Jump to content

Եէնիճէ

Գիւղաքաղաք
Եէնիճէ
Երկիր  Թուրքիա
ԲԾՄ 380±1 մեթր
Ժամային գօտի UTC+3։00 եւ time in Turkey?

Եէնիճէ, զուտ հայաբնակ գիւղաքաղաք (Նահիյէ), կը գտնուէր Թուրքիոյ կուսակալանիստ քաղաք՝ Պրուսայէն դէպի հարաւ հինգ ժամ հեռաւորութեան վրայ. Ողիմպոս լեռան արեւելակողմեան ստորոտը եւ ենթակայ Իյնէկէօլ գաւառակին:

Եէնիճէն կը բաղկանար 1550 հայ Լուսաւորչական եւ 40 հայ Բողոքական տուներէ, ընդամէնը 10.050 բնակչութեամբ: Ունէր Ս. Յակոբ անունով քարուկիր եկեղեցի մը, մեծցուած եւ վերանորոգուած 1807 թուին: Քահանայից թիւը կ’ըլլար 4-6: Հայ բողոքականները ունէին ժողովարան մը, որուն վարի յարկը վարժարան էր: Հին Յայսմաւուրքի մը լուսանցքին վրայ արձանագրուածէն հասկցուած էր, որ Եէնիճէի հայութիւնը Կարնոյ կողմերէն գաղթած էր հոս, 1460-ական թուականներուն, ըլլալով նաեւ ամբողջութեամբ հայախօս՝ նկատուած էր որ լեզուի տեսակէտով աւելի մօտ էր Կարնոյ, քան՝ ուրիշ վայրերու հայ բարբառին:

Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը բարձրանար ընդարձակ եւ երկյարկանի վարժարանը, որ կառուցուած ըլլալով Պրուսայի Տ. Բարթողիմէոս Զամչեանի առաջնորդութեան օրով, 1881-ին կը յորջորջուէր անոր անուամբ՝ «Բարթուղիմեան վարժարան», շրջափակէն դուրս կար նաեւ մանկապարտէզի շէնքը, շինուած՝ 1895-ին: Երկսեռ աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը հասնէր (1915-ին) 750. Իսկ ուսուցչաց թիւը 8-ի: Եկեղեցապատկան կալուածներու շարքին աչքառու էր ազգային բաղնիքը, կառուցուած «արգեամք ժողովրդեան»:

Եէնիճէի հայութիւնը հողատէր եւ կալուածատէր էր, կը զբաղէր երկրագործութեամբ եւ մեծ չափով շերամաբուծութեամբ:

Եէնիճէն մեր օրերուն տուած է երկու աչքառու եկեղեցականներ՝ Արտաւազդ Ծ. վրդ. Գալէնտէրեան եւ Ստեփան վրդ. Գալփագեան: Ասոնցմէ զատ Տոք. Ռուբէն Օհանեան, Լուտեր Պայտարեան եւ այլք:

Եէնիճէի մէջ մետաքսի գործարանի առաջին հիմնարկուն եղած է Գառնիկ Պէնտէլեան,40 ճախարակներով (մանճըլըգ) 1889-ին. ատկէ մինչեւ 1900 թուականը՝ 40-80 ճախարակնոց խոշոր գործարաններ կանգնած են Ասատուր Սէթտէրեան, Յակոբ Օհանեան, որուն մէկ փեսան Արսէն Թօփճեան՝ այժմ գործարանատէր է Խասքօվոյի մէջ (Պուլկարիա), մհտ. Պետրոս Պուրնազեան եւ մհտ. Գէորգ Թէրզեան:

Եէնիճէի ամբողջ հայութիւնը, բացի 40 տուն բողոքականներէն՝ 6 Օգոստոս 1915-ին տարագրուած է եւ զինադադարէն վերադարձող վերապրողներու թիւն է ընդամէնը 1250 անձ, որոնց կէսը ներկայիս (1938) Պուլկարիա, իսկ մնացեալ կէսը ապաստանած են Յունաստան եւ Ֆրանսա: