Jump to content

Թատերախաղ

Կատակերգութեան եւ Ողբերգութեան դէմքերը

Թատերախաղ (Drama), Թատերգութեան երրորդ տեսակը թատերախաղն է, որ ԺԸ. դարէն ծնունդ առած՝ յաջորդական փոքր փոփոխութիւններէ անցնելով յանգած է ձեւի մը, որ մօտ է ժամանակակից թատերգական գործերուն[1]։

Drama բառը յառաջացած է յունական բառէ, որ կը նշանակէ «գործողութիւն» (դասական յունարէն՝ Δράμα, dráma), որ յառաջացած է «ընել»-էն (դասական յունարեն ՝ δράω, dráō): Դերասանները կատարումներով հանդիսատեսին առջեւ կը ներկայանան: Անիկա լայնօրէն կիրարկուող արուեստի ձեւ մըն է, գրեթէ բոլոր մշակոյթներուն մէջ:

Թատերախաղին հետ կապուած երկու դիմակները կը ներկայացնեն աւանդական ընդհանուր բաժանումը կատակերգութեան եւ ողբերգութեան միջեւ: Անոնք հին յունական մուսաներուն՝ Թալիային եւ Մելպոմենէին խորհրդանիշներն են: Թալիան կատակերգութեան մուսան էր (ծիծաղող դէմքը), իսկ Մելպոմենան ողբերգութեան մուսան էր (լացող դէմքը):

Թատերախաղի զարգացման կարեւորագոյն հանգրուանը եղած է ԺԹ. դարու Ա. կիսուն (վիպապաշտ հոսանքը կամ դպրոցը (ՇիլլԷր, Հիւկօ))։

Շիլլէր Ֆրիտրիխ

Հայկական թատերգութեան ամէնածանօթ թատերախաղերն են Գ. Սունդուկեանի եւ Ալ. Շիրվանզադէի թատերակները։ Լ. Շանթի թատերական գործերը նոյնպէս թատերախաղի տարբերակներ են։

Իր ընդհանուր գիծերուն մէջ, թատերախաղը կը կայացնէ միջին եզրը՝ ողբերգութեան եւ կատակերգութեան միջեւ. այս երկուքէն տարրեր ունենալով հանդերձ: Անիկա պարզ «խառնուրդ» մը չէ. ունի ուրոյն յատկանիշներ. կ'արտայայտէ կեանքի բնական ընթացքը, անոր իրական պատկերը, ուր ծիծաղ եւ արցունք խառնուած են իրարու՝ սովորական դէպքերու եւ տիպերու շարանի մը մէջ. կը խուսափի զգացական խտացումներէ, միակողմանի դիտանկիւններէ (ողբերգութիւն), չափազանցութիւններէ (կատակերգութիւն)։ Կերպարները կը ներկայացնէ իրենց իրական բարդութեան մէջ։

Բեմագրութիւն կամ շարժագրութիւն (սենարիօ)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շարժանկարի մը պատրաստութեան հիմք ծառայող գրութիւնը անոր համառօտութեամբ եւ խօսակցութիւններով, կը կոչուի բեմագրութիւն կամ շարժագրութիւն, կամ՝ միջազգային գործածութեան հասած բառով մը՝ սենարիօ։ ճիշդ կ'ըլլայ այս վերջինը նկատել թատերգական տեսակ մը, մանաւանդ եթէ ստեղծագործ արտադրութիւն է, եւ ոչ պատշաճեցում՝ արդէն գոյութիւն ունեցող պատմողական կամ թատերգական գործի մը։

Բեմագրութիւնը իբր բնագիր՝ կը յիշեցնէ թատերգութիւնը։ Բայց բնականաբար աւելի անկախ է բեմական հրամայականներէ, որոնք թատերգութեան մէջ քանի մը բառը չեն անցնիր. հոս կրնան աւելի երկար ըլլալ եւ ուրուագծել պատմութիւնը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]