Թաղավարդ գիւղ
Բնակավայր | |
---|---|
Թաղավարդ գիւղ | |
ազրպ.՝ Tağaverd | |
Երկիր | Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն |
ԲԾՄ | 1003 մեթր |
Բնակչութիւն | 1315 մարդ (2005)[1] |
Ժամային գօտի | UTC+4։00 |
Թաղավարդ, գիւղ Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանին մէջ։ Կը գտնուի հանրապետութեան հարաւ արեւելեան կողմը։ Մարտունիէն 40 քմ, իսկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն՝ 42 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Շրջանը լեռնային է, ունի 2385,59 հա տարածութիւն, որմէ 1345,67 հա գիւղատնտեսական եւ 757,05 հա անտառային հողեր։ Ունի 1301 բնակիչ, որոնք գլխաւորաբար կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ՝ անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ։
Գիւղը ունի գիւղապետարան, մշակոյթի տուն, դարմանատուն եւ 2 դպրոց՝ 194 աշակերտներով։
Գիւղը կը բաժնուի երկու մասի՝ Վերին եւ Ներքին։ Ներքին Թաղավարդէն Շեխեր գացող ճամբուն վերը՝ սարահարթին մէջ, կիսաւեր վիճակի մէջ կը գտնուի Բրդահոնջ եկեղեցին, որ շրջափակուած է պարիսպներով։ Անխաթար մնացած կրկնապատիկները կը պաշտպանեն գիւղին աշտարակները, բնակարանները, ջրաւազանները եւ այրերը։
Տեսարժան վայրեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիւղը ունի տեսարժան վայրեր եւ նիւթական մշակոյթի յուշարձաններ։ Համայնքին պատմամշակութային յուշարձաններն են՝ «Բերդահոնջ» եկեղեցին (ԺԷ. դար), ամրոց Գոռոզ (Բերդահոնջ) (Ը.-ԺԳ. դարեր), Ս. Աստուածածին եկեղեցին (1840), «Ջուխտ պռավածռ» եկեղեցին (ԺԲ.-ԺԳ. դարեր), խաչքար (ԺԲ.-ԺԳ. դարեր), գերեզմանոց (Ժ.-ԺԳ. դարեր) եւ 20 յուշարձան։ Ս. Աստուածածին եղեկեցին եռանաւ պազիլիքի ձեւով կառուցուած շէնք մըն է, արեւելեան կողմէն ունի կիսակլոր կամար՝ բարձր բեմով ու խորաններով։
Գիւղէն կէս քմ հեռաւորութեան վրայ՝ «Գիւնէ բաղ» հանդամասին մէջ կը գտնուի այլ եկեղեցի մը, որ դարձեալ պազիլիքի ձեւով կառոյց մըն է։ Ամենայն հաւանականութեամբ վերակառուցուած է ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն։ Պատերը շարուած են անմշակ լեռնաքարերով եւ կրաշաղախով։ Եկեղեցւոյ դրան մուտքի քարին արձանագրութեան գրուած է․ «Ես… Գրիգորիս շինեցի Թաղավարդու եկեղեցին առաջնորդութիւն Տաւութին…»[2]։
Վերին Թաղավարդին մէջ կը գտնուի երկար տարիներ իբրեւ պահեստ օգտագործուող եկեղեցի մը։ Անիկա երկթեք կտուրով պազիլիք մըն է, արտաքին չափերը՝ 18,35x9,65 մեթր։ Կառուցուած է ԺԹ. դարուն, թաղավարդցիներու միջոցներով։
Թաղավարդի Կալեր կոչուող հանդամասին մէջ կը գտնուի Փաթանց խաչ սրբավայրը։ Անիկա տափակ քար մըն է, որուն վրայ քանդակուած խաչ մը կայ։ Ժամանակին գիւղացիները անձրեւոտ օրեր ունենալու համար, խաչին վրայ ջուր կը լեցնէին, իսկ արեւոտ օրերուն համար՝ կրակ կը վառէին։
Կալերուն ներքին բլուրին մէջ կը գտնուի Ձիրաւուշ կամ Գիւնէ եկեղեցին։ Ունի բազմաթիւ խաչքարեր։ Վերջիններս ունին 1608, 1645 թուագրութիւններ։ Ներքին Թաղավարդի՝ Կարմիր շուկային մօտիկ հատուածը կը կոչուի Կալեր, իսկ Վերին Թաղավարդը՝ Զարդարաշէն։ Այսինքն, երեք գիւղերը կը գտնուին գրեթէ մէկ գիծի վրայ, արեւելք-արեւմուտք առանցքով եւ իրարմէ 1-1,5 քմ հեռու։
Գիւղէն 5 Քմ հարաւ-արեւելք կը գտնուի Հին Ղալա անունով ամրոցը։ Ամրոցին մէջ կը նշմարուին բազմաթիւ շինութիւններու հետքեր, իսկ ջրաւազանները պահպանուած են։ Մնացած են կից ընդարձակ գերեզմանատան եւ հին եկեղեցւոյ մնացորդները։ Տապանաքարերը պատկերաքանդակուած են ԺԳ. դարու արձանագրութիւններով։
Թաղավարդի յուշարձաններուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն գիւղին հարաւ-արեւմտեան կողմը գտնուող քարանձաւները։
Գիւղին աղբիւր-յուշարձաններէն են Թաս աղբիւրը, Դերին աղբիւրը, Մինասանց, Ռուսէն, Խուդուն, Եղիային, Պլպլան, Փշին, Ծլլոկ, Շեշմա, Սաղունց, Եղոնեգի, Կարմիր, Շորէն, Կաթնաղբիւր եւ այլն։
Թաղավարդին քովէն հոսող գետին ափերով երկարող շուրջ 200 դամբանաբլուրները կը վկայեն, որ այդ հովիտը Արաքսի հարթավայրէն Արցախ շարժող էթնիկ խումբերուն համար անցման ուղի մը եղած է։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ http://census.stat-nkr.am/nkr/1-5.pdf
- ↑ Արցախ, էջ 89։
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յակոբ Ղահրամանեան, ՏԵՂԵԿԱՏՈւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչատարածքային միաւորների սոցեալ-տնտեսական բնութագրերի, Երեւան, Ճարտարագէտ, 2015: