Դաւիթ Ե. Էնէգեթցի
Դաւիթ Ե. Էնէգեթցի | |
---|---|
Մահացած է | 31 Հոկտեմբեր 1817 |
Մահուան վայր | Վաղարշապատ, Ղաջարական Պարսկաստան |
Մասնագիտութիւն | Eastern Orthodox priest |
Վարած պաշտօններ | Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս |
Դաւիթ Ե. Էնէգեթցի (Ղորղանեան[1], - 31 Հոկտեմբեր 1817, Վաղարշապատ, Ղաջարական Պարսկաստան), Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս (1801-1807). որպէս Մայր Աթոռոյ նուիրակ գացած է Պոլիս, Պոլսոյ Դանիէլ Պատրիարք Սուրմառեցին կաթողիկոս առաջադրելու կապակցութեամբ։
Երբ քաղաքական պայմանները թոյլատու չեն եղած, որ Դանիէլ Սուրմառեցին ժամանած է Էջմիածին, Դաւիթ Էնէգեթցին տեղւոյն պաշտօնական մարմիններուն եւս աջակցութիւնը ապահովելով, հակառակ Մայր Աթոռոյ միաբանութեան կամքին, գրաւած է Հայրապետական Աթոռը։ Իսկ միւս կողմէ Դանիէլ Սուրմառեցին իր համակիրներու եւս օգնականութեամբ Բագրեւանդի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ օծուած է ամենայն հայոց կաթողիկոս։ Այս անհաճելի մթնոլորտը յայտնի է «Դաւիթ-Դանիէլեան կռիւ» անունով։ Դաւիթ Ե. Էնէգեթցին կարողացած է Դանիէլ Սուրմառեցին դուրս բերել Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հայրապետանիստէն ու աքսորել զայն։
Քաղաքական իրադարձութիւններուն փոփոխումէն ետք, 1807-ին Դաւիթ Ե. Էնէգեթցին կը ստիպուի հրաժարիլ իր աթոռէն եւ Դանիէլ Սուրմառեցին վերստին կը կանչուի Ս. Էջմիածին ու պաշտօնապէս կը ստանձնէ գահը։
Դանիէլ Սուրմառեցիի վախճանումէն յետոյ վերստին կը միտի դառնալ կաթողիկոս, սակայն Եփրեմ Ա. Ձորագեղցիի ընտրութենէն ետք կը հաւաստէ, թէ հրաժարած է կաթողիկոսական բոլոր հանգամանքներէն ու կը դառնայ՝ միաբան եպիսկոպոս Ս. Էջմիածնի[2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Կաթողիկոսներ Ամենայն Հայոց (անուանացանկ) – Հանրագիտարան – Mashtoz.org»։ mashtoz.org։ արտագրուած է՝ 2023-12-17
- ↑ «ՍՈՒՐԲ ԳԱՅԻԱՆԷ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՊՈԼՍԱՇՈՒՆՉ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-12-17