Թիմկատ (Քաղաք)
Բնակավայր | |
---|---|
Թիմկատ | |
![]() | |
Երկիր |
![]() |
Տարածութիւն | 90,54 հեկտար |
Ժամային գօտի | UTC+1 |
Թիմկատ քաղաքը շինուած է հռոմէացիներուն կողմէ Ալճերիոյ հիւսիս արեւելքը, Օրեսի լեռներուն միջեւ, Պաթնա քաղաքէն 35 քմ դէպի արեւելք[1]։
Անուանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քաղաքին ամբողջական անուանումը եղած է Քոլոնիա Մարսիանա Ուլփիա Տրայանա Տամուկատի (Colonia Marciana Ulpia Traiana Thamugadi.)։ Տրայանոս քաղաքը անուանած է իր մօր՝ Մարսիային, մեծ քրոջ Ուլփիա Մարսիանային եւ հօր Մարքուս Ուլփիուս Տրայանոսի յիշատակին։
Հիմնադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հռոմէական կայսրութեան թաքուն նպատակներէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երբ Ք.Ա. առաջին դարուն հռոմէական իշխանութիւնը կը հասնի Հիւսիսային Ափրիկէ, կարգ մը վրանաբնակ ցեղեր կատաղի հակառակութիւն ցոյց կու տան։ Հռոմէացիները խաղաղութիւն հաստատելու համար այդ շրջանի ժողովուրդին հետ, սկիզբը, Օգոստոսեան երրորդ լեգէոնի զինուորները բազմաթիւ պարսպապատ բանակավայրեր եւ պահակավայրեր կը հաստատեն այն լայնատարած լեռնային շրջանին մէջ, որ այժմ Ալճերիոյ հիւսիսը կը գտնուի։ Ապա, անոնք Թիմկատ քաղաքը կը կառուցեն, բայց բոլորովին ա՛յլ նպատակով։
Պաշտօնական գետնի վրայ, հռոմէացիները Թիմկատը կը հիմնեն հանգստեան կոչուած վեթերաններու համար. սակայն խորքին մէջ, անոնք քաղաքը կը շինեն՝ այդ շրջանի ցեղախումբերուն ընդդիմութիւնը տկարացնելու համար։ Թիմկատի հանգստաւէտ կեանքը շուտով բնիկ մարդոց ուշադրութիւնը կը գրաւէ, որոնք հոն կու գային իրենց ապրանքը ծախելու։ Քաղաքին բնակիչները միայն Հռոմի քաղաքացիներ պէտք էր ըլլային։ Ուստի տեղացիներէն շատեր՝ յուսալով հոն ապրիլ, 25 տարուան պայմանաժամով կամաւ կ'անցնին հռոմէական լեգէոնի շարքին, որպէսզի թէ՛ իրենք եւ թէ իրենց որդիները Հռոմի քաղաքացիութիւն ստանան։
Ափրիկեցիներէն ոմանք չեն բաւականանար Հռոմի քաղաքացիութիւն ձեռք ձգելով. անոնք նոյնիսկ բարձր դիրքերու կը հասնին Թիմկատի կամ ա՛յլ գաղութային քաղաքներու մէջ։ Ծրագիրին հաստատումէն կէս դար ետք, Թիմկատ քաղաքի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը բաղկացած կ'ըլլայ հիւսիսային ափրիկեցիներէ[2]։
Հիմնուած է 100 թուականին, Տրայանոս կայսեր կողմէ, հսկելու համար լեռներէն իջնող բնիկ ցեղախումբերը, նշանաւոր պէրպէրները: Սկիզբը քաղաքը ունէր 367 մեթրով 329 մեթր քառանկիւնի ձեւ: Յաղթութեան կամարը, Ֆորում հրապարակը, մեծ ջերմային լոգարանները եւ 3500 հանդիսատեսներով թատրոնը փաստ մըն էին Թիմկատի սքանչելի գեղեցկութեան[3]:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քաղաքը կը գտնուի վեց ճամբաներու խաչմերուկին։
Եղած է պարսպապատուած։
Սկիզբը նախատեսուած էր շուրջ 15 հազար բնակչութեան համար, բայց արագօրէն ընդարձակուած է։
Հիմնադրման ատեն քաղաքը շրջապատող տարածքը գիւղատնտեսական հողատարածք եղած է, ծովու մակերեւոյթէն շուրջ 1000 մեթր բարձրութեան վրայ։

Քաղաքին արեւմտեան մասին ծայրը կը բարձրանայ 12 մ բարձրութիւն ունեցող յաղթակամար մը, որ կը կոչուի Տրայանոսի կամար։ Վերջինս մասնակիօրէն վերականգնած է 1900-ին։ Կամարը գլխաւորաբար պատրաստուած է աւազաքարէ: Ծանօթ է նաեւ իբրեւ Թիմկատի կամար։
3500 հոգինոց թատրոնը լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ կ'օգտագործուի ժամանակակից արարողութիւններու համար։ Միւս հիմնական շէնքերը կը ներկայացնեն չորս բաղնիքներ, գրադարան եւ պազիլիք։
Քաղաքին արեւելքը կը գտնուի մեծ բիւզանդական միջնաբերդ մը, որ կառուցուած է քաղաքին վերջին օրերուն։
Արաբական ներխուժումը Թիմկատի վերջնական աւերման պատճառ կը դառնայ։ Քաղաքը կը փճացուի Ք. Ե. Զ. դարուն, պէրպէրներուն կողմէ:
Ը. դարէն ետք, քաղաքը կը դառնայ անբնակ:
Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թիմկատ 1982-ին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Թիմկատի աւերակները՝ 24 Փետրուար, 1928