Թատրոնի Համաշխարհային Օր
| Թատրոնի Համաշխարհային Օր | |
|---|---|
|
| |
| Տեսակ | Միջազգային օր |
| Ամսաթիւ | 27 Մարտ |
| Հաստատուած | 1961[1] |
| Ի յիշատակ | Թատրոն[1] |
| Կայք | world-theatre-day.org(անգլերէն) և world-theatre-day.org/…(սպան․) |
Թատրոնի Համաշխարհային Օր (անգլերէն՝ World Theatre Day), մասնագիտական միջազգային տօն, նուիրուած թատրոնի բոլոր աշխատողներուն։
Կը նշուի ամէն տարի, 27 Մարտին, «Թատրոնը իբրեւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան ամրապնդման եւ փոխըմբռնման միջոց» խորագիրով:
Թատրոնը կը համարուի ամէնէն հին արուեստի ձեւերէն մէկը։ Անոր արմատները կը հասնին մինչեւ հին ժամանակներ, յատկապէս՝ Հին Յունաստան, ուր կազմակերպուած էին առաջին թատերական ներկայացումները։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Թատրոնի Համաշխարհային Օր»ը սահմանուած է 1961-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կից Թատրոնի Միջազգային հիմնարկի 9-րդ քոնկրէսի պատուիրատուներու նախաձեռնութեամբ[2] (ստեղծուած է Փրակի մէջ, Չեխոսլովաքիա, 1948-ին):
Այս օրը թատրոնի մէջ աշխատողներու՝ դերասաններու, թատերական բեմադրիչներու, արտադրիչներու, լուսային մասնագէտներու, հնչիւնային մասնագէտներու, խմբագիրներու, ձեւաւորողներու եւ նոյնիսկ տոմսավաճառներու ու հանդերձարանի մէջ աշխատողներու մասնագիտական տօնն է։
23 Յունուար 1933-ին ՄԳԱԹ-ի հանդերձարանի աշխատողներուն ուղղուած նամակի մը մէջ, ռուս գրող եւ թատերական ղեկավար Կոստանդին Ստանիսլաւսկի գրած է․ «Ներկայացումը կը սկսի թատրոնի շէնք մուտք գործելու պահէն: Դուք առաջինն էք, որ կը դիմաւորէք հանդիսատեսը...»: Այս մէջբերումը ժամանակի ընթացքին վերածուած է թեւաւոր խօսքի՝ «Թատրոնը կը սկսի կախիչներէն», որմէ պարզ կը դառնայ, որ թատրոնի մէջ չկան երկրորդական դերեր եւ մասնագիտութիւններ:
Թատերական արուեստի սիրահարներուն համար, «Թատրոնի օրը» իսկական տօն է, քանի որ այդ օրը տեղի կ'ունենան հանդիսաւոր ձեռնարկներ «մշակութային տաճարներու մէջ», տարբեր թատերական փառատօններ, իսկ որոշ թատրոններ այդ օրը կը փորձեն ցուցադրել նոր ներկայացումներ առաջին բեմականացումներ[3]:
Այս օրուան առիթով շատ թատրոններ կը կազմակերպեն յատուկ ներկայացումներ, զեղչուած տոմսեր եւ բաց դասախօսութիւններ՝ թատրոնը աւելի մօտեցնելու հանրութեան։
Կարգ մը երկիրներու մէջ, այս օրը կը յանձնուին մրցանակներ եւ գնահատականներ՝ արժեւորելու թատերական գործունէութիւնը։
Իսկ դպրոցներու եւ մշակութային կեդրոններու մէջ, կը կազմակերպուին բեմադրութիւններ, ուր երիտասարդները կը փորձեն իրենց դերասանական կարողութիւնները։
Այս օրը նաեւ կը փոխանցէ խաղաղութեան եւ մշակութային երկխօսութեան պատգամ մը, որովհետեւ թատրոնը կը միացնէ տարբեր ժողովուրդներ։

Թատրոնի օրը Հայաստանի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստանի մէջ Թատրոնի Միջազգային Տօնը ամէն տարի կը նշուի 27 Մարտին: Այդ օրը թատրոնի գործիչներու միութիւնը կը կազմակերպէ «Արտաւազդ» մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին կը գնահատուին թատերական արուեստի նախորդ տարուան ձեռքբերումները։
Ուղերձներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամէն տարի կը գրուի «Միջազգային ուղերձ» մը, զոր կը ներկայացնէ նշանաւոր արուեստագէտ մը։ Այդ ուղերձը կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու եւ կը տարածուի աշխարհով մէկ։
2023-ին, Եգիպտացի նշանաւոր դերասանուհի Սամիհա Այյուպ այս տօնին առիթով իր յղած ողերձին մէջ կ'ըսէ.
| Թատրոնը իր սկզբնական էութեան մէջ, զուտ մարդկային արարք մըն է, հիմնուած՝ մարդկութեան իսկական էութեան վրայ, որ կեանքն է։ Ինչպէս մեծ նորարար Կոստանդին Ստանիսլավսկի ըսած է․ «Երբեք թատրոն մի՛ մտնէք աղտոտ ոտքերով։ Ձեր փոշին ու կեղտը դուրսը ձգեցէք։ Ձեր փոքրիկ հոգերը, վէճերը, չնչին դժուարութիւնները՝ այն բոլորը, որ կը խանգարէ ձեր կեանքը եւ ձեր ուշադրութիւնը կը շեղէ ձեր արուեստէն, ձգեցէ՛ք դրան մօտ»։
Երբ բեմ կը բարձրանանք, կը բարձրանանք միայն մէկ կեանքով՝ մէկ մարդ արարածի համար, սակայն այս կեանքը մեծ կարողութիւն ունի բազմապատկուելու եւ բաժնուելու՝ դառնալու բազմաթիւ կեանքեր, զորս մենք կը տարածենք այս աշխարհին մէջ, որպէսզի ան կենդանանայ, ծաղկի եւ իր բոյրը տարածէ ուրիշներու վրայ։ Ինչ որ մենք կը կատարենք թատրոնի աշխարհին մէջ՝ իբրեւ գրողներ, բեմադրիչներ, դերասաններ, բեմանկարիչներ, բանաստեղծներ, երաժիշտներ, պարագէտներ եւ արհեստաւորներ, բոլորս առանց բացառութեան, կեանք ստեղծելու արարք մըն է՝ կեանք մը, որ գոյութիւն չունէր մինչեւ մեր բեմ բարձրանալը։ Այս կեանքը արժանի է խնամող ձեռքի մը, որ զայն կը պահէ, սիրող կուրծքի մը, որ զայն կը գրկէ, բարի սիրտի մը, որ զայն կը զգայ, եւ սթափ միտքի մը, որ զայն կը զինէ այն պատճառներով, որոնք անհրաժեշտ են շարունակելու եւ գոյատեւելու համար։ Չեմ չափազանցեր, երբ կ՚ըսեմ, թէ ինչ որ մենք կը կատարենք բեմին վրայ, կեանքի իսկական արարքն է՝ անոր ծնունդ տալը ոչնչութենէն, ինչպէս մութին մէջ կայծկլտող բոցիկ մը, որ կը լուսաւորէ գիշերուան խաւարը եւ կը ջերմացնէ անոր սառնութիւնը։ Մենք ենք, որ կեանքին կու տանք անոր շքեղութիւնը։ Մենք ենք, որ զայն կը մարմնաւորենք։ Մենք ենք, որ զայն կը դարձնենք կենսունակ եւ իմաստալից։ Եւ մենք ենք, որ կու տանք զայն հասկնալու պատճառները։ Մենք ենք, որ արուեստի լոյսով կը դիմագրաւենք տգիտութեան եւ ծայրայեղութեան խաւարը։ Մենք ենք, որ կը գրկենք կեանքի վարդապետութիւնը, որպէսզի կեանքը տարածուի այս աշխարհին մէջ։ Ասոր համար կը ներդնենք մեր ջանքերը, ժամանակը, քրտինքը, արցունքները, արիւնը եւ ջիղերը՝ ամէն ինչ, որպէսզի իրականացնենք այս վեհ պատգամը՝ պաշտպանելով ճշմարտութեան, բարութեան եւ գեղեցկութեան արժէքները եւ իսկապէս հաւատալով, որ կեանքը արժանի է ապրելու[4]։- Սամիհա Այյուպ |
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 https://www.world-theatre-day.org/index.html
- ↑ «International Theatre Institute ITI»։ www.iti-worldwide.org (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 12-11-2021
- ↑ «World Theatre Day - International Theatre Institute ITI»։ www.world-theatre-day.org (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 12-11-2021
- ↑ Սամիհա Այյուպի ուղերձը՝ 2023-ին
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Թատրոնի համաշխարհային օր պաշտօնական կայք (անգլերէն)
| Ուիքիպահեստ նախագիծի Թատրոնի Համաշխարհային Օր ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |