցելուներու մոտ, որոնք կը ցանականային աւելի հեշտ մուտք գործել եւ աւելի լայն տարածութիւն եւ տեղաբնիկներու միջեւ, որոնք կը բողոքէին աղմուկի համար։ 1830-ական թուականներու վերջերուն Շեմարիա Լուրիա անունով հարուստ հրեայ մը փորձեց Պատի մոտ տուն ձեռք բերել, սակայն անոր չհաջողուեցաւ[18], ինչպէս եւ հրեայ իմաստուն Ապտուլլան Պոմպէ-էն, որ փորձեց գնել Արեւմտեան պատը 1850-ական թուականներուն[19]:

Արեւմտեան պատի լուսանկարը, 1870

1869 թուականին Երուսաղէմի մէջ բնակութիւն հաստատեց Կիլել Մոշէ Կելպշտէյն Ռապպինը։ Ան մշակեց ծրագիր, ըստ որու կ'ենթադրուէր Պատի մոտ գտնուող մի քանի բակերու ձեռք բերելը՝ մտադրութիւն ունենալով հիմնել երեք սինակոկ՝ մէկական Սեֆարտներու, Հասիտներու եւ Փարիսեցիներու համար։ Ինչպէս նաեւ ան կը փորձէր վերականգնել «պատուոյ պահակախումբի» հին փորձը, որ համաձայն միշնայի տեղադրուած էր Լեռան շուրջը։ Ան տուն վարձեց Պատին մոտ տղամարդոց, որ անոնք այնտեղ պահակութիւն ընեն, ինչպէս նաեւ այլ տարբեր դարպասներու մոտ լեռան շուրջ։ Սակայն այդ կարգը գոյատեւած է միայն կարճատեւ ժամանակամիջոցին մէջ, միջոցներու պակասութեան կամ արաբներու դիմադրութեան պատճառով։ 1874 թուականին Մորտեխայ Ռոսանենսը վճարեց Պատին հարող ճանապարհի կրկնակի սալարկման գումարը[20]:

1877 թուականին Երուսաղէմի մուֆթին ընդունեց հրեաներու առաջարկը գնել Մարոքեան թաղամասը, սակայն հրեական համայնքի միջեւ տարաձայնութիւնները չեն ցգեր համաձայնութեան իրականացման[21]: 1887 թուականին խոստումնալից փորձ կատարուեցաւ Ռոտշիլտի կողմէ, որ կը ծրագրէր գնել եւ քայքայել Մարրոքեան թաղամասը «ի պատիւ հրեական ժողովուրդի եւ ի նշան անոր ձեռքբերումներուն»[22]: Գնման մասին առաջարկը քննարկուած եւ հաւանութեան արժանացած է Երուսաղէմի օսմանեան նահանգապետ Ռաուֆ փաշայի եւ Երուսաղէմի մուֆթի Մուհամմատ Թաղիր Հուսէյնի կողմէ։ Չնայած անոնցմէ ետք, երբ վերի քաղաքական եւ մահմետական իշխանութիւններու կողմէ թոյլտուութիւն տրուեցաւ ծրագիրի իրականացման համար, գործարքը «դրուեցաւ դարակին մէջ», այն բանէն ետք, երբ իշխանութիւնները պնդեցին, որ թաղամասի քանդումէն ետք այնտեղ պետք չէ իրականացուի ոչ մէկ կառոյց մը, որ կանխամտածուէր կառուցել, կարելի է միայն ծառեր տնկել տարածքի գեղեցկացման համար։ Որուն մէջ հրեաները չէին ստանար անոր նկատմամբ ամբողջական վերահսկողութիւնը։ Այդ կը նշանակէ, որ անոնք լիազորութիւններ չունէին արգիլել որեւէ մէկուն, ով որ ըլլար օգտագործելու տարածքը տարբեր գործողութիւններ կատարելու համար, գումարած ջորիներու վրայ անցումը, որ կը խանգարեր աղօթողքներու անդորրը։ Այլ հաղորդագրութիւնները ծրագիրի անյաջողութիւնը կը վերագրեն հրեաներու ներքին պառակտութիւններրու հետ, կապուած անոր հետ, թէ այդ ծրագիրը իր հետ չի բերէր արաբներու կողմէն անցանկալի արձագանքի[23]:

Լացի պատը, Երուսաղէմի տաճարը փլատակներուն մէջ, E. Berninger, Die Gartenlaube 1879

1895 թուականին հրեայ լեզուաբան եւ խմբագիր Խայիմ Խիրշենզօ Ռապպին ներգրաւուած էր Արեւմտեան պատի գնման անյաջող ծրագրի մէջ եւ կորսնցուց իր ամբողջ կարողութիւնը[24]: Անգամ Պաղեստինի հողերու զարգացման կազմակերպութեան փորձերը հրեաներու համար ձեռք բերել Արեւմտեան պատի մոտ տարածքներ Առաջին աշխարհամարտի սկսման ժամանակ այդպէս ալ անարդիւնք մնացին։ Օսմանեան կայսրութեան Առաջին աշխարհամարտին մէջ ընդգրկուելէն ետք հետագայ երկու ամիսներու ընթացքին Երուսաղէմի թուրքական նահանգապետ Զաքէյ Պէյը առաջարկեց հրեաներուն ծախել Մարոքեան թաղամասը, որ բաղկացած էր համարեայ 25 տուներէն, որպէսզի մեծցնեն իրենց աղօթավայրի տարածքը։ Ան պահանջեց 20 000 ֆոնտ, որ պէտք է ծախսուէր ինչպէս մահամետական ընտանիքներու վերաբնակեցման, այնպէս ալ պատի դիմաց հասարականան պարտեզի ստեղծման համար։ Սակայն քաղաքին մէջ ապրող հրեաները չկրցան հաւաքել պահանջուող գումարը։ Հարաբերութիւններու մէջ այդ տհաճ շրջադարձին դէմ դուրս եկաւ Խախամ Պաշին, որուն յաջողուեցաւ հասնիլ արգելքի վերացման[25]: 1915 թուականին հաղորդագրութիւն եկաւ այն մասին, որ թուրքական բանակի հրամանատար Ճեմալ փաշան փակեց պատի մոտ այցելութիւնները՝ սանիտարական նկատառումներէն ելլելով[26]:

Պատի մասին հրովարտակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարեթիւ Որ կողմէն հրապարակուած է Բովանդակութիւն
Մոտ 1560 Սուլէյման Փառահեղ Հրեաներու պատին մոտ աղօթելու իրաւունքի պաշտոնապէս ճանաչում[27][28]
1840 Իպրահիմ Փաշա Հրեաներուն արգիլեցին անցք կառուցել դէպի պատը:[29]:
1841* Իպրահիմ փաշա Միեւնոյն բովանդակութեամբ 1893 եւ 1909 թուականներու նման հրովարտակ[29]
1889* Ապտուլ Համիտ 2-րդ Հրեաներու խոնարհման եւ ուխտագնացութեան վայրերու անվտանգութեան ապահովում, որոնք կը գտնուին գլխաւոր ռապպունութեան տարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց ծիսակատարութիւններուն ժամանակ[29]:
1893* Կը հաստատէ 1889 թուականի հրովարտակը[29]:
1909* Կը հաստատէ 1889 թուականի հրովարտակը[29]:
1911 Լիուայի վարչական խորհուրդ Հրեաներուն կ'արգիլուի պատի մոտ որոշ գործողութիւններ իրականացնել[29]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. http://freecontent.abc-clio.com/ContentPages/ContentPage.aspx
  2. Becher Mordechai. The Land of Israel // Gateway to Judaism
  3. http://toldot.ru/urava/ask/urava_6168.html
  4. «Լացի Պատ» անուանումը կը յայտնուի J.J. Reynolds մոտ, Jewish Advocate for the Young (1859) աշխատութեան մէջ: H. Bonar, Days and Nights in the East (1866) և J.R. Macduff, Memories of Olivet (1868), և շատ այլ ուշ աշխատություններում
  5. Barclay James Turner. Modern Jerusalem // City of the Great King. — Challen, 1858 թվական — էջ 493:
  6. Warner Charles Dudley. Jerusalem // In the Levant. — Houghton, 1878 — էջ 45:
  7. http://www.msnbc.msn.com/id/45419597/ns/technology_and_science-science/t/coin-discovery-sheds-new-light-sacred-jerusalem-site/
  8. http://www.antiquities.org.il/about_eng.aspx?Modul_id=14
  9. 9,0 9,1 9,2 9,3 9,4 9,5 Neusner Jacob (2001)։ «Judaism and the Land of Israel»։ Understanding Jewish Theology։ Global Academic Publishing։ էջեր g. 79։ ISBN 1-58684-090-8 
  10. Harman Graham. The Holiness of the “Holy Land” // A History of Palestine.
  11. Gold Dore. The Fight for Jerusalem. — Regnery, 2007 — էջ 56:
  12. Horovitz Ahron. Jerusalem: Footsteps Through Time.
  13. Harman Graham. The Mufti and the Wailing Wall // A History of Palestine
  14. Yaakov Dovid Shulman. A Letter to My Father // Pathway to Jerusalem.
  15. 15,0 15,1 Gonen Rivka. Contested Holiness
  16. Schwarz Joseph. Moriah, The Temple Mount // Descriptive Geography and Brief Historical Sketch of Palestine. — Ֆիլադելֆիա. A. Hart, 1850:
  17. Benjamin Buchholz, «A Wall Atop the Wailing Wall»
  18. Rossoff Dovid. The Era of Suffering: 1800–1840 // Where Heaven Touches Earth. — Երուսաղէմ. Guardian Press, 1998: — էջ 186:
  19. http://www.antiquities.org.il/article_eng.aspx?sec_id=17&sub_subj_id=468
  20. Encyclopaedia Judaica: Ra-Sam. — Macmillan Reference USA Կէտեր հրատարակչութեան հետ համագործակցութեամբ, 2007: — Էջ 422:
  21. Gilbert Martin. The 'Wailing Wall' Under Ottoman rule 1517–1917 // Jerusalem Illustrated History Atlas. — Լոնտոն. Անգլիացի հրեաներու ներկայացուցիչներուն պալատը, 1977: — Էջ 31
  22. Rossoff Dovid. Beyond the Walls: 1870–1900 // Where Heaven Touches Earth
  23. Stockman-Shomron Israel. Jerusalem in Islam: Faith and Politics // Israel, the Middle East and the Great Powers. — Transaction Publishers, 1984: — Էջ 43:
  24. Lang, Yossef The Hirschensohn Family of Publishers in Jerusalem, 1882–1908
  25. Gilbert Martin. War, 1914–1917 // Jerusalem in the Twentieth Century. — Լոնտոն: Chatto & Windus, 1996
  26. https://books.google.am/books?id=s1ccAQAAMAAJ&redir_esc=y&hl=hy - 1915 - Էջ 638:
  27. Armstrong Karen (2001 թվական ապրիլի 16)։ «Islam's Stake»։ TIME։ «В 16 веке оттоманский султан Сулейман Великолепный разрешил евреям сделать Западную Стену своим официальным святым местом и приказал своему придворному архитектору Синану построить для них там ораторий.» 
  28. Gonen Rivka (2003)։ Contested Holiness։ KTAV հրատարակչություն։ էջեր 135–137։ ISBN 0-88125-799-0։ «Возможно, что официальное признание права евреев молиться у Стены было оформлено уже во второй половине шестнадцатого века "фирманом" (официальным декретом), изданным Сулейманом Великолепным. Этот фирман мог быть связан с усилиями, прилагавшимися оттоманским правителем, чтобы приманить в Палестину евреев в качестве противовеса арабскому населению, бунтовавшему против новых правителей, бывших не арабами, а турками» 
  29. 29,0 29,1 29,2 29,3 29,4 29,5 Löfgren, Eliel; Barde, Charles; Van Kempen, J. (1930 թուականի Դեկտեմբեր). Report of the Commission appointed by His Majesty’s Government in the United Kingdom of Great Britain and Northern Ireland, with the approval of the Council of the League of Nations, to determine the rights and claims of Moslems and Jews in connection with the Western or Wailing Wall at Jerusalem (UNISPAL doc A/7057-S/8427, 23 Փետրուար 1968)

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]