Էրեբունի թանգարան եւ երեգան թանգարան


Էրեբունի պատմահնագիտական արգելոց-թանգարան
Էրեբունի թանգարան

Էրեբունի թանգարան, հիմնուած է 1968 Հոկտեմբերի 19-ին։ Թանգարանի բացումը զուգադիպած է Երեւան քաղաքի 2750-րդ ամեակի տօնակատարութիւններու հետ։ Թանգարանը կը գտնուի Արին Բերդ բլուրի վրայ, վայր մը, ուր մ․թ․ա․ 782-ին հիմնուած է ուրարտական Էրեբունի ամրոցը։

Այսօր Էրեբունի թանգարանը կը գործէ «Կարմիր բլուր» եւ «Շէնգաւիթ» մասնաճիւղերով։

Պատմական ակնարկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեւանի հիմնադրումի պատմութեան «Էրեբունի» թանգարանը ստեղծուած է ՀՀ Կառավարութեան 24 Մայիս 1968-ի թիւ 225 որոշումով, որու համար գիտական հիմք հանդիսացած են Երեւան քաղաքի վարչական սահմաններուն մէջ գտնուող նշանաւոր 3 հնավայրերէն՝ Արին բերդէն, Կարմիր Բլուրէն եւ Շէնգավիթէն յայտնաբերուած գտածոները։ Հանրութեան առջեւ թանգարանը իր դռները բացած է 19 Հոկտեմբեր 1968-ին՝ ի նշում Երեւան քաղաքի 2750-րդ տարեդարձին։ Այնուհետեւ ՀՀ Կառավարութեան 7 Մարտ 2003-ի թիւ 313-Ն որոշումով՝ վերանուանելով որպէս պատմահնագիտական արգելոց-թանգարան: Էրեբունին այսօր կը գործէ «Կարմիր բլուր» եւ «Շենգավիթ» մասնաճիւղերով՝ հանդիսանալով հանրութեան համար այցելելու միակ հնագիտական արգելոց-թանգարանը Երեւան քաղաքին մէջ եւ կարեւոր ուրարտագիտական կեդրոն՝ տարածաշրջանին մէջ։ Թանգարանի շէնքը կը կրկնէ ուրարտական պալատական կառոյցներու յօրինուածքը՝ պահպանելով արտաքին խուլ պատերով ու երդիքաւոր հարթ կտուրներով ներքին բակի շուրջ ամփոփուած ժողովրդական բնակելի տան տրամաբանական սկզբունքը։ Նախագիծի հեղինակներն են ճարտարապետներ Շմաւոն Ազատեանն ու Պաղտասար Արզումանեանը, քանդակագործը՝ ՀԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ Արա Յարութիւնեանը։

Հաւաքածոյ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի թանգարանային հաւաքածոն կը կազմեն Արին բերդ, Կարմիր բլուր, Շենգաւիթ հնավայրերէն, ինչպես նաեւ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն դիպուածով կամ պարբերաբար իրականացուող պեղումներէն յայտնաբերուած նախաուրարտական, ուրարտական, աքեմենեան, հելլենիստական եւ վաղ հայկական ժամանակաշրջաններուն վերաբերող 12758 հնագիտական առարկաները, խմբաւորուած՝ 128 հաւաքածոներուն մէջ. այդ թիւին մէջ՝

  • 64 հաւաքածու՝ Արին բերդէն յայտնաբերուած գտածոներ
  • 11 հաւաքածու՝ Կարմիր բլուրէն յայտնաբերուած գտածոներ
  • 18 հաւաքածու՝ Շենգաւիթէն յայտնաբերուած գտածոներ
  • 35 հաւաքածու՝ Երեւան քաղաքէն եւ Հայաստանի Վայոց ձոր, Գեղարքունիք, Տաւուշ, Լոռի, Շիրակ, Կոտայք մարզերէն յայտնաբերուած գտածոներ

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանը հիմնադրուած է 1931 թ.։ Սկիզբը՝ ըլլալով Երեւանի քաղխորհուրդի կոմունալ բաժինին առընթեր՝ Կոմունալ թանգարան, իսկ 1936 թուականին վերանուանուած է Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան։ Թանգարանը հիմնադրութեան պահուն զբաղեցուցած է Երեւանի հրշէջ վարչութեան շէնքի 2-րդ յարկի սենեակներէն մէկը։ 1936 թ. թանգարանը տեղափոխուած է Կապոյտ մզկիթի շէնք, ուր գործած է մօտ 60 տարի։ 1994-1997 թթ. թանգարանը գտնուած է նախկին Հռիփսիմեան իգական գիմնազիայի շէնքին մէջ, իսկ 1997-2005 թթ.՝ Շահումեանի անուան թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի մասնաշէնքին մէջ։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանի արտաքին տեսքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցուցասրահներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցուցանմուշներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տես նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]