Jump to content

Էնիկմա Մեքենան

Էնիկմա մեքենան հաղորդագրութիւններ ծածկագրող սարք մըն է, որ կ'օգտագործուէր Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, գաղտնի հաղորդակցութիւններ գրելու համար: Զայն հնարած է գերմանացի ճարտարագէտ Արթիւր Շերպիոս, Ի. դարու սկիզբը, եւ օգտագործուած է գերմանական ուժերու, յատկապէս ռազմածովային (Kriegsmarine), բանակի (Heer) եւ օդային ուժերու (Luftwaffe) կողմէ[1]:

Էնիկմայի ծածկագիրի վերծանումը անկիւնադարձային ձեռքբերում էր գաղտնագրութեան եւ հետախուզութեան  պատմութեան մէջ, եւ անիկա զգալիօրէն կ'ազդէ ժամանակակից համակարգիչներու եւ տեղեկատուական ապահովութեան զարգացման վրայ[2]:

Էնիկման մեքենան կը բաղկանայ գրառումի պարզ ստեղնաշարէ, քանի մը շրջանիւներէ, որոնք յայտնի են իբրեւ rotor-ներ, շարք մը ելեկտրական միացումներէ եւ հոսանքներէ, որոնք կը փոխուին իւրաքանչիւր կոճակ սեղմելու ատեն: Գաղտնագրուած հաղորդագրութիւնը կը գրուի կոճակներու սեղմումով եւ մեքենայի «լոյսի տախտակ»ի վրայ լուսաւորուած տառը դիտարկելով[3]:

Էնիկման կազմուած է քանի մը մասերէ, ինչպէս` ստեղնաշարը, լոյսերու տախտակը, շրջանիւները եւ ներքին ելեկտրոնային դրուածքն ու յատակագիծը:

Խցանման վահանակը (Steckerbrett) տեղադրուած էր մեքենային առջեւի մասին մէջ, ստեղներուն տակ: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին օգտագործելի տասը կապ կար: Այս լուսանկարին մէջ միայն երկու զոյգ տառ փոխուած է (A↔J եւ S↔O):

Երբ ստեղնաշարէն կոճակ մը սեղմուէր, մէկ կամ քանի մը շրջանիւներ կը դառնային` ձեւաւորելով շրջանիւներու նոր կարգաւորում մը, որ կը ծածկագրէր սեղմուած նոյն տառը` ուրիշով մը: Հոսանքը կ'անցնէր մեքենային ընդմէջէն եւ կը լուսաւորէր ցուցադրական լոյսերու տախտակէն լոյս մը, որ ցոյց կու տար ելքային տառը: Այսպիսով, եթէ «K» կոճակը սեղմուէր, եւ էնիկմա մեքենան ծածկագրէր զայն իբրեւ «P» տառ, «P» տառին լոյսը կը վառէր տախտակին վրայ:

Ամէն ամիս էնիկմա օգտագործողները կը ստանային ծածկագիրեր, որոնք կը նշէին, թէ ո՛ր կարգաւորումով մեքենան ամէն օր պէտք էր աշխատէր: Ամէն առտու ծածկագիրը կը փոխուէր:

Կարգաւորումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մխոցներու տախտակը ունի տասը մետաղաթել (wire), որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի երկու ծայր (մխոց), զորս կարելի է միացնել վարսակին (slot): Իւրաքանչիւր մխոց կրնայ միացնել երկու տառ: Այդ երկու տառերը կը դառնան զոյգ (մետաղաթելի մէկ ծայրը միացնելով մէկ տառի մխոցին, իսկ միւս ծայրը` երկրորդ տառի մխոցին): Այս զոյգի երկու տառերը կը փոխանակուին իրարու հետ, այնպէս որ, եթէ «A»-ը միացուած էր «Z»-ին, «A»-ը կը դառնայ «Z», իսկ «Z»-ը`«A»: Այս կ'ապահովէր բանակին համար ապահովական եւ ծածկագրման յաւելեալ տոկունութիւն:

Նախքան շարժանիւներու կողմէ հետագայ որեւէ շարժում տեղի ունենալը` այս միացումները կ'աւելցնէին ծածկագրման առաջին շերտը, ուր մխոցներու միջոցով փոխանակուած տառերը կը ծածկագրէին զիրար:

Հաղորդագրութիւն ծածկագրելու համար էնիկմաները ընդհանրապէս կ'ունենային երեք շրջանիւ:

Իւրաքանչիւր շրջանիւի շուրջբոլորը կար այբբենարան մը, որմով էնիկմա օգտագործողը կրնար սահմանել որոշակի կարգաւորում:

Ամէն անգամ, երբ կոճակ մը կը սեղմուէր, շրջանիւները կը դառնային` փոխելով ելեկտրական միացումները եւ ստեղծելով տարբեր գաղտնագրում իւրաքանչիւր տառի համար:

Էնիկմա անունը ծագած է յունարէն «ռnigma» բառէն, որ կը նշանակէ «առեղծուած» կամ «հանելուկ»:

Շարունակական զարգացում

Էնիկման իր օգտագործման ընթացքին ենթարկուած է տարբեր տեսակի բարելաւումներու: Գերմանացիները կանոնաւոր կերպով կը թարմացնէին անոր գործելաձեւն ու ոճը` ամրագրելու համար անոր ապահովութիւնը եւ աւելցնելու համար անոր գաղտնագրման հնարաւորութիւնները:

Չորս շրջանիւային տարբերակ

Մինչ սովորական էնիկման կ'օգտագործէր երեք շրջանիւներ, գերմանացիները կը մշակեն չորս շրջանիւի տարբերակը, որ կը կոչուէր «Enigma M4»: Ասիկա ա՛լ աւելի կը բարդացնէ գաղտնագրման գործընթացը:

Էնիկմաներու գրաւումը

Պատերազմի ամբողջ ընթացքին դաշնակիցները գերմանական նաւերէ եւ սուզանաւերէ գրաւած են քանի մը էնիկմաներ, որոնք անգնահատելի ներդրում ունեցած են ծածկագրերը վերծանելու գործին մէջ:

Եօթ Էնիկմաներու ընտրանի, որոնք ցուցադրուած են ԱՄՆ Ազգային գաղտնաբանութեան թանգարանին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]