Թովմաս ֆասուլեաճեան

Թովմաս Ֆասուլեաճեան, ծնած է Պոլիս 1843ին:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գումգափուի թաղային վարժարանը չէ կրցած աւարտել: 1858 ին Խասքէօյի Հայոց Վարժարանին թատերական ներկայացումներուն մասնակցած եւ անկէ Բերայի Արեւելեան թատրոնին անցած է ուր հայերէն լեզուով տրուած ներկայացումներուն մէջ սիրահար երիտասարդի դերերով շատ քիչ ժամանակի մէջ ուշադրութիւն գրաւած է: 1862ին Իզմիրի Էքշեանի թատերախումբին մէջ արուեստագի իրական կարողութիւններ ի յայտ բերած եւ մէծ հրչակ շահած է:

Ֆասուլեաճեան ամուսնացած է Իզմիրի մէջ, ուր իր կինը Պայծառն ալ բեմ ելած եւ ներկայացումներուն մասնակցած է: Ֆասուլեաճեան իր կնոջ հետ ներկայացումներ տուած է նաեւ Տրապզոնի, Կովկասի եւ Հարաւային Ռուսիոյ մէջ եւ ամէն տեղ մեծ անուն հանած եւ տեղացի Հայոցմէ գնահատուած է: Պոլիս վերադարձին, նախ ներկայացումներ տուած է Սկիւտարի Ազիզէ թատրոնին մէջ, իսկ աւելի ետք Կիւլլիւ Ակոբի հրաւէրին վրայ մասնակցած է Կէտիկփաշայի թատրոնին: Ֆասուլեաճեան, հոն աշխատած է նաեւ իբր դերուսոյց եւ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է իր ընկերներուն վրայ: Անկէ վերջն է որ կը սկսի իր ծարայութիւնը թրքական թատրոնին: 1880ին, երբ Կիւլլիւ Ակոբ վերջնականապէս հեռացաւ, Ֆասուլեաճեան խումբ մը կազմելով Պուրսա գնաց, ուր երկար ատեն թուրքերէն ներկայացումներ տուաւ: Այդ շրջանին Ահմէտ Վէֆիք փաշա Պրուսայի կուսակալն էր: Ան առաւելագոյն  չափով  պաշտպանեց Ֆասուլեաճանի թատրոնը եւ բիեսներու պատրաստութեամբ անձանբ զբաղեցաւ: Մասնաւորաբար Թուրքերենի թարգմանուեցան Մօլիէրի գործերը, որոնք մեծ յաջողութեամբ ներկայացուեան:

Այդ միջոցին գեղեցիկ թատրոն մը շինուած էր Պուրսայի մէջ եւ Թուրք ու Հայ դերասաններէ բաղկացած խումբ մը կազմուած էր: Ահմէտ Վէֆիք փաշա, կուսակալութեան ծախքով շինել տուած էր թատրոնը, զոր ձրիօրէն տրամադրած էր Ֆասուլեաճեանի  խումբին, պայմանաւ որ տարին երկու ներկայացում տայ ի նպաստ տեղական հիւանդանոցին:

1885ին, երբ Ահմէտ Վէֆիք փաշա Պրուսայի կուսակալութենէն հրաժարեցաւ, Ֆասուլեաճեանին խումբն ալ ստիպուեցաւ մեկնիլ Պրուսայէն: Պոլսոյ մէջ խումբը ցրուեցաւ, Ֆասուլեաճեան  Եւրոպա գնաց  եւ երեք տարի յետոյ վերադառնալով նոր խումբ մը կազմեց ու Սամսոն գնաց: 1891ին այցելեց Ռօտոսթօ եւ բաւական շրջելէ վերջ ուզեց կրկին հայերէն ներկայացումներ տալ, բայց հանդիսատես չգտաւ: Այս պայմաններուն մէջ, ան հեռացաւ Թուրքիայէն եւ ութը տարի ներկայացումներ տուաւ Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ հայերուն: Պուլկարիոյ մէջ հիւանդանալով, դարմանուելու համար Փարիզ գնաց, բայց Աղեքսանդրիա վերադարձին 1901ին մեռաւ թշուար վիճակի մէջ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ընդերցակ Տարեցոյց Ս․Փրկիչ 1931
  • Քուլիս թիւ․1077 Սեպտեմբեր 1994
  • Նշան Պէշիկթաշլեան Թատերական Դեմքեր 1969