Զաքինդոս
Բնակավայր | |
---|---|
Զաքինդոս | |
Ζάκυνθος | |
Զաքինթօ (յուն.՝ Ζάκυνθος) քաղաքը համանուն կղզիի մայրաքաղաքն է։ Նաեւ կղզիի մարզպետական շրջանի եւ քաղաքապետութեան կեդրոնն է։
Տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կը գտնուի կղզիի արեւելեան մասը, Փելոբոնիսոսի դիմաց։ Զաքինթոյի քաղաքը կը տարածուի դէպի Պոհալիի նաւահանգիստը եւ բլուրը։ Պոհալիի թաղամասը կը գտնուի բլուրին կողմը, որուն վրայ շինուած է վենետիկեան բերդը եւ կը նկատուի քաղաքի ամենագեղեցիկ կոթողը։ Թաղամաս մըն էր, ուր կ՚ապրէր կղզիին ամենահարուստ դասը Վենետիկեան տիրապետութեան ժամանակ, ինչպէս նաեւ նախորդ տարիներուն։
Բնակչութիւնը 9.772 հոգի էր 2011-ի մարդահամարին համաձայն։ Զաքինթոն կը նկատուի Յոնեան կղզիներու երկրորդ ամենամեծ քաղաքը։
Թանգարաններ
Հոն, կարելի է այցելել քաղաքի նշանաւոր անձնաւորութիւններու թանգարանը, Բիւզանդական թանգարանը, Ս. Տիոնիսիոսի թանգարանը, ինչպէս նաեւ Սոլոմոսի ու Քալվոսի դամբարանները։ Նաեւ կարելի է այցելութիւն ընել Պոհալիին բլուրի բերդին, Սթրանիի բլուրը, ուր Տիոնիսիոս Սոլոմոս յղացաւ Յունաստանի ազգային հիմներգը՝ «Ազատութեան երգը»։ Նաւի խորտակման վայրը ամէնէն աւելի նկարահանուած տեղն է, ուր անցեալին հոն ընկըղմեցաւ նաւ մը, որ ապօրինի սիկարէթ կը փոխադրէր Թուրքիայէն։
Յատկանշական է Ֆաներոմենիի միջնադարեան եկեղեցին։ 16-րդ դարու շէնքը կործանեցաւ 1953-ի երկրաշարժին պատճառով, բայց վերաշինուեցաւ աւանդական ձեւով եւ բոլոր մանրամասնութիւններով։ Եկեղեցին կը ցոլացնէ շրջանի յետբիւզանդական վանքերու ճարտարապետութեան ձեւը։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]9 Սեպտեմբեր 1943-ին, Զաքինթոյի գերմանացի կառավարիչ Փաուլ Պերենս, Զաթինթոյի Խրիսոսթոմոս Մետրոպոլիտէն եւ քաղաքապետ Լուքաա Քարերէն պահանջեց ամբողջ կղզիի հրեաներու ցանկը։ Երկու այրերը մերժեցին կատարել հրամանը, գիտնալով թէ ինչ վտանգ կար հրեաներուն համար, եթէ նման ցանկ մը տրուէր։ Այսպէս, անոնք ցանկին մէջ միայն իրենց երկու անունները արձանագրեցին, այդ պատճառով ալ գերմանական ընդհանուր հրամանատարութիւնը չեղարկեց հրամանագիրը, ու այսպէս Զաքինթոյի բոլոր հրեանները ազատեցան վստահ մահէն։ Այս պատմութիւնը իւրայատուկ է գերմանացիներուն կողմէ գրաւուած ամբողջ Եւրոպայի պատմութեան մէջ։
12 Օգոստոս 1953-ին 7,3 ուժգնութեամբ երկրաշարժը ցնցեց կղզին ու կործանեց քաղաքի բոլոր շէնքերը, իսկ անոր հետեւանքով բռնկած հրդեհը շարունակեց աւերիչ գործը։ Հետագային, բոլորոն ջանքերով քաղաքը դարձեալ վերակառուցուեցաւ։