Ըմպելի Ջուրը
Ըմպելի Ջուրը[1], Մարդոց եւ այլ ապրող էակներու ամէնօրեայ անսահմանափակ եւ անվտանգ սպառման համար նախատեսուած ջուր։ Աշխարհի տարածքին աւելի քան 2 միլիառ մարդ կը խմէ այնպիսի ջուր, որ կը պարունակէ թունաւոր քիմիական բաղադրիչներ, կոյուղային ջուրեր, կապար, սնդիկ, վտանգաւոր թափօններ եւ այլն:
Երկրագունդի վրայ կեանքի կազմաւորումն ու զարգացումը մեծապէս կապուած է ջուրի հետ, առանց որուն կեանքը անհնար է։ Երկրագունդի տարածքին աւելի քան 70%-ը ծածկուած է ջուրով, սակայն խմելու համար պիտանի է միայն անոր չնչին մասը, որ անհաւասար կերպով տեղաբաշխուած է ցամաքի վրայ [2]։
Ըմպելի Ջուրին Պարունակութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըմպելի ջուրին հիմնական աղբիւրը բնական ջուրն է, որ կը մաքրուի եւ կ'ախտահանուի պատասխանատու մարմիններու կողմէ՝ իրականացնելով ջրամատակարարման եւ ջուրի մաքրման բոլոր փուլերը:
Ըմպելի ջուրը կրնայ ըլլալ
ա.-Հորի ջուր
Եթէ ջուրը կը ստացուի ջրհորէ, հարկ է ստուգել առկայութիւնը վտանգաւոր նիւթերու, ինչպէս` թունաւոր քիմիական միացութիւններու, մանրէներու եւ ծանր մետաղներու, նախքան զայն օգտագործելը: Այնուհետեւ հարկ է ամէն տարի ստուգել պարարտանիւթերու եւ որոշ տեսակի պաքթերիաներու առկայութիւնը: Աւելի յաճախ ստուգել, եթէ երեխաներ կամ յղի կին կայ տան մէջ: Որոշ առողջական հարցեր, ինչպէս` գլխացաւը, փորհարութիւնը եւ յոգնածութիւնը, կրնան նշաններ ըլլալ ջուրի ոչ ըմպելի ըլլալուն:
բ.-Ծորին (ֆլորիտ)
Միացեալ Նահանգներու հանրային ջուրի մօտ երեք քառորդին աւելցուած է ծորին: Այս հանքանիւթը կը պաշտպանէ ատամները փտելէ: Սովորական չափաբաժինը մէկ միլիոներորդէն պակաս է, եւ այդ մէկը անվտանգ կը նկատուի CDC-ի կողմէ, որ այս մէկը կը նկատէ Ի. դարու հանրային առողջութեան ոլորտի ամէնէն մեծ ձեռքբերումներէն մէկը[3]:
գ.-Նատրիոմ (սոտիոմ)
Ոչ միայն աղին, այլ ան նոյնիսկ առկայ է ըմպելի ջուրին մէջ: Քիչ քանակներով օգտագործումը լաւ է: Եթէ աղի հետ կապուած առողջական հարցեր կան, օրինակ` արեան գերճնշում կամ սրտի անբաւարարութիւն, հարկ է ստուգել ջուրի նատրիոմի մակարդակը (ե՛ւ ծորակինը, ե՛ւ շիշերովը):
դ.-Զառիկ (Arsenic)
Բնական քիմիական նիւթ մըն է, եւ ջուրի որոշ աղբիւրներ, օրինակ` ջրհորները, կրնան անկէ պզտիկ չափաբաժիններ ունենալ: Զառիկի բարձր մակարդակները կրնան պատճառել` սիրտի հիւանդութիւններ, շաքարախտ, քաղցկեղ եւ երեխաներու ուղեղի վնասուածք:
ե. Կապար
Կապարը կը մտնէ ջուրին մէջ ծորակէն դուրս գալէն անմիջապէս առաջ: Տնային զտիչ համակարգերը կրնան զայն հեռացնել ծորակի ջուրէն, սակայն կարեւոր է ստուգել կապարի մակարդակը եւ կանոնաւոր կերպով փոխել զտիչը (filter). կապարը երեխաներու եւ չափահասներու մօտ առողջական լուրջ հարցեր կրնայ յառաջացնել:
զ.-Քլոր
Այս մէկը կ'օգտագործուի հանրային ջրային համակարգերուն մէջ մանրէները սպանելու համար: Երբեմն կ'օգտագործուին նաեւ քիմիական այլ նիւթեր, սակայն քլորը ամէնէն տարածուածն է: Անիկա անվտանգ է ցած մակարդակներով գտնուելու պարագային, բայց կարելի է նկատել անոր թեթեւ հոտը կամ համը:
է.-Զտման համակարգեր
Որակեալ, լաւ պահպանուած համակարգը կրնայ հեռու պահել ծանր մետաղները եւ պաքթերիաներուն մեծ մասը: Սակայն անոնց ծանր տեսակները կրնան նոյնիսկ հեռացնել ծորինը, որ կը պաշտպանէ ակռաներն ու լինտերը:
ը.- Շիշերու մէջ լեցուցած ջուրը
Անիկա սովորաբար անվտանգ է, սակայն ոչ աւելին, քան` ծորակի ջուրը: Լեցուած ջուրին մէջ յաճախ կը բացակայի ակռաները պաշտպանող ծորինը:
Ապահով Միջոցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եռացնել ջուրը
Եթէ ջուրին ապահով ըլլալը վստահելի չէ (ջրհեղեղի, կոտրուած խողովակի կամ այլ բանի պատճառով) կաէելի է զայն եռացնել: Անիկա կը ձերբազատէ ջուրը բոլոր այն պաքթերիաներէն, ժահրերէն եւ այլ օրկանիզմներէ, որոնք կրնան մարդը հիւանդացնել: Մէկ վայրկեանը բաւարար է պէտք եղած գործը կատարելու համար, իսկ 3 վայրկեանը, եթէ ծովու մակերեսէն 2000 մեթրէն աւելի բարձրութեան վրայ կը բնակին մարդիկ:
Սպիտակեցնել (bleach) ջուրը
Այս մէկը EPA-ի կողմէ հաստատուած միջոց մըն է արտակարգ իրավիճակներու պարագային ջուրը ախտահանելու կամ ջրհորի ջուրի մէջի մանրէները մաքրելու համար: Ընդամէնը 6-8 կաթիլը մէկ կալոնին մէջ դնելով (կախեալ անոր զօրութենէն). անկէ աւելին կրնայ վտանգաւոր ըլլալ: Օգտագործել պարզ սպիտակեցնող դեղ մը, որ չի պարունակեր բոյրեր կամ լրացուցիչ մաքրող նիւթեր: Խառնել ջուրին եւ ձգել 30 վայրկեան: