Եփրատ (թերթ)

«Եփրատ», քաղաքական, գրական եւ գիտական թերթ, «Եփրատ» հրատարակչական ընկերութեան հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1927-1949, Հալէպի մէջ, փոփոխական պարբերականութեամբ։ Հանդիսացած է Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան օրգանը (1929-1934, 1936-1949)։ Խմբագիրներ՝ Խ․ Քարտաշ, Ա․ Շաքլեան, Խ․ Պօղոսեան, Մ․ Կէպէնլեան, Մ․ Երեցեան, Ե․ Պէնլեան, Յ․ Յովսէփեան, Էլի Նազար, Տ․ Տէր-Ղազարեան, Մ․ Տէր-Ստեփանեան, Տ․ Պարիկեան։

Լուսաբանած է խորհրդային Հայաստանի կեանքը։ Յետպատերազմեան շրջանին աշխուժօրէն մասնակցած է հայրենադարձութեան կազմակերպման, խորհրդային գախափարախօսութեամբ հանդէս եկած է դաշնակցութեան դէմ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։