Jump to content

Եզնիկ Քաջունի

Եզնիկ Քաջունի, ծնած է 1897-ին Արաբկիր։ Մաս կը կազմէր «Տորք»ի շարքերուն։ «Մարմնամարզ»ի հրատարակութիւնը երբ կը սկսի, Եզնիկ կը դառնայ Շաւարշ Քրիսեանի գործակիցներէն։ Իր կարգին, ան դասախօսութիւններ կը ներկայացնէ առողջապահական նիւթերու շուրջ։

Ա. Աշխարհամարտէն վերջ կ՛անցնի Երեւան[1], հոն կը մնայ՝ իբրեւ մարզանքի ուսուցիչ ամերիկեան որբանոցներու, եւ կը նուիրուի երկրի մարզական-սկաուտական շարժումին։ Իրեն յանձնուած էին Աղեքսանդրեան եւ Գալֆայեան գիմնազիոններու մարզանքի դասերը։

  • Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Սկաուտական Ամսաթերթիկ էջ 9։
  • Մարզիկ Ամսաթերթ 2001։

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. maik1970 (2017-12-29)։ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Հիմ­նադ­րու­թիւն»։ Azat Or (հայերեն)