Jump to content

Եթովպիական օրացոյցը

Եթովպիական օրացոյցը, հիմնուած է ղպտիներու (քոփթ) օրացոյցին վրայ, որ շատ տարբեր է սովորական օրացոյցէն:

Աշխարհի մեծ մասը որդեգրած է Գրիգորեան օրացոյցը, որ կը բաղկանայ 365 օրէ, կամ 366 օր` նահանջ տարիին:

Եթովպիական օրացոյցը կազմուած է 13 ամիսէ. այդ 13 ամիսներէն 12 ամիսները ունին 30 օր, իսկ տարուան վերջաւորութեան 13-րդ ամիսը, որ կը կոչուի բաժանարար ամիս, կը տեւէ 5 օր, կամ 6 օր` նահանջ տարուան ընթացքին: Եթովպիական Նոր տարին կը սկսի սեպտեմբեր ամսուն, եւ ամէն չորս տարին անգամ մը մէկ օր կ'աւելցուի[1]:

ԱմհարերէնՂպտիերէնԱմսուան սկիզբ Ամսուան սկիզբ
նահանջ տարուան ընթացքին
መስከረም (Mäskäräm)Tut11 Սեպտեմբեր12 Սեպտեմբեր
ጥቅምት (Teqemt)Babah11 Հոկտեմբեր12 Հոկտեմբեր
ኅዳር (Hedar)Hatur10 Նոյեմբեր11 Նոյեմբեր
ታኅሣሥ (Tahsas)Kiyahk10 Դեկտեմբեր11 Դեկտեմբեր
ጥር (T’er)Tubah9 Յունուար10 Յունուար
የካቲት (Yäkatit)Amshir8 Փետրուար9 Փետրուար
መጋቢት (Mägabit)Baramhat10 Մարտ10 Մարտ
ሚያዝያ (Miyazya)Baramundah9 Ապրիլ9 Ապրիլ
ግንቦት (Genbot)Bashans9 Մայիս9 Մայիս
ሰኔ (Säne)Ba’unah8 Յունիս8 Յունիս
ሐምሌ (Hamle)Abib8 Յուլիս8 Յուլիս
ነሐሴ (Nähase)Misra7 Օգոստոս7 Օգոստոս
ጳጉሜ (Pagumän)Nasi6 Սեպտեմբեր6 Սեպտեմբեր

Ամսաթիւերը տրուած են Գրիգորեան օրացոյցով Ի.- ԻԱ. դարերուն համար։

Այս Գրիգորեան ամսաթիւերը վաւերական են միայն Մարտ 1900-էն մինչեւ Փետրուար 2100: Ասիկա պայմանաւորուած է անով, որ 1900 եւ 2100 թուականները նահանջ տարիներ չեն Գրիգորեան օրացոյցին մէջ, մինչդեռ անոնք եթովպիական օրացոյցին մէջ են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ 1900 թուականէն առաջ եւ 2100 թուականէն ետք ամսաթիւերը կը փոխուին[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]