Jump to content

Թորգոմ Ա. Քհնյ. Յակոբեան

Թորգոմ Ա. Քհնյ. Յակոբեան
Ծնած է 1923
Ծննդավայր Կարմուճ
Մահացած է 9 Սեպտեմբեր 2009
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Քահանայ
Ամուսին Զուարթ Թրթոեան
Երեխաներ Ծովիկ, Նուշիկ եւ Սոնիկ

Թորգոմ Ա. Քհնյ. Յակոբեան, աւաղանի անունով Խորէն, ծնած է Կարմուճ, 1923-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Արար Բունարի Ազգ. Խրիմեան վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք յաճախած է Հալէպի Կիւլպէնկեան Արհեստից վարժարանը։

Երիտասարդ տարիքին ընտրած է իր կեանքի ընկերը՝ օրդ. Զուարթ Թրթոեանը, ուրուն հետ պսակուած է 10 Հոկտեմբեր 1954-ին, Պէյրութի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ եւ ոնեցած է երեք զաւակներ՝ Ծովիկ, Նուշիկ եւ Սոնիկ։

Խորէն եղած է ժամասէր ու մանկութեան օրերէն սկսեալ յաճախած է եկեղեցի, մաս կազմելով դպրաց դասին։ 1946-ին ձեռնադրուած է դպիր, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ՝ Եփրեմ Տոհմունի Սրբազանին։

Ան մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է ազգային ու գաղափարական կեանքին նկատմամբ։ Հաւաքական աշխատանքներուն իր գործօն մասնակցութիւնը բերելով, ան օգտակար ծառայութիւններ մատուցանած է իր ազգին։

1960-ին, երբ Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է, Տէր Թորգոմ հոգեւոր Հովիւ նշանակուած է Նիւ Եորքի Սիրաքիւղի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ, ուր կարճատեւ պաշտօնավարութենէ ետք, յաջորդաբար քահանայագործած է Նիակարա Ֆոլղի Ս. Յակոբ ու Թրոյ Ալպրնիի Ս. Խաչ եկեղեցիներուն մէջ։ Իսկ 1962-ին, տեղափոխուած է Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, ուր մինչեւ իր վախճանումը պաշտօնավարած է սոյն եկեղեցւոյ մէջ։

Տէր Թորգոմ վախճանած է 9 Սեպտեմբեր 2009-ին։ Թաղման կարգն ու վերջին օծումը կատարած է Տ. Անուշաւան Ս. Եպս. Դանիէլեան, Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ եւ մարմինը ամփոփուած է հայոց գերեզմանատան մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 248։