Jump to content

Զաւէն Խանճեան

Զաւէն Խանճեան
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք հայ աւետարանական
Մասնագիտութիւն գործարարական ճիւղի պսակաւոր արուեստից վկայական
Աշխատավայր Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարչութեան գործադիր տնօրէն
Ամուսին Սոնա Քելիկեան
Երեխաներ 3 զաւակներ՝Վազգէն, Հրակ եւ Վանա եւ 5 թոռներ՝ Սեւակ, Զաւէն, Սարօ, Վան եւ Առեն

Զաւէն Խանճեան ծնած ու հասակ նետած է Հալէպի մէջ։ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարչութեան գործադիր տնօրէն: Գրող, հրապարակախօս, Սփիւռքահայ հասարակական, կրթական, եկեղեցական գործիչ եւ մեծ Հայրենասէր։

Զաւէն Խանճեան ծնած ու հասակ նետած է Հալէպի մէջ. երիտասարդ հասակէն գործօն անդամ մը եղած է տեղւոյն Էմանուէլ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։ «Ալեփփօ Քոլէճ»էն վկայուելէ ետք, ան ուսումը շարունակած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ գործարարական ճիւղի պսակաւոր արուեստից տիտղոսին վկայական ստանալով վարչագիտութեան մէջ 1967-ին, որուն յաջորդած 13 տարիներուն ընթացքին, ան Ծոցի զանազան հեղինակաւոր ընկերութիւններու մէջ պաշտօններ ստանձնած է։

1979-ին, ան իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Քալիֆորնիա՝ կալուծային առուծախի ասպարէզը նետուելով, եւ 1987-ին Կլենտէյլի մէջ հաստատած է իր «Խանճեան Ռիըլթի» ընկերութիւնը:

Զաւէն Խանճեան ամուսնացած է Սոնա Քելիկեանի հետ։ Ամոլը ունի 3 զաւակներ եւ 5 թոռներ։

Մամուլի Աշխատակցութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վաղ տարիքին Զաւէն Խանճեան աշխատակցած է «Պատանեկան Արձագանգ», «Ջանասէր» ամսաթերթերուն եւ ամերիկահայ մամուլին:

«Նամակ խմբագրութեան» խորագրեալ իր գրութիւնները լոյս տեսած են արաբական, ամերիկեան եւ հայկական մամուլին մէջ:

Հրատարակչական Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զաւէն Խանճեանի բազմաթիւ յօդուածները՝ հայերէնով եւ անգլերէնով, լոյս տեսած են ամերիկահայ մամուլին մէջ. ան հեղինակն է երեք հայերէն հատորներու։ Հեղինակն է հետեւեալ երկերու.

  • «Այս տունը քո՞ւկդ է, թէ՞ իմս» (2007),[1]
  • «Սրտի եւ մտքի ցոլքեր» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ (2010):[2]
  • 2012-ին, Լոս Անճելըս, լոյս կը տեսնէ Զաւէն Խանճեանին «Հալէպ առաջին կայարան»[3] խորագրեալ հատորը, հրատարակութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան (մատենաշար թիւ 15): «Հալէպ առաջին կայարան» խորագրեալ գործը կը բաղկանայ 230 էջերէ եւ կը բովանդակէ 48 հակիրճ գրութիւններ:
ան կը պարզէ այն միտքը, թէ Հալէպ քաղաքի պատմագրութեան մէջ փրկարար դեր ունեցած է Անդրանիկ Ծառուկեանի բնութագրած «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» սերունդը, յայտնելով այն համոզումը, թէ` «շնորհիւ այդ նոյն մանկութիւն չունեցողներու նուիրումին եւ զոհողութեան` մեր սերունդը եկաւ վկայելու, թէ մենք եղանք անոնց յաջորդող մանկութիւն ունեցո՛ղ մարդիկը», կ՛ըսէ Զաւէն Խանճեան:
- Զաւէն Խանճեան:


Զաւէն Խանճեան կ՛ըսէ, թէ իր հօրը նախասիրած շաբաթաթերթը Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի»-ն էր, զոր կը կարդար անյագօրէն: 17 տարուան ընթացքին կազմարարին կողմէ հատորներու վերածուած «Նայիրի»-ի հաւաքուած թիւերը կը կազմեն իրենց տան գրադարանի թանկարժէք գանձը:
- Զաւէն Խանճեան


Զաւէն Խանճեան կ՛ըսէ, թէ իր հայրը ընթերցասէր եւ գրասէր էր։ Աղընի թրքական վարժարանին մէջ ան տիրապետած էր արաբերէնին: Հակառակ ժամանակակից ոչ ձեռնտու պայմաններուն` հայրը սորված էր մեսրոպեան լեզուն: Տան մէջ ունէին համեստ գրադարան, կը սիրէին գիրն ու գրականութիւնը եւ կանոնաւոր կերպով կը հետեւէին մամուլին, կը կարդային, օրինակ, Տիգրան Թոսպաթի «Այգ» օրաթերթը:
- Զաւէն Խանճեան


Զաւէն Խանճեանի «Այս տունը քո՞ւկդ է, թէ իմս» եւ «Հալէպ. առաջին կայարան» գիրքերու շնորհահանդէսը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԵՐԵՒԱՆ, Յունիսի 12-ին, ժամը 17-ին, Հայ Աւետարանչական կեդրոնի սրահ (Բաղրամյան 18) Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը կազմակերպած է Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի «Այս տունը քո՞ւկդ է, թէ իմս» եւ «Հալէպ. առաջին կայարան» գիրքերու շնորհահանդէսը: Հանդիսութեան ծրագիրը

• Ողջոյնի եւ բացման խօսք՝ Յարութ Ներսէսեան, ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ • Զաւէն Խանճեանի կենսագրութիւնը – Անդրանիկ Մարտոյեան

Բանախօսներ՝ 1. Էդվարդ Միլիտոնյան - ՀԳՄ նախագահ, բանաստեղծ 2. Սուրէն Դանիէլեան - «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն 3. Էդիկ Մինասյան - ԵՊՀ պատմության բաժանմունքի դեկան 4. Յակոբ Չոլաքեան - ՀՀ ԳԱԱ հնագիտության եւ ազգագրության ինստիտուտ 5. Սոնա Խանջյան՝ թատերական դրվագ 6. Անուշ Հովհաննիսյան - ՀՀ ԳԱԱ-ի Արեւելագիտության ինստիտուտի գիտաշխատող, ցեղասպանագետ 7. Նարինե Մարգարյան - Հայոց ցեղասպանության թանգարան-ինստիտուտի գիտնական քարտուղար 8. Անդրանիկ Մարդոյան - ԱՀԱԸ-ի մամուլի քարտուղար 9. Շնորհակալական խօսք՝ Զաւէն Խանճեան

Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարչութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1 Սեպտեմբեր, 2014-ին, Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարչութեան գործադիր վարիչ նշանակուած է Զաւէն Խանճեանը։

Համայնքային Ղեկավար Պաշտօններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զաւէն Խանճեան Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգին մէջ, ամբողջ 32 տարի կը ստանձնէ այլազան պաշտօններ` կրթական, եկեղեցական, ազգային, ընկերային եւ հասարակական կեանքին մէջ:

Զաւէն Խանճեան եղած է Մեծն Լոս Անճելըսի համայնքին մէջ գործօն անդամ՝ ղեկավար պաշտօններ ստանձնելով հետեւեալ կազմակերպութեանց մէջ.

  • «Հայաստան» հիմնադրամ,
  • Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն,
  • «Մերտինեան» Հայ Աւետարանական վարժարան,
  • Միացեալ հայ ժողովական եկեղեցի,
  • Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարան,
  • Երիտասարդ քրիստոնեայ տղամարդկանց միութեան Կլենտէյլի մասնաճիւղ,
  • Բարեգործական «Սելվէյշըն Արմի» կազմակերպութեան Կլենտէյլի մասնաճիւղ,
  • Հայեր Արցախի համար,
  • Կալուածային առուծախի մարզի հայ գործարարներու միութիւն։
  • Եղեռնի 80-ամեակի միացեալ յանձնախումբ

Ատենապետ՝ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մարմինին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2017­-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, ընկերակցութեամբ իր տիկնոջ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Հայաստան­Սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին առնչուած ծրագիրներուն։ Յայտնենք, որ Զաւէն Խանճեան, որպէս նախկին ատենապետ Քալիֆորնիոյ Սուրիոյ Օժանդակութեան Միացեալ Մարմնին Syrian Armenian Relief Fund –ը (SARF), քաջատեղեակ է Սուրիոյ հայութեան կատարուած օժանդակութեան աշխատանքներուն։ Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց Սուրիոյ հայութեան աջակցութիւնը, որպէսզի ան կարենայ հանգրուանային կերպով լծուիլ վերականգնումի գործընթացքին»։

Ան ստանձնած է ատենապետի պաշտօնը Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան մարմինին, որ կրցած է մարդասիրական նպատակներու համար աւելի քան մէկ միլիոն տոլար գոյացնել։

«Հալէպը եղած է մեր երգը, մենք անօթի, թշուառ վիճակի մէջ հասնելով ասպնջական Սուրիոյ ափերը, ծաղկեցանք, կենդանացանք եւ շուրջ մէկ դար Հալէպի մէջ երգեցինք ու կենսաւորուեցանք, եւ այսպիսով հաւաքականութիւնը աճեցաւ, հասունցաւ, Բերք դարձաւ եւ այդ Բերքը տարածուեցաւ սփիւռքեան բոլոր գաղութներուն մէջ, աշխարհի չորս կողմը հալէպցիներ իրենց մասնագիտութիւններուն մէջ առաջնորդներ եւ հայութեան դեսպաններ դարձան եւ այսօր Հալէպը ամբողջ դար մը այս կեանքը ապրելէն ետք, անոր Երգն ու Բերքը, դարձան Վէրք եւ այդ արիւնահեղութիւնը սկսաւ հիւծել մայր գաղութը, այդ կենսունակ գաղութը, որուն կապը մեր կորսուած հայրենիքի եւ մեր դատին հետ չի նմանիր ուրիշ որեւէ գաղութի»
- Զաւէն Խանճեան


«Պատմական հայ գաղութ մըն է Սուրիան, որ այս օրերուն անակնկալօրէն քայքայուած է: Սոյն մայր գաղութի պահպանումն ու գոյատեւումը առաջնահերթ է: SARF-ը ստեղծուած է դրական կերպով զօրակցելու համար մեր հարազատներուն», ըսաւ
- Զաւէն Խանճեան 16 Հոկտեմբեր,2012 ԿԼԵՆՏԷՅԼ


Մեր օժանդակութիւնը թիրախաւորուած էր այնպէս, որ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը կողմնորոշուէին հաստատուիլ հայրենիքի մէջ։ Գործակցելով Սփիւռքի նախարարութեան, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան հետ` իրականացուցած ենք, եւ դեռ կը շարունակենք, նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել, բնակարաններու վարձավ ճարները փոխհատուցել, բժշկական ծառայութիւններու համար գումարներ յատկացնել, կրթական օժանդակութիւններ իրականացնել, նպաստներ վճարել, իսկ անոնց, որոնք ամէնօրեայ սնունդի կարիքը ունին, նպաստ յատկացնել:
- Զաւէն Խանճեան


Հայաստան Համահայկական հիմնադրամ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զաւէն Խանճեան մասնակցած է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու համատեղ նիստին, իսկ աւելի կանուխ՝ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։

Աշխարհացրիւ Հայ Աւետարանական համայնքի զաւակներու անունով, ջերմօրէն կ՚ողջունեմ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ»Համահայկական Հիմնադրամի 25 ամեակը։ Առաքելութիւնր զոր կը մեկտեղէ մեզ «Հիմնադրամ»ի շուրջ, սուրբ է եւ նուիրական։

«Հիմնադրամ»ի անսակարկ հոգածութեան առարկան ըլլալու են Ա» Հին ու նոր Սփիւռքներու անյոյս եւ անմխիթար վիճակի մէջ գտնուող անկողմնացոյց հայ գաղթականները։

Բ» Մեր հպարտութեան կոթող եւ մեր հաւաքական ցաւին եւ կորսուած հայրենիքի մորմոքին բալասան կենդանի, շօշափելի բայց վիրաւոր ԱՐՑԱԽԸ։[4]
- Զաւէն Խանճեան


28 Մայիս 2017-ին, Զաւէն Խանճեան պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութեան Շքանշան»ով, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման մէջ ներդրած իր աւանդին համար։

Ինչ կը վերաբերի գնահատանքին եւ երախտիքին, որ մեզի փոխանցուեցաւ, ես կրնամ միայն խոնարհիլ այդ ժողովուրդին եւ անոր ներկայացուցիչ Նախագահ Բակօ Սահակեանի առջեւ, որ մեզի այդ ձեւով պատուեց, որովհետեւ մենք մեր պարտականութիւնը կը կատարենք: Ապաւինելով մեր ազգային, քրիստոնէական ոգիին` մեր ծրագիրներով օգտակար կ’ըլլանք մեր ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական եւ ֆիզիքական պէտքերուն: Գնահատանքը եւ երախտիքը մեզի առաւել յանձնառու կը դարձնէ, որպէսզի աւելի մեծ ճիգով, մեր ծառայութիւնները ընդլայնելով` շարունակենք օժանդակել Արցախի ժողովուրդին:[5]
- Զաւէն Խանճեան


Զաւէն Խանճեան կ՚արժանանայ Հայաստանի Գրողներու Միութեան «Պատուոյ Անդամ» Կոչում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

13 Սեպտեմբերի 2019-ին Հայաստանի Գրողներու Միութեան (ՀԳՄ) հերթական ժողովն էր։ Օրակարգի վրայ գտնուող հարցերու կարգին քննարկուեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի՝ Միութեան «Պատուոյ Անդամ»ի կոչումին արժանանալու հարցը։

Միութեան Նախագահ Էդվարդ Միլիտոնյանը ներկայացուց Զաւէն Խանճեանը որպէս գրող, հրապարակախօս, Սփիւռքահայ հասարակական, կրթական, եկեղեցական գործիչ եւ մեծ Հայրենասէր։ Ան ըսաւ թէ առիթը ունեցած էր հանդիպելու Պր. Խանճեանին եւ զրուցելու անոր հետ, եւ կարդացած անոր ստեղծագործութիւններէն «Այս Տունը Քո՞ւկդ է, թէ Իմս» եւ «Հալէպ. Առաջին Կայարան» գիրքերը եւ մասնակցած անոնց շնորհանդէսին։

Այնուհետեւ քանի մը հարց ու պատասխանէ ետք Միութեան անդամները միաձայնութեամբ ընտրեցին Զաւէն Խանճեանը որպէս Հայաստանի Գրողներու Միութեան Պատուոյ Անդամ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]