Զաւէն Տէր-Եղիայեան (Մուսուլ, Օսմանեան Իրաք 1868 - Պաղտատ, Իրաք 1947), Կոստանդունպոլսոյ Հայոց Պատրիարք 1913-1922[2]։ Աքսորուած է Մուսուլ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ։
Հոգելոյս Տ. Զաւէն արք. Տէր Եղիայեան սերած է Սղերդցի քահանաներու ընտանիքէ մը, որ 45-50 քահանայ տուած է, ներառեալ իր հայրը՝ Տ. Աւետիս քհնյ. Տէր Եղիայեան: Աւազանի անունով Միքայէլ, ծնած է 1868-ին, Մուսուլ (այժմ Իրաք): Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Միացեալ Ընկերութեան Սղերդի (1881-1884) եւ Պաղտատի Ազգային (1884-87) Թարգմանչաց վարժարաններէն ներս: 1988-1890 տարիներուն եղած է ուսուցիչ: 1890-ին Արմաշու Դպրեվանք ղրկուած է ամուսնացեալ քահանայ պատրաստուելու եւ հուսկ՝ հօրը պաշտօնը ժառանգելու: Դպրեվանքի բացումէն տարի մը ուշացած է, սակայն առաջին դասարան նստած է: Օրմանեան սրբազան կը գրէ. «երրորդ տարւոյ վերջը ընկերները կուսակրօնութեան նուիրուիլ հաւանեցան, ինքն ալ անոնց հետեւիլ ուզեց»: Սարկաւագ կը ձեռնադրուի 27 սեպտեմբեր 1892ին, իսկ աբեղայ՝ 18 յունիս 1895ին, անուանուելով Զաւէն քահանայ: Լրման տարւոյն ընթացքին Յովհան Օձնեցիի մատենագրութեան վրայ աւարտաճառ մը պատրաստելով, վարդապետական մասնաւոր գաւազան կը ստանայ 26 մայիս 1896-ին: 1896-ի Համիտեան ջարդերուն բերումով Օրմանեան եւ Դուրեան կը հարկադրուին Պոլիս մեկնիլ, եւ այդ առիթով Դպրեվանքը կը վստահին Զաւէն վարդապետին: Ատեն մը Խաս-Գիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ քարոզիչ կը կարգուի: Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան կը ստանայ՝ Օրմանեան սրբազանէն, 21 սեպտեմբեր 1897-ին, Գում-Գաբուի Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ: Առաջնորդական պաշտօններ կը վարէ Կարին (1898-1906), Վան (իբրեւ տեղապահ՝ 1908-1909) եւ Տիարպէքիր (1909-1913): 31 օգոստոս 1913-ին կ’ընտրուի Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք: 1916-ի Ազգային Սահմանդրութեան ջնջումով՝ Աղթամարու, Կ. Պոլսոյ, Երուսաղէմի աթոռները Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միացումով՝ յանձին երջանկայիշատակ Տ. Տ. Սահակ Բ. Խապայեան սրբազնակատար Կաթողիկոսին , Զաւէն սրբազան աթոռազուրկ կ’ըլլայ եւ Պաղտատ կ’աքսորուի, որմէ Մուսուլ կ’անցնի, ուր կը մնայ մինչեւ 1918-ի վերջերը: Զինադադարէն ետք, անգլիացիներու հովանաւորութեամբ Զաւէն Պատրիարք կը վերահաստատուի նոյն Աթոռին վրայ: 1920-ին կ’այցելէ Անգլիա, ուր հայկական հարցին վերաբերեալ հանդիպումներ կ’ունենայ Անգլիոյ Ճորճ Ե. թագաւորին եւ Քէնթրպրիի արքեպիսկոսպոսին հետ: 1920-ին քաղաքական ճնշումներու տակ կ’անցնի Պալքանեան երկիրներ եւ կը մնայ Վառնա, Սօֆիա: 1922-ին իր իսկ բառերով ձեռնթափ կ’ըլլայ պատրիարքական պաշտօնէն: Պալքաններէն Յունաստանի եւ Եգիպտոսի վրայով կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Պաղտատ: 1924-ին Պաղտատէն Կիպրոս կու գայ Մելգոնեան թողօնը կարգի դնելու: Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը հիմնադրելէ եւ Հ. Բ. Ը. Միութեան յանձնելէ ետք (28 դեկտեմբեր 1925 ) 1927ին կը վերադառնայ Պաղտատ: Մինչ այդ իր յոգնաբեկ մարմինը ճարակ կը դառնայ քաղցկեղի եւ կ’ախտորոշուի հագագի քաղցկեղով: 1932-ին հագագի գործողութեան մը արդիւնքով յաւերժ կը կորսնցնէ իր ձայնը: Տարիներու իր սալարուն վիճակէն ետք Զաւէն սրբազան կը ժամանէ Անթիլիասի մայրավանք եւ կը մասնակցի երջանկայիշատակ Տ. Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի օծման հանդէսին եւ ինք կը հեղու սրբալոյս միւռոնը ընտրեալին գագաթին: Տարիներու թէ՛ մարմնաւոր եւ թէ հոգեկան խոնջէքէն ետք, կը վախճանի 3 յունիս 1947-ին, իր ծննդավայրը՝ Պաղտատ, Իրաք:
Աբրահամ Աբղ. Ճուլֆայեան
↑Balakian Grigoris Balakian;; translated by Peter Balakian with Aris Sevag (2010)։ Armenian Golgotha: a memoir of the Armenian genocide, 1915-1918 (1st Vintage Books հրտրկթն․)։ New York: Vintage Books։ էջ443։ ISBN9781400096770Կաղապարն օգտագործում է հնացած |coauthors= պարամետրը (օգնութիուն)
Ճուլֆայեան Աբրահամ Աբղ., Հասկ Հայագիտական,Զաւէն Տէր Եղիայեանի Լուսանկարները, ԺԴ. Հատոր, 2025: