Եօղուն Oլուխ

Բնակավայր
Եօղուն Oլուխ
Երկիր  Թուրքիա

Եօղուն Օլուխ, հայաբնակ գիւղաքաղաք Անտիոքի Սուէյտիյէ գաւառակի Անտիոք քաղաքէն 4-5 ժամու ճանապարհ հեռու:

Ընդհանուր տեղեկութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամրացած է երկու ահագին լեռներու մէջ, մէջտեղէն կը վազէ արատահոս գետ մը: Ունի առատ եւ ընտիր ամէն տեսակի պտուղներ, ինչպէս նաեւ նարինջ եւ կիտրոն: 600 տուն հայ բնակիչներէն միայն 60 ժողովուրդին մեծ մասը հայ կաթողիկէ են եւ բողոքական:

Ժողովուրդին մեծ մասը շերամաբուծութեամբ զբաղած է․ ոմանք մետաքսէ ճամկաւոր շալեր, փողկապներ, եւայլն գործած ու վաճառած են: Շատեր ալ սանտր կը շինեն փայտէ եւ ոսկրէ: Ունեցած է ազգային վարժարան մը 32 աշակերտներով:

Գիւղացիները Յուլիս 1939 ին թողելով իրենց ծննդավայրը, գաղթցած են Սուրիա եւ Լիբանան՝ իրենց ծննդավայրը Թուրքիոյ թողելու հետեւանքով:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]