Զարեհեան Գանձատուն
Հալէպի «Զարեհեան» Գանձատուն, «Զարեհեան Գանձատուն»ը կը գտնուի Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ։ Հիմնուած է 1991-ին, հնադարեան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կառոյցէն ներս (որ յիշատակուած է 1429-ին, Ստեփանոս Կրակեցիի կողմէ գրչագրուած Աւետարանի մը յիշատակարանին մէջ), ուր նախքան Սուրիոյ պատերազմը ցուցադրուած կային հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող աւելի քան 650 հայ առաքելական եկեղեցւոյ յատուկ սպասներ, հայկական արծաթագործութեան եւ ձեռարուեստի գեղեցիկ եւ թանկարժէք իրեր, որոնք մեծ մասամբ տարագիր հայ ժողովուրդի զաւակները իրենց հետ բերած էին Արեւմտեան Հայաստանէն, որպէս յիշատակ եւ հայրենիքէն մնացած սուրբ մասունք:
Գանձատունը կը ծառայէ նաեւ որպէս ուսումնասիրական կեդրոն: «Զարեհեան» Գանձատան մէջ պարփակուած ձեռագործ աշխատանքի հազուագիւտ նմուշներն ու պատմա-մշակութային արժէք ներկայացնող «գանձեր»ը առիթ կու տային ծանօթանալու Սուրիահայ գաղութի հոգեւոր հարստութեան:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Գանձասար» Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնաթերթ, 15 Նոյեմբեր 2012: