Թորոնթոհայ (ամսաթերթ)
Թորոնթոհայ, հիմնադրուած է 2005 թուականին, իր տարբեր թեմաներով եւ հետաքրքրական յօդուածներով, ինչպէս անգլերէն, այնպէս ալ հայերէն, դարձեր է Թորոնթոյի հայ համայնքի հարթակը:
Թորոնթոհայն ունի նաեւ նորութիւններ եւ յօդուածներ Հայաստանի մասին, հայ արտասահմանցի եւ այլ հետաքրքիր եւ զուարճալի թեմաներ: Այն լայնօրէն կ'ընթերցուի եւ կը փնտռուի համայնքի անդամներուն կողմէն եւ կը շարունակէ բարձրացնել ընթերցողութիւնը կայուն քայլերով: Թորոնթոհայը կը տպագրուի շարք մը փորձառու լրատուամիջոցներու մասնագէտներու կողմէն` երկար տարիներ եւ այժմ սփիւռքի մէջ յայտնի թերթ է: Իր այժմէական խմբագրական բովանդակութիւնը, նորարարական ծրագծականը եւ էջադրումը օժտած է հրատարակութեան նոր եւ ժամանակակից տեսք:
Մօտաւորապէս 3000 օրինակ կը բաշխուի ամէն ամիս Թորոնթոյի եւ յարակից շրջաններու մէջ գտնուող բոլոր խոշոր հայկական կեդրոններուն, եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, գրասենեակներուն եւ Միջին Արեւելեան խանութներուն:
Կրկնօրինակներու առաքումը կը մատուցուի նաեւ հարաւային Օնթարիօ հայ համայնքներուն, ներառեալ Քէմպրիճի, Համիլթոնի եւ Սբ. Քեթրինի, մօտաւորապէս ընթերցողութիւնը հասանելի դարձնելով 20.000 ընթերցողի:
Թորոնթոհայի առցանց հրատարակուող էջերը «issuu» հասանելի են հետեւեալ հասցէով` https://issuu.com/torontohye
Թորոնթոհայը անվճար է: Բայց եւ այնպէս, տնային բաժանորդագրութիւնները մատչելի են $ 40 Գանատական տարեկան բաժանորդագրութեամբ:
Աւելի քան տասնամեակ մը արդէն, Թորոնթոհայը նոյնպէս դարձած է արդիւնաւէտ գովազդային գործիք բազմաթիւ ընկերութիւններու եւ համայնքային կազմակերպութիւններու համար:
Թորոնթոհայի կայքէջը՝ http://torontohye.ca։
Խմբագրութեան Անձնակազմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Թորոնթոհայ ամսաթերթի խմբագիր՝ Կարին Սաղտըճեան-Տէր Յակոբեան,
- Էջադրումի եւ ծրագծական արուեստի ծրագրող` Արա Տէր Յարութիւնեան,
- Վարիչ` Հելէն Նաճարեան,
- Գովազդի վաճառք՝ Սեւակ Յարութիւնեան։
Պարգեւներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուրբաթ, 19 Մայիս, 2017-ին «Victoria Day» երկար շաբաթավերջի նախօրեակին՝ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահին մէջ եռուզեռ է։
Մուտքին՝ «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի տասներկու տարիներու վաստակը՝ մեծ կլոր սեղանին վրայ ճաշակաւոր կերպով իրարու վրայ դիզուած թերթերու կոյտը՝ Թորոնթոյի հայ համայնքին յատկապէս ու հայութեան ընդհանրապէս՝ պատմութենէն փրցուած հատոր մը ըլլայ կարծես, որուն էջերուն մէջ կան բազմաթիւ յատկանշական ձեռքբերումներ, պատերազմ ու խաղաղութիւն, համով ճաշեր, միութենական անծայրածիր գործունէութիւն, առօրեայ մտորումներ, գրական գոհարներ, թուաբանութեան անկիւն, հին ու նորօրեայ հերոսներ ու վերջապէս՝ անցեալն ու ապագան, համամարդկայինն ու ազգայինը իրարու շաղախող՝ թիւով 139 հրատարակութիւն։
«Թորոնթոհայ» ամսաթերթին ծնունդ տուող ու հովանաւոր՝ ՀՅԴ Սողոմոն Թէհլիրեան Կոմիտէի, ինչպէս նաեւ բոլոր համայնքին թարգմանը կը հանդիսանայ յիշեալ Կոմիտէի հերթապահ Յակոբ Ճանպազեան, շեշտելով «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի անհրաժեշտ դերը, գնահատելով խմբագիրը՝ Կարին Սաղտըճեանն ու էջադրող արուեստագէտ Արա Տէր Յարութիւնեանը, իրենց նուիրումին ու վաստակին համար, քաջալերելով հայ համայնքը, որ շարունակէ իր օժանդակութիւնը բերել՝ սատար հանդիսանալով թերթի վերելքին։ Կարինն ու Արան կը պարգեւատրուին Սգաութ Թիւֆէնքճեանի հեղինակութեամբ «Միայն աշխարհը կայ» ‘There is only the earth’ գիրքէն օրինակներով։ [1] |
NEPMCC- Best Editorial Concept Լաւագոյն Խմբագրական Մտապատկեր
NEPMCC- Best Graphic Design Լաւագոյն ծրագծական արուեստ
RA Ministry of Diaspora- Award for Promoting and Armenian Culture and Language Սփիւռքի Նախարարութեան պարգեւատրումը՝ Հայ Մշակոյթը եւ Հայ լեզուն խթանման աւանդի համար: