Jump to content

Էվըն Ռէյչըլ Ուուտ

Էվըն Ռէյչըլ Ուուտ
անգլերէն՝ Evan Rachel Wood
Էվընը 2009-ին
Ծնած է 7 Սեպտեմբեր, 1987
Ծննդավայր Ռալէյ, Հիւսիսային Քարոլայնա, ԱՄՆ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մայրենի լեզու անգլերէն
Կրօնք Յուդայականութիւն, քրիստոնէութիւն եւ spiritual but not religious?
Ուսումնավայր Laurel Springs School?
Մասնագիտութիւն Դերասանուհի
Ամուսին Ճէյմի Պէլլ
(2012-2014)
Ծնողներ հայր՝ Ira David Wood III?
Երեխաներ 1

Էվըն Ռէյչըլ Ուուտ (անգլերէն՝ Evan Rachel Wood, ծնած 7 Սեպտեմբեր, 1987, Ռալէյ, Հիւսիսային Քարոլայնա, Միացեալ նահանգներ)[1] Ամերիկացի դերասանուհի մըն է: Ան սկսաւ իր դերասանական ասպարեզը 1990ական թուականներուն, ունենալով տարբեր դերեր քանի մը հեռուստաշարներու մէջ, ինչպէս American Gothic (1995–1996) եւ Once and Again (1999–2002): Էվընի առաջին գլխաւոր դերը ֆիլմի մը մէջ եղաւ երբ ան 9 տարեկան էր Digging to China (1998) ֆիլմին մէջ, որմէ ետք ան նաեւ ստանցնեց գլխաւոր դեր մը երբ ան տարիքով քիչ մը մեծցաւ Thirteen (2003) ֆիլմին մէջ, ինչ որ իրեն Ոսկէ Երկրագունդի պաշտօնակարգում տուաւ եւ հռչակ[2]:

Ուուտ շարունակեց իր դերասանական ասպարեզը բազմաթիւ ֆիլմերու մէջ դերեր ստանցնելով, ինչպէս Pretty Persuasion (2005), Down in the Valley (2006), Running with Scissors (2006), ինչպէս նաեւ մեծ արտադրուած Across the Universe (2007) ֆիլմին մէջ։ 2008էն ի վեր, Ուուտ ստանցնած է տարբեր դերեր բազմաթիւ հռչակաւոր ֆիլմերու մէջ, ինչպէս The Wrestler (2008), Whatever Works (2009) եւ The Ides of March (2011): Ան նաեւ դերեր ունեցած է հեռուստաշարներու մէջ, ինչպէս իր թագուհի Սոֆի Անն դերը True Blood հեռուստաշարին մէջ 2009էն 2011, ինչպէս նաեւ Քէյթ Ոնիզլըթի դուստրին դերը HBO ընկերութեան Mildred Pierce (2011) հեռուստաշարին մէջ, որուն համար Ոսկէ Երկրագունդի մը համար պաշտօնակարգուած էր Golden Globe Award for Best Supporting Actress – Series, Miniseries or Television Film բաժամունքին մէջ, ինչպէս նաեւ Primetime Emmy Award for Outstanding Supporting Actress in a Miniseries or a Movie բաժամունքին մէջ Էմմի մրցանակ մը:

Մամուլը իր անձնական կեանքը միշտ խոշորացոյցի տակ դրած է, հատկապէս իր յարաբերութիւնը Մարիլին Մանսընի հետ, որու հետ նախապէս նշանուած էր[3]: 2012-ին ան ամուսնացաւ անգլիացի Ճէյմի Պէլլ դերասանին հետ, որու հետ տղայ զաւակ մը ունեցաւ: 2014-ին ամուսնալուծուեցան 2 տարուայ ամուսնութենէ ետք:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Evan Rachel Wood Biography (1987-)»։ FilmReference.com։ արտագրուած է՝ May 29, 2014 
  2. «Wood re-lives high school bullying for inspiration»։ DailyIndia.com։ 2006-06-17։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2006-07-01-ին։ արտագրուած է՝ 2006-06-17 
  3. Boehm Kristin (2008-11-07)։ Evan Rachel Wood Defends Marilyn Manson Breakup։ People։ արտագրուած է՝ 2009-05-09