Ընկերութիւն
Ընկերութիւն (մարդկային յարաբերութիւններ), փոխադարձ սիրով լեցուն յարաբերութիւն մըն է, որ զօրաւոր կապ կը հաստատէ անձերու միջեւ[1]: Ընկերութիւնը ուսումնասիրուած է տարբեր ճիւղերու ու ասպարէզներու, ինչպէս՝ ընկերաբանութեան, հոգեբանութեան, մարդաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան մէջ: Տարբեր ակադեմական տեսութիւններ կը փաստեն թէ՝ մտերիմ ընկերութիւններն ու բարեկամութիւնները կը պատճառեն ուրախութիւն եւ միաբանութիւն[2]:
Կը գտնուին զանազան ընկերութեան կերպեր ու ձեւեր, որոնք կը տարբերին մէկ շրջանէ միւսը, սակայն բոլոր ընկերութիւններուն մէջ կը գտնուին նոյնանման յատկանիշեր: Այս յատկանիշերէն են սէրը, համակրութիւնը, հասկացողութիւնը, անկեղծութիւնը, այլասիրութիւնը, փոխադարձ հասկացողութիւնը, հաճոյքը, վստահութիւնը եւ ազատ արտայայտութիւնը՝ անձին մասին:
Բոլոր անձերը կարող են կազմել տարբեր ընկերութիւններ առանց որեւէ սահմանի, սակայն ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ մարդիկ կը ցանկանան կազմել ընկերութիւններ այդ անձերուն հետ, որոնք կը բաժնեկցին նոյն դասակարգը, արհեստը եւ կամ հետաքրքրութիւնները:
Զարգացական հոգեբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընկերութիւնը մեծ դեր կը խաղայ իւրաքանչիւր անձի սովորական հոգեկան զարգացման գործունէութեան մէջ: Հոգեբանութիւնը ցոյց կու տայ թէ այդ ընկերութիւնները, որոնք կը կազմուին անձի մը մանկութեան ժամանակ ու անոնց կերպը, կարեւոր դերեր կը խաղան այդ անձին ապագայի յարաբերութիւններուն մէջ[3][4]:
Մանկութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մանկութեան ընթացքին կազմուած ընկերութիւնները հիմնուած կ'ըլլան խաղերու կամ խաղալիքներու ու խաղալու հաճոյքին վրայ: Այս ընկերութիւնները կը պահպանուին ու կը շարունակուին, երբ կը պարունակեն սէր եւ ստեղծագործական խաղեր: Երբ մանուկները կը մեծնան, անոնք կը սկսին շրջապատուիլ տարբեր անձերու կողմէ ու նկատի կ'առնեն իրենց ընկերներուն հետաքրքրութիւնները: Անոնք նաեւ կ'ունենան ընկերային մերժումներ, որոնք կուգան իրենց մանկական տարիներէն: Զօրաւոր ընկերային կապ մը հաստատելը մանուկ տարիքէն, օգտակար կը դառնայ անձին ապագայ յարաբերութիւններուն[5][6]: 1975 թուականի[5][7] ուսումնասիրութիւն մը, որ կատարուած է Պիկելոյի եւ Լա Կայփայի կողմէ, ցոյց կու տայ թէ «մտերիմ բարեկամ»ի հասկացողութիւնները կը դառնան աւելի բարդ, երբ մանուկը կը մեծնայ: Ուսումնասիրութիւն մը որ կատարուած է Պերնտթի կողմէ կը փաստէ թէ մանուկները կը նախընտրեն այդ ընկերութիւնները, որ իրենց վրայ կ'ունենան դրական ազդեցութիւններ եւ իրենց կը պատճառեն ուրախութիւն, սակայն այս ընկերութիւնները կը խանգարուին անձերու կողմէ, որոնք ունին ժխտական յատկանիշեր, օրինակ՝ վիճաբանութիւն, տիրապետութիւն, մրցակցութիւն եւ այլն:
Սակայն զօրաւոր ընկերութիւնները կ'ազդեն մանուկին ընկերային կեանքին դրական ձեւով, անոր ապահովելով յաջողութիւն եւ անձնահաճութիւն[8][9]: Մանուկը յատուկ ընկերութենէ կամ մտերիմ բարեկամէ մը կը սորվի արտայայտուիլ, հաճոյք զգալ եւ բաժնեկցիլ[10][11][12]: Ծնողքը նաեւ կ'օգնէ զաւակին, անոր ծանօթացնելով ընկերային կանոններու[13][14]:
Պատանեկութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թեքսասի համալսարանը կատարած է ուսումնասիրութիւն մը, ուր քննած է 9,000 ամերիկացի պատանիներ, որպէսզի գիտնայ եթէ անոնց անստոյգ վարուելակերպը (օրինակ՝ գողնալ, կռուիլ եւ այլն...) կապ ունի անոնց ընկերային շրջանակին հետ: Ուսումնասիրութիւնները մատնանշած են թէ այդ պատանիները, որոնց ընկերները լաւ վարուելակերպ ունին դպրոցական կեանքին մէջ, կը քաշուին այսպիսի վատ յատկանիշերէ: Ուսումնասիրութիւնները նաեւ փաստած են, թէ այդ պատանիներուն վատ վարուելակերպերը ներշնչուած են իրենց ընկերներէն: Եւ այս վարուելակերպին հիմնական պատճառը այդ է, թէ պատանիները կ'ուզեն ընդունուիլ յատուկ ընկերական շրջանակներու կողմէ[15][16]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Definition for friend»։ Oxford Dictionaries։ Oxford Dictionary Press։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 11 June 2012-ին։ արտագրուած է՝ 25 May 2012
- ↑ «Can we make ourselves happier?»։ BBC News։ 1 July 2013
- ↑ Conger John Janeway, Galambos, Nancy (1997)։ Adolescence and youth: psychological development in a changing world (5th հրտրկթն․)։ New York: Longman։ ISBN 978-0-673-99262-8
- ↑ Grabmeier, Jeff (January 6, 2004). Friendships play key role in suicidal thoughts of girls, but not boys. Ohio State University.
- ↑ 5,0 5,1 Newman, B. M. & Newman, P.R. (2012). Development Through Life: A Psychosocial Approach. Stanford, CT.
- ↑ «Your Childhood Friendships Are The Best Friendships You’ll Ever Have»։ 17 Jun 2015։ արտագրուած է՝ 21 June 2016
- ↑ Cited in Brace, N. & Byford, J. (Ed.) (2010) Discovering psychology: What is friendship. The Open university. ISBN 1-84873-466-2.
- ↑ Berndt, T. J. (2002). Friendship Quality and Social Development. American Psychological Society. Purdue University.
- ↑ Kennedy-Moore, E. (2013). What Friends Teach Children. http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201305/what-friends-teach-children
- ↑ Kennedy-Moore, E. (2012). How children make friends (part 1). http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201209/how-children-make-friends-part-1
- ↑ Kennedy-Moore, E. (2012). How children make friends (part 2). http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201209/how-children-make-friends-part-2
- ↑ Kennedy-Moore, E. (2012). How children make friends (part 3). http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201209/how-children-make-friends-part-3
- ↑ Elman, N. M. & Kennedy-Moore, E. (2003). The Unwritten Rules of Friendship: Simple Strategies to Help Your Child Make Friends. New York: Little, Brown.
- ↑ Kennedy-Moore, E. (2012). Children's Growing Friendships. http://www.psychologytoday.com/blog/growing-friendships/201202/childrens-growing-friendships
- ↑ Crosnoe, R., & Needham, B. (2004) Holism, contextual variability, and the study of friendships in adolescent development. University of Texas at Austin.
- ↑ Sparks, Glenn (August 7, 2007). Study shows what makes college buddies lifelong friends Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.. Purdue University.