Թմրաքուն
Թմրաքուն (յունարէն՝νάρκωσις՝ թմրութիւն, ընդարմացում, հոմանիշներ՝ ընդհանուր ցաւազրկում, ընդհանուր անզգայացում)՝ արհեստականօրէն յառաջացած կեդրոնական ջղային համակարգի յետադարձելի արգելակման վիճակ, որու ընթացքին քուն կը յառաջանայ, յիշողութեան եւ գիտակցութեան կորուստ (ամնեզիա), կմախքային մկաններու թուլացում, որոշ անդրադարձներու նուազում կամ բացակայութիւն, ինչպէս նաեւ ցաւի զգացման կորուստ (տեղի կ'ունենայ ընդհանուր ցաւազրկում)։ Այս բոլորը կը յառաջանան մէկ կամ քանի մը ընդհանուր անզգայացուցիչներու ներարկումով, որոնց օփթիմալ դեղաբաժինն ու համադրութիւնը կ'ընտրուի բժիշկ-անզգայացնողներու կողմէ՝ նկատի առնելով տուեալ հիւանդին անհատական յատկութիւնները եւ բժշկական գործողութեան տեսակները։
Թմրաքունի վիճակը կը բնութագուի կեդրոնական ջղային համակարգին (ԿՆՀ) յետադարձելի արգելակումով, գիտակցութեան անջատմամբ, զգայականութեան (առաջին հերթին ցաւային) եւ անդրադարձներու հակադարձութիւններու ճնշումով, կմախքային մկաններու գործունէութեան անկումով։ Թմրաքունի միջոցները կը ճնշեն միջնեյրոնային (synaptic) արթննալու փոխանցումը ԿՆՀ-ի մէջ։ Այդ պարագային կը խանգարուին աֆֆերենտալ իմպուլսներու փոխանցումը, կը փոխուին գլխուղեղի կեղեւը, միջանկեալ ուղեղին գործառոյթը, միջնուղեղի, ողնուղեղի եւ synaptic փոխանցման խախտումով, եւ կը խթանեն թմրաքունի զարգացման։
Դարմանատնային ընդունումները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թմրաքունի առաջնային նպատակը օրկանիզմի պատասխան հակազդեցութեան դանդաղեցումն է վիրաբուժական միջամտութիւններուն, ամէնէն առաջ ցաւի զգացողութեան։ Այս պարագային բժշկական քունը, որու հետ ալ շատ յաճախ կը կապուի «թմրաքուն» հասկացութիւնը, կը համարուի թմրաքունի լոկ մէկ բաղադրիչը։ Թմրաքունի անցման ատեն կարեւոր է նաեւ օրկանիզմի ճնշման կամ ինքնաշարժ անդրադարձներու զգալի նուազման արտայայտումը վիրաբուժական վնասուածքներուն, որոնք կը յառաջանան սրտի աշխատանքի յաճախականութեան հետ, զարկերակային ճնշման բարձրացումով եւ այլ երեւոյթներու, որոնք կրնան տեղի ունենալ նոյնիսկ գիտակցութեան բացակայութեան ատեն։ Ինքնաշարժ անդրադարձներու այս ճնշումը կը կոչուի ցաւազրկում։ Թմրաքունի երրորդ բաղադրիչը մկանային թուլացումն է, որ անհրաժեշտ է վիրաբուժական աշխատանքի անհրաժեշտ պայմաններու ապահովումին համար։
Ցաւը եւ անոր հետ պայքարը առաջնային է։ Եթէ ցաւ չըլլայ, չեն գործարկուիր բնախօսական պաշտպանական մեքենականութիւնները։ Անիկա անզգայացնողի հիմնական պարտականութիւնն է, որ կը կանխէ անոր նման զարգացումները։
Հասկացութեան մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Թմրաքուն» հասկացութեան տակ մենք կը հասկնանք օրկանիզմի ընդհանուր անզգայացումը։ Երբ խօսքը տեղային անզգայացման մասին է, կ'օգտագործուի «տեղային ցաւազրկում եզրը»։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին ցաւազրկող միջոցները կը պատրաստուէին (ափիոնի, կանեփի, փերթի, մոլեխինդի եւ այլն) զանազան բոյսերէ՝ ոգելոյծերու կամ արգանակներու տեսքով։
Ժգ. դարուն Սպանացի Ռ. Լուլլի կը յայտնաբերէ եթերը, եւ 1540-ին Պարացելս զայն կը բնութագրէ իբրեւ ցաւազրկող միջոց։ 16 Հոկտեմբեր 1846-ին Պոսթընի դարմանատան մէջ (ԱՄՆ) Ուիլիամ Թոմաս Կրին Մորթոնն կը ներկայացնէ տիեթիլային եթերով թմրաքունի առաջին հանրային ցուցադրումը ենթածնօտային ուռուցքի հեռացման ատեն։ Ռուսաստանի մէջ եթերային թմրաքունը առաջին անգամ կատարուած է 7 Փետրուար 1847-ին՝ Ֆ. Ի. Ինոզեմցեվի կողմէ, իսկ 14 Փետրուարին ռուս գիտնական եւ բժիշկ Նիկոլայ Իվանովիչ Պիրոգով առաջին անգամ զայն օգտագործած է վիրահատութեան ատեն, ցաւազրկելու համար։
Ի.դարու վերջաւորութեան թմրաքունի համար կը սկսին օգտագործել նաեւ քսենոն։
Թմրաքունի դասակարգումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ըստ ջղային համակարգին վրայ ազդելու գործօններու ընդհանուր ցաւազրկման ատեն՝ թմրաքունի հիմնական տեսակը կը համարուի դեղաբանական թմրաքունը (մէկ կամ քանի մը դեղամիջոցներու օգտագործում)։ Կ'առանձնացնեն նաեւ ելեկտրաջղաձգութիւնն ու քնախտը (Հիպնոս)։ Բայց անոնք հազուադէպ կ'օգտագործուին։
- Ըստ օգտագործուող դեղանիւթերու քանակի.
- Մոնոնարկոզ՝ մէկ միջոցի օգտագործումով։
- Խառն թմրաքուն՝ երկու կամ աւելի նիւթերու միաժամանակ օգտագործում։
- Համակցուած թմրաքուն՝ տարբեր անզգայացնող դեղերու կամ նիւթերու համակցուած օգտագործում վիրահատութեան ատեն, որոնք կ'ազդեն օրկանիզմի որոշակի գործառոյթներու վրայ։
- Վերջին դէպքին մէջ թմրաքունը կ'անուանուի բազմաբաղադրամաս անզգայացում։
Թմրեցուցիչներու տեսակները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կը տարբերին՝
- Ներշնչելով
- Համակցուած թմրեցուցիչներ։
Ներշնչուող թմրեցուցիչներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ներշնչուող թմրեցուցիչը կը կիրարկուի կրծքավանդակի օրկաններուն, ինչպէս նաեւ այլ բարդ վիրահատութիւններու պարագային, եւ կ'օգտագործուին հեղուկ կամ կազային թմրեցուցիչ դեղանիւթեր, որոնք կը ներմուծուին շնչառական ուղիներով։ Լայն տարածում ունին եթեր-թթուածային եւ բորակածինի ենթօքսիտ-թթուածնային ներշնչուող թմրեցուցիչները։ Այդ նիւթերու ճիշդ դեղաչափութեան համար կը գործածուին անզգայութեան գործիքներ։ Ներշնչուող թմրեցուցիչներու ատեն նկատի կ'առնուին չորս շրջաններ՝
- Ցաւազրկում
- գրգռում
- քուն (իր հերթին կը բաժնուի չորս փուլի)
- արթնացում։
Վիրահատութիւնները հիմնականին մէջ կը կատարուին երրորդ փուլի ընթացքին։
Ոչ ներշնչուող թմրեցուցիչ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ոչ ներշնչուող թմրեցուցիչը գլխաւորաբար կ'ըլլայ ներերակային եւ ուղիղաղիքային ճամբաներով։ Ներերակայինի համար կ'օգտագործուին sodium evipan-ի կամ հեքսենավի, sodium pentothal-ի կամ sodium thiopental-ի լուծոյթներ։ Քունը կը յառաջանայ շատ արագ (1-2 վայրկեան ետք), առանց գրգռումի շրջանի, կարճատեւ է, բայց խոր, ուստի կը կիրարկուի կարճատեւ վիրահատութիւններու ատեն կամ նարկոզի այլ եղանակներու հետ համակցուած։ Ուղիղ-աղիքային նարկոզի պարագային կը ներարկուի avert in, narcoland, sodium thiopental, եւ այլն։ Քունը կը յառաջանայ 10-15 վայրկեան ետք, կ'ըլլայ մակերեսային, բայց երկարատեւ (4-5 ժամ)։ Անհրաժեշտութեան պարագային կ'օգտագործուին այլ դեղամիջոցներ։ Համակցուած թմրեցուցիչը կը կատարուի տարբեր թմրեցնող դեղամիջոցներու եւ անոնց ներմուծման առանձին ձեւերու յաջորդական կիրարկումով։ Կարելի է թմրեցնել նաեւ հիպնոսի եւ ելեկտրական հոսանքի միջոցով։
Թմրաքունի ընթացք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թմրաքունի փուլեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կ'առանձնացնենք թմրաքունի հետեւեալ փուլերը.
- Ա. հանգրուան՝ ցաւազրկում։
- Բ. հանգրուան՝ գրգռման
- Գ. հանգրուան՝ վիրաբուժական թմրաքունի հանգրուան։
- Ա. մակարդակ (Գ.)՝ մակերեսային անզգայացում,
- Բ. մակարդակ (Գ.)՝ թեթեւ անզգայացում
- Գ. մակարդակ (Գ.)՝ խոր անզգայացում
- Դ. մակարդակ (Գ.)՝ չափազանց-խոր անզգայացում
- Դ. հանգրուան՝ հոգեւարքային։
Բարդութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թմրաքունի ատեն երբեմն կ'ըլլան բարդութիւններ, ամէնէն ծանրը սրտի եւ շնչառութեան կանգն է։ Բարդութիւններու ատեն գործածուող միջոցառումները լաւ մշակուած են եւ մեծ մասամբ արդիւնաւէտ են։ Քնաբեր նիւթը քիչ ծախսելու, ոչ խոր քուն յառաջացնելու եւ թունաւորումէ խուսափելու, միաժամանակ վիրահատութեան համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու նպատակով (հիւանդին հանգիստ վիճակ, մկաններու թուլացում) կը կիրարկուին բուժիչ դեղամիջոցներ։
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ս. Ա. Սումին, Մ. Վ. Ռուդենկո, Ի. Մ. Բորոդինով «Анестезиология и реаниматология»։ 2 հատորով։ Բժշկական տեղեկատուական գործակալութիւն 2010 թ.
- «Анестезиология и реаниматология» Օ. Ա. Դոլինա։ ГЭОТАР-Медиа, 2009: