Jump to content

Ընկուզնակ

Գիւղ
Ընկուզնակ

Ընկուզնակ, Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերէն, որ կը գտնուի Պիթլիս վիլայէթի Կէնճի գաւառին մէջ։

Ընկուզնակին մասին առաջին յիշատակութիւնը կը վերաբերի 1445 թուականին, իսկ Կոնդակին մէջ նշուած էր, որ գիւղը կը պատկանէր Եղրդուտի Սուրբ Յովհաննէս վանքին։

Ընկուզնակը եղած է գրչութեան կեդրոն։ Յայտնի սրբատեղիներ էին գիւղի շրջակայքէն բխող Թլնա եւ Մեծակ աղբիւրները, որոնք ունէին բուժիչ յատկութիւններ:

Գիւղէն շուրջ 2 քմ հարաւ կը գտնուէր Աբեղթու աւերակ վանքը՝ Սուրբ Յակոբ եւ Սուրբ Ստեփաննոս մատուռներով, որոնք ժամանակին յայտնի ուխտատեղիներ եղած են: Սուրբ Ստեփանոսի մէջ պահպանուած էին մեծ թիւով հայկական հին ձեռագիր մատեաններ, արծաթապատ Աւետարաններ։

Մինչեւ 1909 թուականին գիւղն ունեցած է 40 տուն՝ 580 հայ բնակիչ: Գիւղին մէջ եղած է հայկական դպրոց, որ գործած է մինչեւ Ցեղասպանութիւնը:

Գիւղի բնակչութիւնը գլխաւորաբար զբաղած է անասնապահութեամբ:

1915 թուականին բնակչութիւնը բռնութեամբ տեղահանուած է։ Անոնց մեծ մասը զոհուած է աքսորի ճանապարհին, ողջ մնացածները ապաստան գտած են Արեւելեան Հայաստանի մէջ եւ այլուր[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ճանչնանք Արեւմտեան Հայաստանը․ գիւղ Ընկուզնակ»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2022-12-12։ արտագրուած է՝ 2023-04-04 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։