Եագուպ Արթին

Եագուպ Արթին
Ծնած է 15 Ապրիլ 1842(1842-04-15)
Մահացած է 21 Յունուար 1919(1919-01-21) (76 տարեկանին)
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Եգիպտական սուլթանութիւն
Մասնագիտութիւն պետական ծառայող, թարգմանիչ, բանահաւաք
Վարած պաշտօններ Մշակոյթի Նախարար

Թաւատառ գրութիւն (15 Ապրիլ 1842(1842-04-15) - 21 Յունուար 1919(1919-01-21)), եգիպտահայ մանկավարժ եւ գիտնական, քաղաքական գործիչ[1]։ Ան նաեւ պատմաբան եւ զինանշանագէտ էր։ Արժանաւոր զաւակն էր Արթին Պէյ Չրաքեանի։

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան իր ուսումը ստացած է Փարիզ։ 1870-ին մտած է Եգիպտոսի պետական ծառայութեան մէջ: Իր առաջին պաշտօնը եղած է ուսուցիչ ըլլալ՝ Խտիւ Իսմայիլ փաշայի երկու զաւակներուն, իշխաններ՝ Հիլմիի եւ Ֆուատի (յետագային Ֆուատ թագաւոր):

1878-ին օտար լեզուներու մասնաւորաբար ֆրանսերէնի քարտուղար նշանակուելէ ետք, 1884-ին նշանակուած է կրթական փոխ նախարար եւ այդ պաշտօնը վարած՝ մինչեւ 1906, շուրջ 22 տարի:

Իր պաշտօնավարութեան շրջանին է, որ Եգիպտոսի կրթական գործը մեծապէս զարգացաւ եւրոպական իմաստով եւ իրեն օրով է, որ յառաջադէմ քաղաքակրթութեան մը յառաջապահը եղող ֆրանսական մշակոյթը եւ գիտական բոլոր ճիւղերը հաստատուեցան եւ զարգացան երկրին մէջ հիմնովին փոխելով եգիպտական նոր սերունդին կրթական մակարդակը։

Եագուպ փաշայի ֆրանսասիրութիւնը հաճելի չէր անգլիացիներուն, որոնք արգելք եղան, որ նախարարի աստիճանին բարձրանայ՝ ինչ որ իր իրաւունքն էր:

Եագուպ Արթին փաշայի կողմէ կամ անոր քաջալերութեամբ է, որ հիմնուած ու արդիւնաւէտ կերպով գործած են ֆրանս. «Եգիպտական կաճառ»ը, Պապ էլ Խալքի Պետական Մատենադարանը, ուր 43 հազար օտար գիրքեր հաւաքած էր: Իսկ Ֆրանսացի Օկիւսթ Մարիէթ փաշայի հետ 1859 հիմնած էր Գահիրէի «Հնութեանց թանգարանը» եւ Եգիպտոսի հնութեանց սպասարկութիւնը եւ այլ բազմաթիւ գիտական ու մշակութային հիմնարկութիւններ որոնք մինչեւ այսօր կը գոյատեւեն:

Ֆրանսացիք մեծապէս գնահատելով Եագուպ Արթին փաշայի ֆրանս․ մշակոյթին մատուցած բարձր ծառայութիւնները գայն պատուած են «Պատւոյ Լէգէոն» եւ այլ պատուանշաններու բարձր կարգերով:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Goldschmidt Jr. Arthur (2000)։ Biographical Dictionary of Modern Egypt։ Lynne Rienner Publishers։ էջ 25։ ISBN 978-1-55587-229-8։ արտագրուած է՝ 2013 թ․ մարտի 26 

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]