Jump to content

ԵՊՀ Արևելագիտութեան Բաժանմունք

ԵՊՀ Արևելագիտութեան Բաժանմունք, Երեւանի Պետական համալսարանի կազմին մէջ գոծող բաժանմունք։[1]

Արեւելագիտութեան առաջին դասախօսը գրականագէտ եւ արեւելագէտ Գէորգ Ասատուրն էր, ով 1921 թուականին աշխատանքի կը հրաւիրուի որպէս Վրացերէնի եւ Արեւելքի գրականութեան դասախօս։ 1923 թուականին Թաւրիզէն ԵՊՀ կը հրաւիրուի լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանը: Ան կը դասաւանդէ բազմաթիւ առարկաներ, անոնցմէ են՝ Պարսկերէնը, Սանսքրիթը, Պարսից Լեզուի (Պարսկերէնի) Պատմութիւնը, եւ այլն․․․ 1940 Թուականի Սեպտեմբերէն Աճառեանը նախաձեռնութեամբ կը ստեղծուի արեւելեան բանասիրութեան լսարանը (ամբիոն)։ Նոյն թուականին կը բացուի նաեւ Արեւելեան լեզուներու եւ գրականութեան բաժինը իր երկու՝ Իրանական ու Արաբական ճիւղերով։ Որպէս առանձին կառոյց, Արեւելագիտութեան Բաժանմունքը կը կազմաւորուի 1968 թուականին։ Բաժանմունքի ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ ուսուցչապետ (փրոֆէսօր) Գէորգի Նալբանդեանը։ Նախնական շրջանին բաժանմունքը ունեցած է մասնագիտական երկու լսարան՝ Արեւելեան Բանասիրութեան եւ Արեւելքի Պատմութեան լսարանները։

Բաժանմունքը սերտ կապեր հաստատած է արտաշխարհի արեւելագիտական նշանաւոր կեդրոններու հետ՝ Իրանի, Եգիպտոսի, Սուիոյ, Արաբական Միացեալ Իշխանութիւններուն (Էմիրութիւն), Լիբանանի համալսարաններուն համապ զուգակշիռ լսարաններու եւ առանձին գիտնականներու հետ։ Բաժանմունքը կը համագործացկցի նաեւ Մատենադարանի, Իրանագիտական Կովկասեան կեդրոնի, «Իրան-Նամէ» արեւելագիտական հանդէսի եւ արեւելագիտական այլ կեդրոններու հետ։[2]

Ներկայ պահուս Արեւելագիտութեան բաժանմունքէն ներս կը գործեն Իրանագիտութեան, Արաբագիտութեան եւ Թիւրքագիտութեան լսարանները (ամբիոնները)։ Արեւելագիտութեան այժմու պահանջներուն համապատասխան՝ բաժանմունքին մէջ կ՛ուսումնասիրուին նաեւ Հնդկերէն (Հինտի /Ուրտու), Սանսքրիթ, Պէլուճերէն, Քուրտերէն եւ Եբրայերէն։[3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Երեւանի Պետական Համալսարանի Արեւելագիտութեան Բաժանմունքի Պաշտոնական Էջը
  2. ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժանմունքի (ֆակուլտետի) մասին
  3. ԵՊՀ Արեւելագիտութեան Բաժանմունքի (ֆակուլտետի) Լսարանները (ամբիոնները)