Թաթուլ Հաճեան

Թաթուլ Հաճեան
Ծննդավայր Լիբանան, Այնճար
Քաղաքացիութիւն Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն կատարող եւ նուագակցող մենահամերգներու։
Մասնագիտութիւն Դասական կիթառ՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական երաժշտանոցէն
Աշխատավայր Երաժշտութեան ուսուցիչ՝ դասական կիթառ
Ծնողներ Հայրը՝ երգիչ Գէորգ Հաճեան, մայրը՝ Բանասէր Ֆրիտա Գզլեան-Հաճեան

Թաթուլ Հաճեան ծնած է Լիբանան: Երաժշտութեան ուսուցիչ՝ դասական կիթառ: Եւրոպական 13-րդ «Քրիսթալ Սթար» միջազգային երաժշտական, պարի եւ թատերական փառատօնի Գաւաթակիր Grand Prix: Թաթուլ Հաճեանի հայրը՝ Խմբավար եւ թենոր երգիչ Գէորգ Հաճեան 6 Հոկտեմբեր 2020-ին, Արցախի մէջ կը զոհուի ՀՅԴ Կամաւորներու ջոկատի մարտական առաջադրանքը կատարարած ժամանակ[1]:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թաթուլ Հաճեան ծնած է Լիբանան եւ 10 տարեկան հասակին ծնողներուն հետ, հայրը՝ յայտնի երգիչ Գէորգ Հաճեան եւ մայրը՝ Բանասէր Ֆրիտա Գզլեան-Հաճեան, հաստատուած է Հայաստան։

Երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Երեւանի «Չայկովսկի»ի անուան պետական երաժշտական եւ տարրական տասնամեայ ուսումնարանին մէջ, ուսուցիչ ունենալով Նունէ Պատալեանը, ապա ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական Երաժշտանոց՝ Փրոֆ. Յակոբ Չաղացպանեանի մասնագիտական ղեկավարութեամբ, եւ քառամեայ բարձրակարգ ուսումը աւարտած է գերազանց արդիւնքով։

Ան, 16 տարեկանէն սկսած է դասաւանդել Երեւանի երաժշտական վարժարաններէն ներս․ ինչպէս՝ Արմէն Տիգրանեան, Անահիտ Ցիցիկեան, Ալեքսանդր Հէքիմեան եւ Բարսեղ Կանաչեան, եւ ցայսօր ունի իր անձնական աշակերտները։

Ան օժտուած է գերլսողութեամբ․վարպետօրէն կը տիրապետէ Կիթառի ամենանրբագոյն երանգներէն մինչեւ ամենայաղթական հնչողութեան, որուն շնորհիւ գերած ու հմայած է իր լսարանը։

Միջազգային փառատօններու մասնակցութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թաթուլ Հաճեանը մասնակցած է շարք մը միջազգային փառատօններու՝ Հայաստանի Թիֆլիսի, Պուլկարիոյ, եւ Փրակայի մէջ։

Մենահամերգներով հանդէս եկած է Երեւանի, Արցախի եւ Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ եւ որպէս փայլուն կատարող մասնակցութիւնը բերած է Հայաստանի մէջ յայտնի երգահաններու ձայնագրութեանց եւ նուագակցած անոնց մենահամերգներուն։

Եւրոպական 13-րդ «Քրիսթալ Սթար» միջազգային երաժշտական, պարի եւ թատերական փառատօն-մրցումին դարձաւ Գաւաթակիր Grand Prix[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2 - 3 Նոյեմբեր, 2017-ին Չէխիայի մայրաքաղաք Պրահայի մէջ, տեղի ունեցաւ Եւրոպական 13-րդ «Քրիսթալ Սթար» միջազգային երաժշտական, պարի եւ թատերական փառատօնը։

Թաթուլ Հաճեանը (Կիթառ) ներկայացուց Հայաստանը, գեղարուեստական ղեկավար ունենալով Արմանտօ Ղուկասեանը։

Թաթուլը վարպետօրէն կատարեց Տոմենիքօ Սքարլաթիի Սոնաթա K239 եւ Վիչէնթէ Ասենչոյի La Frisanca բարդ յօրինուածքը։ Եւրոպայէն՝ Գերմանիա, Սլովենիա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Իտալիա եւայլ երկիրներէ իրենց մասնակցութիւնը բերին թիւով 37 կատարողներ։ Այս մասին կը յայտնէ yerkir.am-ը։

Հայաստանը ներկայացնող մասնակիցը՝ Թաթուլ Հաճեանը, սոյն փառատօն-մրցումին դարձաւ Գաւաթակիր Grand Prix, շնորհիւ իր բարձրատաղանդ եւ հմուտ բեմական կատարողական արուեստին։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թաթուլ Հաճեանը Պրահայի մէջ Նուաճեց Եւրոպական «Քրիսթալ Սթար» Միջազգային Երաժշտական Փառատօնին Գաւաթը, Grand Prix Archived 2017-11-11 at the Wayback Machine.

Թաթուլ Հաճեանը Եւրոպական «Քրիսթալ Սթար» Երաժշտական Փառատօնի Բաժակակիր[permanent dead link]

ԹԱԹՈՒԼ ՀԱՃԵԱՆ ՊՐԱՀԱՅԻ ՄԷՋ ՆՈՒԱՃԵՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ «ՔՐԻՍԹԱԼ ՍԹԱՐ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ԳԱՒԱԹԸ, Grand Prix Archived 2017-11-14 at the Wayback Machine.