Jump to content

Դանիէլ Ա. Քհնյ. Գէորգեան

Դանիէլ Գէորգեան
Ծնած է 1922
Ծննդավայր Եագուպիէ
Մահացած է 1998
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Քահանայ
Ամուսին Օրիորդ Անթուանէթ
Ծնողներ Յովհաննէս եւ Նուէրա
Երեխաներ 1 տղայ

Դանիէլ Ա. Քհնյ. Գէորգեան (1922, Եագուպիէ - 1998), աւաղանի անունով՝ Մովսէս, որդի Յովհաննէս եւ Նուէրայի։

Դանիէլ Ա. Քհնյ. Գէորգեան, նախնական կրթութիւնը ստացած է նախ Եագուպիէի Ազգային Վերածնունդ վարժարանին մէջ, ապա Հալէպի Ազգային Կիւլպէկեան Վարժարանը, զոր աւարտած է 1934-ին։ Նոյն տարին, եկեղեցւոյ եւ ուսման սէրե զինք առաջնորդած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Դպրեվանքը, ուր ուսանած է մինչեւ 1937 թուական եւ վերադարձած է ծննդավայրը։ 1938-ին, ընտանիօք տեղափոխուած է Հալէպ:

Նիւթական անձուկ վիճակը զինք մղած է դէպի ազատ ասպարէզ։ Նոր միջավայրին ու պայմաններուն անծանօթ ըլլալով հարկադրուած՝ քանի մը տարի զբաղած է որմնադիրի գործերով։

Այնուհետեւ, բարեկամներու միջնորդութեամբ, նշանակուած է պետական պաշտօնեայ՝ հեռաձայնի բաժնի գրասենեակին բաժնին մէջ։ Մովսէս շուտով ծնօթացած է պետական շրջանակին ու յարգուած բոլորէն։

1942-ին, Եագուպիէի Սուրբ Հռիփսիմէ Եկեղեցւոյ մէջ, Մովսէս պսակուած է Օրիորդ Անթուանէթի հետ եւ ունեցած մանչ զաւակ մը՝ Գէորգ։

Եագուպիէի եկեղեցւոյ թաղականութիւնն ու հայրենակիցները նկատի ունենալով Մովսէսին վարքն ու բարքը օրինակելի ընթացքն ու կրօնասիրութիւնը, առաջարկած են իրեն, որ ընդունի քահանայական թեկնածութիւնը Եագուպիէի փոքրաթիւ հայ գաջութին համար։ Մովսէս իր հաւանութիւնը տուած է, յարգելով իր հայրենակիցներուն որոշումը։

Մովսէս քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած են Տ. Զարեհ եպիսկոպոս Փայասլեանի ձեռամբ՝ Հալէպի Սուրբ Քառասնից Մանկնաց Եկեղեցւոյ մէջ, 23 Սեպտեմբեր 1951-ին, Խաչվերացի տօնին եւ վերակոչուած է Տէր Դանիէլ:

Նորընծայ՝ Տէր Դանիէլ այսպէս դարձած է հոգեւոր հովիւ Եագուպիէի հայութեան ուսուցիչ՝ տեղւոյն Ազգային Վերածնունդ Վարժարանին:

1960-ական թուականներուն, Լաթաքիոյ հայ գաղութին հոգեւոր հովիւը տեղափոխուած է Հալէպ, ժողովուրդը մնացած է առանց քահանայի։

Սրբազան Հօր պաշտօնական նամակով՝ Տէր Դանիէլ 1961-ին, հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Լաթաքիոյ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ:

Շնորհուած պարգեւներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 426։