Jump to content

Թայ բռնցքամարտ

Թայ բռնցքամարտ, [1]Թայլանտի մէջ շատ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող մարտարուեստ մը:

2016-ին Թայլանտի բռնցքամարտի խորհուրդին մէջ գրանցուած է մինչեւ 15 տարեկան 9998 երեխայ:

Առօրեայ փորձերը կը սկսին ծանրութեան տոպրակներուն հարուածելով: «Ֆրանսական եւ Թայ բռնցքամարտի մարզաձեւերը կ'արտօնեն ոտքի հարուածները, սակայն Թայ բռնցքամարտի պարագային արտօնուած են նաեւ ծունկի, բռունցքի եւ արմուկի հարուածները:

Մրցաշարքը սկսելէն առաջ պուտտայական հոգեւորականներ կու գան աղօթելու` բռնցքամարտի մրցագորգին վրայ: Մրցաշարքը կը սկսի: Հարուածները իրարու կը յաջորդեն: Անոնք կրնան շատ ցաւցնել: Սակայն փոքրիկ մարզիկները լաւ պաշտպանուած են. անոնք ակռաները պահպանող յատուկ «ատամնաշար» մը կը գործածեն: Մրցում մը բաղկացած է 3 վայրկեան տեւող 5 րաունտէ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]