Երեւանի Պատմութիւն

Սեպագիր արձանագրութիւն՝ Էրեբունի ամրոցի մասին

Երեւանի Պատմութիւն,Երեւանը աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն է։ Հնագիտական պեղումներով պարզուած է, որ մարդը այստեղ կ'ապրի տասնեակ-հազարաւոր տարիներ առաջ։ Քաղաքի տարածքին, տարբեր ժամանակաշրջաններուն առաջացած եւ զանազան պատճառներով կործանուած են բազմաթիւ բնակավայրեր։ ժամանակագրական առումով՝ քաղաքի տարածքի հնագոյն բնակավայրը՝ Երեւանեան կամ Հրազդանեան քարայրն է (Երևանեան լիճի մօտ՝ Հրազդան գետի ձախ ափին), որ հնագոյն, ստորին շերտը (4-5 մշակութային շերտ) կը թուագրուի մօատերեան շրջանով (10-3,5 հազարամեակ առաջ)։ 1950 թուականիՆ, Արին բերդ բլուրի պեղումներով՝ յայտնաբերուած է Վանի թագաւորութեան Արգիշտի Ա. արքայի սեպագիր արձանագրութիւնը, ըստ որուն՝ Արգիշտի Ա.-ը Էրեբունի բերդաքաղաքը հիմնադրած է Ք.Ա. 782 թուականին։ Արձանագրութիւնը կը վկայէ. «Խալդ Աստուծոյ հրամանով, Արգիշտին, Մենուայի որդին Էրեբունի քաղաքը կառուցեց Պիաինիլիի հզորութեան համար.... Խաթէ եւ Ջուպանէ երկիրներէն ես այնտեղ 6 հազար 600 զինուորներ բնակեցուի»։

Անուան Նշանակութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.Ա. 7-րդ դարուն, Կարմիր բլուրին վրայ կառուցուած է Թեյշեպան ամրոցը, որ Ք.Ա. 6-րդ դարուն, կործանած են սկիւթները եւ մետիացիները։ Վանի քարաժայռի վրայ փորագրուած Խորխոռեան տարեգրութեան մէջ, որ 1828 թուականին, յայտնաբերած է արեւելագետ՝ Ֆ. Շուլցը, կ'ընթերցէ նաեւ Էրեբունի տեղանունը։ Հայ մատենագիրները Երեւանի անուան ծագումը երկար ժամանակ կը կապեն Նոյեան Տապանի աստուածաշնչեան աւանդութեան հետ, երբ Նոյան Տապանը կանգ առած է Արարատ գագաթին, եւ Նոյը, ջրհեղեղէն յետոյ տեսնելով առաջին ցամաքը, որ ապագայ Երեւանի կառուցման վայրն էր, կոչած է՝ Երեւա՜ց (այստեղէն ալ՝ «Երեւան» անուանումը)։ Առաւել՝ տարածուած է այն տեսակէտը, որ «Երեւան» անունը կապուած է Էրեբունի բերդաքաղաքի անուան հետ։ Սակայն կան նաեւ այլ տեսակէտեր. ատոնցմէ մէկու համաձայն՝ հիմնադրուած նոր բնակավայրի անուանակոչման համար Արգիշտի Ա.-ը կամ օգտագործած է տարածքին մէջ եղած ու անոր յայտնի հնագոյն այլ բնակավայրի անուն, կամ կոչած է՝ «երի» կամ «արի» ցեղի (երկրի) անունով։ Հայկական լեռնաշխարհէն ու շրջակայ տարածքներէն հեռացած հնդեւրոպացիներու նախնիները՝ արիական ցեղերը, կը յիշեն իրենց՝ արի ցեղին պատկանելու փաստը եւ գրաւոր աղբիւրներու մէջ, կը նշեն այդ մասին։

Հին Շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին Երեւանի Զինանշանը

Երեւանը կը յիշատակուի 3-րդ դարու, ուր կը նշուի, որ քրիստոնէական համայնքի կողքին Մանիի (պարսիկ նկարիչ) աշակերտներէն մէկը Երեւանի մէջ հիմնած է մանիքէական համայնք։ Վանի թագաւորութեան անկումէն յետոյ Երևանի շուրջ 1000-ամեայ պատմութեան մասին հայ մատենագրութեան աղբիւրները կը լռեն։ Երեւանը կրկին կը յիշատակուի 7-րդ դարուն՝ «Գիրք Թղթոցի» մէջ։ Պատմիչ՝ Սեբէոսը կը վկայէ, որ արաբերէն արշավանքներու ժամանակ Երեւանը վաճառաշահ ու այգէշատ քաղաք էր։ 12-13-րդ դարուն, Երեւանը բաւական մեծ տարածք կը զբաղեցրէ, սակայն սելճուկ թուրքերու արշավանքներու հետեւանքով ամբողջովին աւերուած է եւ տակաւին չվերականգնուած, կ'ենթարկուի նոր արհաւիրքի՝ մոնկոլ-թաթարներու, ապա Լենկթեմուրի ասպատակութիւններուն եւ 387 թուականին, ի թիւս այլ քաղաքներու, կրկին աւերուած է։

Միջին Դարեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեւանի կարեւորութիւնը մեծացած է 1437-1467 թուականներէն, երբ դարձած է Արարատեան աշխարհի մեծագոյն մասը ընդգրկող կուսակալութեան կեդրոնը եւ յաճախ կը յիշատակուի իբրեւ «Արարատեան Երկրի Մայրաքաղաք»։ Քարաքոյունլու ցեղապետ՝ Ջհան Շահը (1437-1467) ստեղծած է Երեւան կեդրոնով կուսակալութիւն եւ կուսակալ նշանակած է Յաղուբ բէկին։ 1502 թուականին, Իրանի Սեֆեան հարստութեան հիմնադիր՝ Իսմայիլ Շահը, ի թիւս Հայաստանի արեւելեալն երկրամասերու, ակկոյունլուներէն խլած է նաեւ Երեանը ու հանձնած է Ռեւան խանին։ Իբրեւ սահմանային մեծ խանութեան կեդրոն՝ Երեւանը պեղուած է՝ պրոնզէ ձիու գլուխով, Ռեւան խանի օրով ձեռք բերած է ռազմական (Ք.Ա. 6-րդ դար) մեծ նշանակութիւն։

Հակամարտութիւններ՝ Պարսկաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի Հետ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1555 թուականին, Ամասիայի պայմանագրով՝ Հայաստանը բաժանուած է թուրքերու եւ պարսիկներու միջեւ. Երեւանի խանութիւնը անցած է Իրանին։ 1578 թուականին, թրքական զորքերը Մուսդաֆա Լալու (Ջաֆեր) փաշայի գլխաւորութեամբ կրկին հարձակած են Երեւանի խանութեան վրայ եւ 1579 թուականին, հեշտութեամբ գրաւած են զայն, որովհետեւ Մահմուտ խանը (Թոխմախ մականունով), լսելով թրքական բանակի մօտենալու լուրը, կողոպտած է քաղաքը եւ դիմած է փախուստի՝ իր հետ տանելով հազարաւոր գերիներ։ Երեւանէն բազմահազար (մօտ 60 հազար) գերիներտարած է նաեւ՝ թուրք Մուսթաֆա Լալու փաշան։ Սակայն շուտով կնքուած է նոր պայմանագիր, որուն համաձայն Երեւանը դարձեալ անցած է Իրանին։

1583 թուականին, թրքական ստվար մը՝ բանակ Ֆահրադ փաշայի հրամանատարութեամբ վերստին արշաուած է Երեւան։ Մահմուտ խանը նահանջած է արեւելք՝ քաղաքը ձգելով թուրքերուն։ Ֆահրադ փաշան 1582-1583 թուականներուն, Հրազդանի ձախափնեայ զառիթափ ձորեզրին՝ հարթավայրին մէջ, կառուցած է Երեւանի բերդը, որ եղած է թուրք եւ պարսիկ տիրակալներու բացառիկ կարեւոր ռազմական հենակէտը։ 19-րդ դարու սկզբին, բերդը զբաղեցրած է 790 մ x. 850 մ. չափերու գրեթէ քառակուսի տարածք։ 1603 թուականին, Աբաս Շահը մօտ 8-9 ամիս պաշարած է Երեւանը, թուրքական կայազորը հարկադրուած հանձնուած է։ 1604 թուականին, Աբբասի գերեվարած հայերու թիւին մէջ եղած են բազմաթիւ երեւանցիներ, որոնք 1606 թուականին՝ Նոր Ջուղայի մօտ հիմնած են՝ աւան եւ կոչած են՝ Նոր Երեւան։ 1605 թուականի դաշնագրով՝ վերականգնուած են 1555 թուականի թուրք-պարսկական սահմանները, եւ Երեւանը կրկին մնացած է պարսկական հատուածին մէջ։ 3 դար շարունակ, Երեւանը 14 անգամ ձեռքէ ձեռք անցած։ 1606-1609 թուականներուն, Երեւանի Ամիրգունա խանք Արեւմտեան Հայաստանի զանազան շրջաններէն գերած բազմաթիւ հայերու բնակեցրած է Երեւանի շրջակայքին մէջ։ 1635 թուականին, քաղաքը գրաուած են Մուրատ սուլթանի 1636 թուականին՝ Իրանի շահ Սեֆիի զորքերը։ 1638 թուականին, Երեւանը եւ շրջակայ բնակավայրերը գրաուած ու ասպատակած են Քինան փաշայի թրքական զորքերը, որոնց կազմին մէջ եղած են նաեւ՝ Ղրիմի խանի ջոկատները։ 1639 թուականին՝ կնքուած Կասրէ-Շիրինի հաշտութեամբ հաստատուած է մօտ 60-ամեայ խաղաղութիւն։ Երեւանը եղած է Սեֆեան կայսրութեան Չուխուր Սաադի բեգլար-բեգութեան կեդրոնը, որ կառավարած է սարդարը, 1747 թուականէն՝ խանը։

1724 թուականին, Երեւանի եւ շրջակայ գիւղերու բնակիչները շուրջ 2 ամիս դիմագրաուած են թուրք, 70-հազարանոց բանակին եւ միայն պարսիկներու դավաճանութեան պատճառով՝ պարտուած են ու բերդը հանձնած են թուրքերուն։ Երեւանի պատմութեան այդ էջը ներկայացուած է պատմիչ Աբրահամ Երեւանցին, որ մանրամասն նկարագրելով ճակատամարտը կը յիշատակէ, որ 20 հազար զոհ տալով՝ թուրքերուն վերջապէս յաջողած է գրաւել բերդը։ 1735 թուականին, Իրանի Նադիր Շահը, թուրքերու հետ նախնական պայմանաւորվածութեամբ, վերածուած է Կարսի բերդի պաշարումը, փոխարէնը երկարատեւ պաշարումէն յետոյ առանց կռուի (Սեպտեմբեր 22-ին) գրաուած է Երեւանը։

Նոր Շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին Երեւանի շուկան՝ Ղանթարը

18-րդ դարուն Ա.-ին քառորդէն, Իսրայէլ Օրին եւ ազատագրական շարժման միւս գործիչները հայ ժողովուրդի ազատագրական շարժումներուն ընթացքին, կարեւոր դեր հատկացուցած են Երեւանին։ 18-րդ դարուն 2-րդ կէսին, Երեւանի խանութիւնը հարկատու էր Վրաստանի Հերակլ 2-րդ թագաւորին, որմէ ժամանակ առժամանակ հրաժարվելու պատճառով Հերակլը ձեռնարկած է 3 պատժիչ արշաւանքներ (1765, 1769, 1779)։ Վերջինի ժամանակ աւերած է Երեւանի խանութեան գաւառները, 3 ամիս պաշարել քաղաքը, խանութեան շատ բնակիչներու գաղթեցուցած Վրաստան, Երեւանէն տարածքներուն բնակեցուցած են՝ Տփղիսի Հաւլաբար թաղամասը։ 17-18-րդ դարերուն, Երեւանը ունեցած է մօտ 15 հազար բնակիչ։ Երեւան էին կեդրոնացուած խանութեան վարչական մարմիններն ու զորքերու մեծ մասը։ Այդ շրջանին, Երեւանը կառավարած է ոստիկանապետը, որ զբաղուած է քաղաքի կարգուկանոնով եւ տուրքերու հաւաքմամբ։ Թաղերը ենթարկուած են աւագներուն։ Պաշտօնեաներու թիւին մէջ էին շուկայի պետը, կշռապետը եւ ոռոգման ցանցի պատասխանատուն։

Բնակչութեան Զբաղուածութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

19-րդ դարուն, Երեւանի մէջ զարգացածեն արհեստագործութիւնը, առեւտուրը, այգեգործութիւնն ու բանջարաբուծութիւնը, մասամբ՝ երկրագործութիւնն ու անասնապահութիւնը։ Հիմնական արհեստներն էին՝ ներկարարութիւնը, կաշեգործութիւնը, հացագործութիւնը եւ այլն։ Արհեստաւորներն ու առեւտրականները ընդգրուած էին համքարութիւններուն մէջ։ Քաղաքը կը գործեն տնայնագործ, արտադրական ձեռնարկութիւններ (ապակիի, վառոդի, թնդանոթի եւ այլն)։ Մեծածախ առեւտրով զբաղուած են հարուստ վաճառականները, մանրածախով եւ շարժականով՝ մանր առեւտրականները (բազազներ, մանրավաճառներ)։

Քաղաքին Կառուցուածքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղաքը գրաւած է մեծ տարածք՝ անշուք եւ անկանոն կառոյցներով։ Բերդը քաղաքէն բաժանուած է մեծ հրապարակով։ Բերդին մէջ էին խանի պալատը, հարեմը, զորանոցները, բաղնիքները, մզկիթները, կրպակները եւ այլ շինութիւնները։ Քաղաքը ունէր 3 թաղամաս (Շահար, Թափաբաշ, Երկաթ-աղբիւր)։ Գործած է 4 շուկայ [[[Խանբաղ]]ի, Ղանթարի (Գլխաւոր) եւ այլն], 7 կարավանատուն (Գիւրճի, Ջուղայի, Ջառաբի, Հաջի Ալիի եւ այլն )։ Երեւանը եղած է ռուս-պարսկական առեւտուրի խոշոր հանգոյց։ Առեւտուրի ծաւալով ու մեծութեամբ ամենայայտնին Մեծ հրապարակն էր՝ սարդարի 2 կշիռքներով՝ մեծ ու փոքր։ Մեծ չափերու կը հասնի արտաքին առեւտուրը։ Երեւանէն արտահանուած են՝ բամբակ, բրինձ, ցորեն, աղ, միրգեր եւ այլն։ Շրջանառութեան մէջ եղած են ռուսական, հոլլանտական, թրքական դրամները, Երեւանի մէջ հատած պղնձադրամները։ Երեւանին ոռոգման ջուր կը մատակարարեն Հրազդանէն սկիզբ առնող 4 ջրանցքները (Դալմայի, Աբուհայաթի, Մամռի, Նորագեղի)։

Բնական Երեւոյթներու Ազդեցութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր բազմադարեան պատմութեան ընթացքին, Երեւանը բազմիցս կը տուժէ բնական աղետներէն՝ երկրաշարժներէն եւ Գետառի սելաւներէն։ Ամենակործանարարը՝ 1679, Յունիս 4-ի երկրաշարժն էր. աւերուած են եկեղեցիներ, մզկիթներ, Երեւանի բերդի, խանի ապարանքները, բաղնիքները, քաղաքի բնակելի թաղամասերը։ Զոհերու թիւը հասած է 7600-ի։ 1804-1813 թուականներուն, ռուս-պարսկական պատերազմի ժամանակ գեներալ Պաւել Ցիցիանովի գլխաւորութեամբ ձեռնարկուած է ռուսական զորքերու առաջին արշաւանքը Երեւան. 1804, Յուլիսի 2-ի, ռուսական զորքերը գրաւած են բուն քաղաքը, ապա պաշարած են բերդը (Յուլիս 24-ին)։ Սակայն շուտով հարկադրուած վերադարձած են Թիֆլիս։ 1808 թուականին, Սեպտեմբերին հեներալ Իվան Կուդովիչի գլխաւորութեամբ արշաւանքը Երեւան նոյնպէս ապարդիւն եղած է։

Երեւանը Իբրեւ Գաւառական Քաղաք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1826 թուականին սկսած ռուս-պարսկական պատերազմի ժամանակ՝ ձեռնարկուած է երրորդ արշաւանքը Երեւան՝ գեներալ Իվան Պասկեւիչի գլխաւորութեամբ։ 1827, Հոկտեմբեր 1-ին, գեներալ Աֆանասի Կրասովսկու զորքերը հայ կամավորականներու աջակցութեամբ գրաուած են քաղաքը։ 1828, Փետրուար 10-ին, կնքուած պայմանագրով՝ Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւնները անցած են Ռուսաստանին։ Երեւանը դարձած է Հայկական մարզի կեդրոնը։ Քաղաքի կառավարչութիւնը ունեցած է 2 բաժին՝ ոստիկանական եւ դատական։ Կառավարմանը մասնակցած են գանձապետը, թաղամասերու աւագները, ցածրաստիճան այլ պաշտօնեաններ։ 1840 թուականին, Հայկական մարզի վերացմամբ Երեւանի գաւառը ներառուած է Վրացա-Իմերեթեան նահանգի մէջ եւ Երեւանը վերածուած է գաւառական քաղաքի։ 1849 թուականին, կազմուած է Երեւանի նահանգը՝ Երեւան կեդրոնով։ 1874 թուականին, վարչական նոր փոփոխութեան հետեւանքով, նահանգը բաժանուած է գաւառներու, որոնցմէ մէկը Երեւանի գաւառն էր։

Արհեստներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեւանի արհեստները բուռն զարգացած են յատկապէս 1860-ական թուականներուն, սակայն 1880-ական թուականներէն անկում կ'ապրին Ռուսաստանի մէջ արտադրուող արդիւնաբերական ապրանքներու ներհոսքի հետեւանքով։ Ռուս-պարսկական պատերազմէն յետոյ հաստատուած խաղաղութիւնը, կարաւաններու անվտանգ երթեւեկութեան ապահովումը, չափ ու կշռի միասնական միաւորներու գործադրումը, մաքսային համակարգի, դրամական հարկերու սահմանումը, ճանապարհաշինութեան զարգացումը, դիլիժանսային երթեւեկութեան կազմակերպումը (1866), հեռագրական կապի ստեղծումը (1864) եւ փոստային մշտական կապի հաստատումը կը խթանեն Երեւանի առեւտուրը։ Խոշոր վաճառականները զբաղուած են բամբակի վերավաճառքով (Մոսկոայի, Կ. Պոլսոյ, Մարսելի, մասամբ՝ Թիֆլիսի մէջ) եւ ներկրուած կտորեղենի առեւտուրով։ 1865 թուականին, Երեւանի ներքին եւ արտաքին առեւտուրի շրջանառութիւնը կազմած է մօտ 2 միլիոն ռուպլի։ 1865 թուականին, Երևանի այգիներն ու ցանքատարածութիւնները կազմած են մօտ 3103 հեքթար գիւղատնտեսական ճիըւղերէն ստացուած մաքուր եկամուտը՝ տարեկան 76 հազար ռուպլի։ 1870 թուականին, քաղաքային առաջին կանոնադրութեամբ (Երեւանի մէջ կիրաոած է 807 1879, Հոկտեմբեր 1-ին) Երեւանի մէջ ստեղծուած են քաղաքային դումայ, վարչութիւն եւ ինքնավար այլ մարմիններ։ Երեւանի առաջին քաղաքապետ ընտրուած է Յովհաննէս Ղորղանեանը (1879-1884)։ 1892 թուականի նոր կանոնադրութեամբ՝ սահմանափակոած են քաղաքային ինքնավար մարմիններու իրաւունքները։ Գիւղական ռեֆորմը Հայաստանի մէջ, իրականացնելէն (1870) յետոյ կապիտալիստան արդիւնաբերութեան ստեղծման համար նախադրեալներ ստեղծուած են նաեւ՝ Երեւանի մէջ։ Անհրաժեշտ հումքը (բամբակ, շինանիւթեր, կաշի, խաղող եւ այլն), դրամական միջոցները կեդրոնացուած էին խոշոր վաճառականներու ձեռքին մէջ, որոնք ալ հիմնադրած են արտադրական առաջին ձեռնարկութիւնները։ 1885 թուականին՝ Ն. Թաիրովը (Թաիրեան) հիմնած է գինիի, օղիի եւ սպիրտի առաջին գործարանը, Երեւան մէջ։

Հասարակական Կեանքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեւան 1910 թուականին
Երեւանի գինիի եւ քոնեակի գործարանը

1887 թուականին, այդ գործարանին կից կազմակերպուած է Քոնեակի առաջին արտադրութիւնը։ Գործած են Դ. Սարաջեւի (1894 թուականէն), Կ. Ափրիկեանի եւ Գ. Գեոզալեանի (1897 թուականէն) քոնեակի գործարանները։ 20-րդ դարու սկզբին, Երեւան կան քոնեակի, օղիի, սպիրտի, 5 գործարան։ 1899 թուականին, ռուս խոշոր ձեռնարկատեր Ն. Շուստովը գնածէ Թաիրովի գինի-քոնեակի գործարանը, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ընդլայնուած է քանի մը անգամ, իսկ՝ 1907 թուականին կառուցուած է նոր մեքենայացուած, օդամղիչ եւ տակառի գործարաններ, նկուղներ, սպասարկման կետեր, օժանդակ այլ հարմարութիւններ եւ փոքր ջրէկ՝ Հրազդան գետի վրայ։ Երեւանի մէջ արտադրուող քոնեակի եւ սպիրտի մեծ մասը աստիճանաբար կեդրոնացուած է «Շուստով եւ Որդիներ» ընկերութեան ձեռքի մէջ։ Խաղողի թափոններու եւ գինիի նստուածքներու հիման վրայ ընդարձակուած է նաեւ օղիի եւ սպիրտի արտադրութիւնը։ 1891 թուականին, գործած է Տէր-Աւետիքեան եղբայրներու մեխանիկական գործարանը, որ սպասարկած է հիմնական գինիի, քոնեակի, օղոո արտադրութեան ձեռնարկութիւններուն։ Գործած են նաեւ պահածոներու, բամբակազտիչ, գարեջրու ու հանք, ջուրերու եւ այլ գործարաններ, տպարաններ, ձիթհաններ։ 1896 թուականին, Երեւանի ընդհանուր առմամբ եղած է 129 գործարան։ Երեւանի տնտեսական կեանքին մէջ, էական նշանակութիւն ունեցած է Ալեքսանտրապոլ-Երեւան երկաթուղիի կառուցումը (1899-1909)։ Ներքին ու արտաքին առեւտուրի զարգացման նպաստած է նաեւ Երեւան-Աղստաֆա, Երեւան-Ջուլֆա եւ Երեւան-հգդիր խճուղիներու բարեկարգումը։ 19-րդ դարու, վերջին քառորդէն շատ արհեստներ (ներկարարութիւն, կտաւագործութիւն, բրուտագործութիւն եւ այլն) կորցրած են լայն պահանջարկը։ 20-րդ դարի սկգբին վերացած են համքարութիւնները։ Փոխարէնը առաջացած են նոր պահանջներուն համապատասխան արհեստներ (ժամագործութիւն, խառատութիւն եւ այլն), աշխուժացած են որոշ հին արհեստներ (քարտաշութիւն, որմնադրութիւն, հիւսնութիւն եւ այլն)։ 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկզբին էական փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են Երեւանի ներքին կեանքի, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներուն մէջ։ Ձիակառքերէն բացի՝ գործած են ձիաքարշ տրամուայներ, որոնց երթեւեկութեան համար ստեղծուած է 4 վերստ երկաթգիծ (19061907 թուականին «Ամպեր» ընկերութեան միջոցներով կառուցուած է եւս մէկ ջրէկ, որ կը ծառայէ քաղաքի լուսաւորմանը։ 1911 թուականին, «Երևանի Ջրմուղի Ընկերութեան» ջանքերով եւ քաղաքի մեծահարուստներու միջոցներով կառուցուած է Երեւանի ջրմուղը, որ խմելու ջուր կը մատակարարէ քաղաքին։ 1913 թուականէն կը գործէ հեռախօսային ցանց։ Կառուցուած են նոր բաղնիքներ, դպրոցներ, զբոսայգիներ, հիւանդանոցներ ու դեղատներ, կազմակերպուած են թատերական խմբակներ, երաժշտական, հաշվապահպանական, կարի եւ այլ դասընթացքներ, ստեղծուած են պարբերականևեր, տպարաններ, բացուած են կինոթատրոններ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին մասնակցած են նաեւ երեւանցի բազմաթիւ կամավորներ, որոնք հայկական ջոկատներու հետ ռուսական զորքի կազմին մէջ կռուած են Հայաստանը թուրքական լուծէն ազատագրելու համար։ 1915 թուականի Մեծ եղեռնէն փրկուած բազմաթիւ գաղթականներ կ'ապաստանեն Երեւանի մէջ։ 1918 թուականի գարնան՝ Ալեքսանտրապոլը գրաւելէն յետոյ թուրքական զորքերու մաս մը շարժուած է դէպի Երեւան։ Քաղաքը առանց դիմադրութեան հանձնելու քաղաքային դումայի որոշման հակառակ՝ Երեւանի եւ շրջակայ գիւղերու (Քանաքեռ, Աւան, Առինջ եւ այլն) բնակչութիւնը, Արամ Մանուկեանի գլխավորութեամբ աշխարհազոր կազմած, մասնակցած է քաղաքի պաշտպանութեանը։

երեւանը Իբրեւ Մաերաքաղաք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երեւան 1921 թուականին
Երեւանի 20-րդ դարու սկիզբին

1918, Մայիս 22-28-ին, հայկական զորքերու հետ Սարդարապատի մօտ պարտութեան կը մատնեն թուրքական բանակին, որ նահանջած է՝ չկարողանալով մտնել Երեւան։ 1918 թուականի Յուլիսին, Երեւան տեղափոխուած է նոյն թուականին՝ Մայիս 28-ին, Թիֆլիսի մէջ հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւնը։ Երեւանը դարձած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մայրաքաղաքը։ 1920-1991 թուականներուն, Երեւանը Հայկական ԽՍՀ մայրաքաղաքն էր։ Խորհրդական իշխանութեան տարիներուն Երեւանը կառավարած է ժողովրդական պատգամաւորներու քաղաքային խորհուրդը։ Հայրենական մեծ պատերազմէն (1941-1945) յետոյ Երեւանի մէջ, բացուած են նոր արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ, հանրակրթական, բարձրագոյն եւ մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններ, գիտական հիմնարկներ, գրադարաններ, կինոթատրոններ, հրատարակչութիւններ, եկեղեցիներ, մշակութային այլ օճախներ, ստեղծուած է ռատիոհեռուստատեսային լայն ցանց։ Երեւանը դարձած է Այսրկովկասի ու Առաջաւոր Ասիոյ արդիւնաբերական խոշոր կեդրոններէն։ 1991 թուականէն, Երեւանը ՀՀ մայրաքաղաքն է։ 1995, Յուլիս 5-ին, ընդունուած ՀՀ Սահմանադրութեան 13-րդ յօդուածով ամրագրուած է Երեւանի՝ ՀՀ մայրաքաղաքի իրաւական կարգավիճակը։

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։