Jump to content

Գրիգոր Եաղջեան

Գրիգոր Եաղջեան
Ծնած է 2 Դեկտեմբեր 1916(1916-12-02)[1]
Ծննդավայր Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 12 Յունուար 1983(1983-01-12) (66 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան հիմնարկ[1]
Մասնագիտութիւն թատերագիր, դերասան
Աշխատավայր Գիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան պետական թատրոն
Վանաձորի դրամատիկական թատրոն?
Հրաչեայ Ղափլանեանի Անուան Տրամաթիքական Թատրոն
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն

Թաւատառ գրութիւն (2 Դեկտեմբեր 1916(1916-12-02)[1], Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 12 Յունուար 1983(1983-01-12), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), թատերագիր, դերասան[2], Խորհրդային Հայաստանի Վաստակաւոր արուեստագէտ։ 1953 թուականին դարձած է Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ։

Ծնած է ծնած է Կիւմրի: Փոքր տարիքէն զբաղած է թատրերգութեամբ։ 15 տարեկանէն՝ 1931-1934 թուականներուն, սկսած է բեմ բարձրանալ Կիւմրիի «Վարդան Աճէմեան» պետական թատրոնին մէջ, 1936-1940 թուականներուն Վանաձորի «Յովհաննէս Աբէլեան» պետական թատրոնին մէջ, իսկ 1944-1947 թուականներուն՝ Ստեփանաւանի թատրոնին մէջ:

Եաղջեան 1959 թուականին աւարտած է Խորհրդային Միութեան Գրողներու միութեան Մոսկուայի մէջ կազմակերպած գրական բարձրագոյն դասընթացքները եւ վերադառնալով Հայաստան՝ 1966-1982 թուականներուն, եղած է Երեւանի Տրամաթիքական թատրոնի գրական բաժնի վարիչը:

Թատրոնի կողքին Եաղջեան դեր ստանձնած է նաեւ ժապաւէններու մէջ։ 1941 թուականին նկարահանուած է «Սովետական լեզուի դասընթացք» ժապաւէնին մէջ:

Դերասանութեան կողքին զբաղած է նաեւ թատրերագրութեամբ։ Անոր առաջին թատրերգութիւնը՝ «Զոյա»ն առաջին անգամ ներկայացուած է 1942 թուականին Երեւանի եւ ապա այլ շրջաններու մէջ:

Ան աւելի ճանաչելի դարձած է 1949 թուականին իր հեղինակած «Վաճառուած տուն» թատերագրութեամբ, որուն յաջորդած են «Արեւածագին» (1950), «Ոսկի քաղաք» (1951), «Մարդը» (1953), «Կեանքի շեմին» (1954), «Գարնան շունչը» (1956) եւ այլ ներկայացումներ:

Թատերական գրքոյկներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անոր թատրերգութիւններէն շատեր հրատարակուած են առանձին գրքոյկներով, որոնցմէ են․

  • «Մոլորութիւն», Երեւան, 1956, 48 էջ,
  • Արեւածագին, Երեւան, 1957, 47 էջ,
  • «Կեանքի իրաւունքը», Երեւան, 1978, 352 էջ․ եւ ուրիշներ:

1954-ին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Վաստակաւոր արուեստագէտ կոչումին[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 8 — հատոր 8. — է. 114.
  2. «AV Production - Գրիգոր Եաղջեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-03-14-ին։ արտագրուած է՝ 2022-03-14 
  3. «ԳՐԻԳՈՐ ԵԱՂՋԵԱՆ (1916-1983)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-14