Գրողներու Միջազգային Օր

Գրողներու Միջազգային Օր

Տեսակ միջազգային օր

Գրողներու միջազգային օր՝ մասնագիտական տօն, որ կը նշուի 3 Մարտին եւ կոչ կ՚անէ «չորրորդ իշխանութեան» դէմ արտայայտուիլ դեմոկրատական տպագրութեան բացասական երեւոյթներուն, խուսափիլ սուտ հրապարակումներէ, կանխամտածուած կեղծիքներէ, փաստերու մտադրուած աղաւաղումէ կամ զանոնլ միտումնաւոր անազնիւ մեկնաբանութիւններէ քաղաքական, խմբային կամ անհատական հետաքրքրութիւններէ ելած:

Պատմութիւն[խմբագրել | խմբագրել կոդը][Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1921-ին հիմնուած է ՓԵՆ ակումբը (յապաւում, որ հիմնուած է բանաստեղծ (անգլ.՝ poets), ակնարկագիր (անգլ.՝ essayists) եւ վէպերու հեղինակ, վիպասաններ (անգլ.՝ novelists) բառերու առաջին տառերով): Միագումարութեամբ այս երեք տառերը կը ստեղծեն գրիչ բառը (անգլ.՝ pen): 1923-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած է ՓԵՆ ակումբի առաջին միջազգային համաժողովը: 12-18 Յունուար 1986-ին տեղի ունեցաւ ՓԵՆ ակումբի արդէն 48-րդ միջազգային համաժողովը, որուն մասնակիցները որոշեցին 3 Մարտը յայտարարել «Գրողներու համաշխարհային օր»: Այդ ժամանակ ՓԵՆ կեդրոններ կային գրեթէ 100 հանրապետութիւններու մէջ:

Մեր օրերուն այդ տօնը շարք մը երկիրներու մէջ ընդլայնած է իր շրջանակները: Գոյութիւն ունի «Գրողներու օր» եւ կը հանդիսանայ առաւել յայտնի գրական գործիչներուն յարգանքի հատուցման օր:

Տես նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]