Ես, Տատիկը, Իլիկոն եւ Իլարիոնը (վէպ)

«Ես, տատիկը, Իլիկոն եւ Իլարիոնը» (վրաց.՝ მე, ბებია, ილიკო და ილარიონი), Նոտար Դումբաձէի վէպը տպագրուած 1960 թուականին վրացերէնով,

1964 թուականին, Թիֆլիսի «Լիտերատուրա այդ խելովնեպայ» հրատարակչութեան մէջ, հրատարակուած է ռուսերէն թարգմանութիւնը՝ Զուրաբ Ախվլետիանիի կողմէն, որմէ ետք վէպը ոչ միայն Վրաստանի մէջ ճանչցուած է, այլեւ ամբողջ ԽՍՀՄ-ի մէջ։ 1966 թուականին, Դումբաձէն ստացած է Լենինեան կոմսոմոլի մրցանակը «Ես կե տեսնեմ արեւը» եւ «Ես, տատիկը, Իլիկոն եւ Իլարիոնը» ստեղծագործութիւններու համար[1]:

Սիւժէ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վէպը կը պատմէ Զուրիկոյի՝ վրացի տղուն եւ անոր գիւղական կեանքին մասին։ Գործողութիւնները տեղի կ'ունենան նախապատերազմական Վրաստանի մէջ, ուր Զուրիկօն կը սորվի դպրոցի մը մէջ, առաջին անգամ կը սիրահարուի, ապա պատերազմի ընթացքին համագիւղացիներուն եւ յաղթանակի կը հանդիպի։ Զուրիկօն կ'աւարտէ դպրոցը կը մեկնի սորվելու Թիֆլիս, սակայն ուսումը աւարտելէն ետք կրկին կը վերադառնայ իր գիւղը՝ առաջին սիրոյ եւ ընկերներու մօտ։

Կերպարներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Զուրիկօ
  • Օլգա տատիկ
  • Իլիկօ
  • Իլարիոն
  • Մերի
  • Ցիրա
  • Կուկուրի
  • Անտիպ

Վերամշակումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1963 թուականին, վէպի հիման վրայ բեմադրիչ Թենգիզ Աբուլաձէն կը նկարահանէ «Ես, տատիկը, Իլիկոն եւ Իլարիոնը» վրացական ֆիլմը:[2]:

Վէպի հիման վրայ ներկայացումներ կը բեմադրուին, մասնաւորապէս՝ Մոսովետի անունով թատրոնին մէջ[3], ուր Իլիկոյի դերը խաղցած՝ է Սերգէյ Յուրսկին[4] եւ Ալեքսանդր Լենկովը, իսկ տատիկի դերը՝ Օլգա Օստրումովան[3]: Ստեղծագործութիւնը ներկայացուած ու բեմադրուած է նաեւ բնագրի հիման վրայ Մոսկուայի ՏՅՈՒԶ-ի մէջ, ուր տատիկի դերը կը կատարէր՝ Լիա Ախեջակովան (1973 թուականին)[5]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]