Jump to content

Գրի­­գոր Կեր­­կե­­­րեան

Գրի­­գոր Կեր­­կե­­­րեան
Ծնած է 1911
Մահացած է 1988
Մասնագիտութիւն պատմաբան

Հայր Գրիգոր Կերկերեան (1911 - 1988), հայ պատմաբան։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Կիւրին, Սեբաստիա: Ան եղած է իր ծնողներու 16 զաւակներէն ամենափոքրը եւ փրկուելով ստոյգ մահէ, աւագ եղբօր հետ կերպով մը հասած է Պէյրութ, ուր իր մանկութիւնը անցուցած է որբանոցի մէջ:

1925-ին ընդունուած է Զմմարի վանքի դպրատունը: 1930-ին, աւարտած է Պէյրութի Ս. Յովսէփի անուան համալսարանը, հուսկ, հետեւելէ ետք Հռոմի Լեւոնեան հիմնարկի Աստուածաբանութեան դասընթացքներուն։

1937-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն վարդապետ եւ հաստատուած Գահիրէ, ուր ձեռնարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դոկտորականի իր թեզի պատրաստութեան, ողջ կեանքը նուիրելով այդ նիւթի ուսումնասիրութեան: Իր հետազօտութիւններուն ընթացքին հանդիպած է քիւրտ Մուսթաֆա Փաշային (Նեմրութ Մուսթաֆա Փաշա), որ 1919-1922 եղած է երիտթուրք պաշտօնեաներու դատական գործերը քննող ռազմական առաջին դատարանի (Divani Harbi Օrfi) դատաւորներէն մէկը եւ նախընթաց ձերբակալութեան մը ենթարկուած ըլլալուն համար, վախնալով նոր ձերբակալումէ փախած էր Գահիրէ, երբ 1922-ին թուրք ազգայնականները գրաւած էին Պոլիսը:

Գրիգոր Կերկերեանի հանդիպումը Օսմանեան նախկին դատաւորին հետ բեկումնային եղած է[1]: Մուսթաֆա Փաշա իրեն հաղորդած է, թէ Պոլսոյ դատավարութեան փաստաթուղթերուն կարեւոր մէկ մասը կը պահուին Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին մէջ։ Կերկերեան այցելած է այս արխիւը եւ այդ տեղի նիւթերը ընդօրինակած է ժապաւէնի վրայ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։